Լեւոն ԺԴ. «Աւելի լաւ ապագայի մը համար՝ անհրաժեշտ է բնապահպանական աւելի մեծ պատասխանատուութիւն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Թրեվիզոյի թեմին մէջ տեղի ունեցող «Բնութեան պահպանման տեղեկատուութեան 17-րդ միջազգային համագումարին» առիթով, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ Պապը, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը իր հայրապետական օրհնութիւնն ու քաջալերանքի խօսքը յղեց համագումարի մասնակիցներուն։
«Կերտել ապագան միասնաբար. ապագայի ծարաւ նոր մարդկութիւն մը» խորագիրը կրող սոյն հաւաքին առնչութեամբ, Կարդինալ Փարոլին Պապին անունով հեռագիրը ուղղեց Թրեվիզոյի եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Թոմազիին։
Բնապահպանութեան պատասխանատուութիւնը՝ սիրտով եւ ձեռքերով
Իր պատգամին մէջ, Քահանայապետը բարձր գնահատեց արարչագործութեան խնամքին ուղղուած զօրակցական աշխատանքներն ու իրազեկման արշաւները։ Յղում կատարելով իր «Յուսոյ նոր քարտէսներ գծել» առաքելական նամակին, Սրբազան Պապը շեշտեց.
«Բնապահպանական պատասխանատուութիւնը չի սահմանափակուիր միայն արհեստագիտական տուեալներով։ Անոնք անհրաժեշտ են, բայց բաւարար չեն։ Հարկաւոր է դաստիարակութիւն մը, որ կը ներգրաւէ միտքը, սիրտը եւ ձեռքերը՝ որդեգրելով նոր սովորութիւններ, համայնքային կենցաղ եւ առաքինի գործելաոճ»։
Ներառական ապագայ մը՝ գալիք սերունդներուն համար
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ներկայ ճգնաժամերու դիմագրաւման ընթացքին կարելի ըլլայ ստեղծել յարգալից եւ ներառական ընկերային միջավայր մը, որպէսզի յաջորդող սերունդներուն համար երաշխաւորուի աւելի լուսաւոր ու ապահով ապագայ։
Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտեց վստահեցնելով Նորին Սրբութեան աղօթքը համագումարի յաջողութեան համար եւ փոխանցելով Առաքելական Օրհնութիւնը բոլոր ներկաներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
