Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապի Պատգամը Կոչումներու Համաշխարհային Օրուան առթիւ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կոչումը կը սահմանէ իբրեւ Աստուծոյ հետ մտերմութեան մէջ զարգացող «գեղեցիկ» ընթացք մը, որ կը հասուննայ լռութեան, աղօթքի եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան միջոցաւ։ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ հաւատացեալները, յատկապէս երիտասարդները, վստահիլ Տիրոջ ձայնին եւ Սուրբ Յովսէփի ու Տիրամօր օրինակով պատասխանել աստուածային սիրոյ ծրագիրին՝ կեանքը վերածելով պտղաբեր ու իմաստալից ծառայութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կոչումներու համար Աղօթքի 63-րդ Համաշխարհային Օրուան առթիւ, որ սովորաբար կը նշուի Զատկուայ Դ. Կիրակիին՝ «Բարի Հովիւի Կիրակիին», Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հրապարակեց պատգամ մը հրաւիրելով վերագտնելու կոչումի «ներքին ծաւալը»՝ զայն բնորոշելով իբրեւ Աստուծոյ ձրի պարգեւ, որ կը ծաղկի մարդու սրտի խորքին մէջ։

Նորին Սրբութեան պատգամին առանցքը կազմեց Յիսուսը իբրեւ «Գեղեցիկ Հովիւ» նշելով՛ որ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ Յիսուս Ինքզինք կը կոչէ «ὁ ποιմὴν ὁ καλός», որ կը նշանակէ կատարեալ, վաւերական եւ օրինակելի հովիւ։ Այս գեղեցկութիւնը սոսկ արտաքին չէ, այլ՝ սիրոյ զոհաբերութիւն, որովհետեւ Ան պատրաստ է Իր կեանքը տալու ոչխարներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը նշեց որ քրիստոնէական կոչումը կը նշանակէ հմայուիլ այս գեղեցկութեամբ եւ պայծառակերպուիլ անով ու կը մէջբերէ աստուածաբան Փաւել Ֆլորենսքիի միտքը, թէ ճգնողականութիւնը մարդը ոչ միայն «բարի», այլեւ «գեղեցիկ» կը դարձնէ, քանի որ սուրբերը կը ճառագայթեն Քրիստոսի լուսաւոր գեղեցկութիւնը։

Յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւններուն»՝ Լեւոն ԺԴ. կը շեշտէ ներքին կեանքի առաջնահերթութիւնը։ Աստուած մեր ներքինէն աւելի ներքին է եւ կոչումը կը ծնի այդտեղ։ Քահանայապետը կը յորդորէ հեռանալ աշխարհի խլացուցիչ աղմուկէն եւ ստեղծել լռութեան տարածքներ, որովհետեւ կոչումը երբեք պարտադրանք կամ կանխորոշուած կաղապար մը չէ, այլ՝ սիրոյ եւ երջանկութեան աստուածային ծրագիր։

Նորին Սրբութիւնը յատուկ կոչ ուղղեց ընտանիքներուն, թեմերուն եւ կրօնաւորներուն՝ ստեղծելու հոգեւոր այնպիսի միջավայրեր, ուր Աստուծոյ ձայնը կրնայ լսելի դառնալ եւ պտղաբերել։ «Կոչումը անձնական հանդիպում է, որ կը փոխէ կեանքը», կը հաստատէ Սրբազան Հայրը ու երիտասարդներուն կը յիշեցնէ Սամուէլի օրինակը, որ սորվեցաւ Տիրոջ ձայնը ճանչնալ Եղիի օգնութեամբ։ Ասիկա տեսական կամ մտաւորական գիտելիք չէ, այլ՝ կենդանի հաղորդակցութիւն։

Նորին Սրբութիւնը յատկապէս կը քաջալերէ երիտասարդները՝ կանգ առնելու Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան առջեւ եւ խոկալու Աստուծոյ Խօսքին շուրջ, որպէսզի յստակացնեն իրենց ուղին։ Քրիստոսի հետ մտերմութեան մէջ է, որ մարդ կը բացայայտէ իր տաղանդները եւ կը հասկնայ՝ ինչպէս պէտք է նուիրուի՝ ըլլայ այդ ամուսնութեան, քահանայութեան, թէ նուիրեալ կեանքի ճամբով։

Վստահութեան եւ Հասունութեան Ուղին

Պատգամին մէջ Քահանայապետը օրինակ կը բերէ Սուրբ Յովսէփը՝ Նազովրեցիի ատաղձագործը, որ վստահեցաւ Աստուծոյ ծրագիրին նոյնիսկ այն ատեն, երբ ամէն ինչ մութ ու անյայտ կը թուէր։ «Յովսէփը գիտցաւ արտասանել իր 'fiat'-ը (եղիցի)»,— նշեց Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով հաւատացեալները չընկրկիլ վախերու եւ ճգնաժամերու առջեւ։

Հասունութիւն

Կոչումը անշարժ վիճակ մը չէ, այլ Քրիստոսի հետ մտերմութեան եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան միջոցաւ զարգացող կենսական ընթացք մը։
Մեր կեանքը, որպէս որթատունկի ճիւղեր, պէտք է ամուր կապուած մնայ Տիրոջ հետ՝ փորձութիւններու ընդմէջէն Աստուծոյ կամքին աւելի լիարժէք պատասխանելու համար։

Կոչումը մէկ անգամ ընդմիշտ տրուած պարգեւ մը չէ, այլ Աստուծոյ հետ ամենօրեայ կապով սնանող ու զարգացող ընթացք մը, որ մեր կեանքին իմաստ կու տայ, նշեց Սրբազան Հայրը քաջալերելով մտիկ ընելու տիորջ աղօթքի եւ Սուրբ Գիրքին սերտողութեան միջոցաւ, որպէսզի կոչումը հասուննայ ու առատ պտուղներ բերէ աշխարհին

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՝աւարտէ հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի մշտական ուղեկցի ըլլայ բոլոր անոնց որոնք կը փնտռեն իրենց կեանքի իսկական երջանկութիւնը Բարի Հովիւին ցոյց տուած գեղեցիկ ուղիին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2026, 11:41