Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Հիւրընկալութիւնը՝ ներկայութեան եւ խնամակալութեան սիրոյ վկայութիւն»

Լեւոն ԺԴ. Պապը «Հիւրընկալութեան Աթոռ»-ի մասնակիցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտեց «ներկայութեան» եւ «խնամակալութեան» կարեւորութիւնը՝ յատկապէս երիտասարդներու հետ տարուող աշխատանքին մէջ։ Քահանայապետը յորդորեց ըլլալ հիւրընկալութեան դաստիարակներ, որոնք Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ կը նպաստեն եղբայրութեան եւ հաղորդութեան ամրապնդման թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ հասարակութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 12 մարտ-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Հիւրընկալութեան Աթոռ»-ի (Cattedra dell’accoglienza) չորրորդ հաւաքի մասնակիցները։

Նշենք թէ «Հիւրընկալութեան Աթոռը» (La Cattedra dell'Accoglienza) կրթական եւ երկխօսութեան կարեւոր ձեռնարկ մըն է, որ հիմնուած է 2022-ին, Սաքրոֆանոյի (Հռոմ) «Fraterna Domus» կեդրոնին մէջ ու կը քաջալերէ համերաշխութեան մշակոյթը, ներառականութիւնը եւ հիւրընկալութեան արուեստը։

Նորին Սրբութիւնը փոխանցած պատգամին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնէական հիւրընկալութիւնը հիմնուած է ոչ միայն անձնական հանդիպումներու, այլեւ՝ ուրիշին հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան վրայ։

Մարդոց միջեւ կապ ստեղծելը

«Ձեր այս օրերը կ'առաջնորդուին այն գիտակցութեամբ, թէ քրիստոնէական կոչումը միտուած է մարդոց միջեւ հաղորդութիւն ստեղծելու, իսկ հաղորդութիւնը կը ծնի ուրիշները ընդունելու կարողութենէն՝ ունկնդրութիւն, հիւրընկալութիւն եւ օժանդակութիւն մատուցելով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ան ապա յատուկ ուշադրութեան հրաւիրեց երիտասարդներու հետ աշխատանքը՝ զանոնք որակելով որպէս եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան «կենսունակ ներկան»։

«Մշակութային եւ ընկերային խոր փոփոխութիւններով անցնող ժամանակաշրջանի մը մէջ, երիտասարդները, որոնք բնականաբար հասարակութեան եւ Եկեղեցւոյ ապագան են, իրականութեան մէջ արդէն կը կազմեն անոնց կենսունակ եւ ստեղծագործ ներկան։ Անոնց հարցումներն ու յուզումները, արդարեւ, կը հրաւիրեն վերանորոգելու մեր յարաբերութեան ոճը։ Երիտասարդ մարդիկ ընդունիլ կը նշանակէ, նախ եւ առաջ, ականջ տալ անոնց ձայներուն, հանդիպիլ անոնց հայեացքներուն եւ ճանչնալ, որ անոնց կեանքին ու լեզուներուն մէջ Սուրբ Հոգին կը շարունակէ գործել եւ մեզի թելադրել ներկայութեան ու խնամակալութեան նորոգուած ուղիներ», ըսաւ Ան

Ներկայութիւն եւ խնամակալութիւն

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց «ներկայութիւն» եւ «խնամակալութիւն» բառերու վրայ՝ իբրեւ հիւրընկալութեան երկու անբաժանելի սիւները. ներկայ ըլլալ՝ կը նշանակէ կիսել ժամանակն ու փորձառութիւնը, իսկ խնամել՝ կը նշանակէ հոգ տանիլ միւսին՝ հետեւելով Սուրբ Յովսէփի օրինակին։

Հաւատքի կեանքին մէջ երբեմն կը զգանք, թէ Յիսուս «կորսնցուցած» ենք, բայց իրականութեան մէջ մենք ենք, որ հեռացած ենք։ Այդ պահերուն կոչուած ենք վստահութեամբ եւ քաջութեամբ որոնելու զԱյն՝ դուրս գալով մեր սեփական պատկերացումներու սահմաններէն։ Յիսուսը որոնելը կը նշանակէ հրաժարիլ մեր անձնական համոզումներէն եւ պատրաստ ըլլալ հանդիպելու Աստուծոյ այնտեղ, ուր Ան կը բնակի՝ ճանչնալով Անոր ներկայութիւնը, որ միշտ մեր ակնկալածէն «անդին» է։

Կոչ՝ դառնալու «դաստիարակներ»

Սուրբ Յովսէփի օրինակով կը տեսնենք, որ հիւրընկալութիւնը նոյնքան «խնամակալութիւն» է, որքան «ներկայութիւն»։ Այս աստուածատուր կեցուածքը մեզ կը պարտաւորեցնէ պահպանելու մեր յարաբերութիւնները, արարչագործութիւնը եւ յատկապէս տկարներու կեանքը։ Սուրբ Յովսէփ մեզի կը սորվեցնէ, որ ներկայ ըլլալը եւ խնամելը անբաժանելի են՝ քանի որ չես կրնար հոգ տանիլ ուրիշին, եթէ անոր կողքին չես, եւ չես կրնար ներկայ ըլլալ՝ առանց զինք պատասխանատուութեամբ ընդունելու։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց կատարած լուռ աշխատանքին համար՝ քաջալերելով դառնալու հիւրընկալութեան դաստիարակներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 12:01