Ամազոնիա Ամազոնիա  (©CEAMA )

Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամը Ամազոնի Եկեղեցական Համաժողովի հաւաքի մասնակիցներուն։

Լեւոն ԺԴ. Պապը, ողջունելով Ամազոնի Եկեղեցական համաժողովի մասնակիցները, շեշտեց տարածաշրջանի բնապահպանական ու ընկերային մարտահրաւէրներուն դիմաց «Ամազոնեան դիմագիծով» եւ մշակոյթանացած Եկեղեցի մը կերտելու հրամայականը։ Գործածելով Շիհուահուաքօ հսկայ ծառին եւ Չարչարանքի ծաղկին պատկերները՝ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց հաւատացեալները ըլլալ կեանքը պաշտպանող ապահով հանգրուան եւ Քրիստոսի սիրոյն վստահութեամբ շարունակել իրենց առաքելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 17 մարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Ամազոնեան տարածաշրջանի Եկեղեցական համաժողովի վեցերորդ ընդհանուր հաւաքի մասնակիցները։

Նշենք, թէ «Ահա նոր բան մը պիտի ընեմ. հիմա պիտի բուսնի, չէ՞ք գիտեր» (Ես. 43,19) կարգախօսով Ամազոնի Եկեղեցական Համաժողովի (CEAMA) վեցերորդ ընդհանուր հաւաքը տեղի կ’ունենայ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի (CELAM) կեդրոնատեղիին մէջ՝ շեշտելու համար ամազոնեան գործընթացի մայրցամաքային ընթացքը:

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց տարածաշրջանի բնապահպանական ու ընկերային մարտահրաւէրները՝ զանոնք կապելով Աւետարանի սիրոյ պատգամին հետ ու Իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Համագումարի նպատակներուն շարքին է Սինոդական Հովուական ծառայութեան Հորիզոններու ձեւաւորումը, որոնք կրնան օգտակար գործիք մը ըլլալ ուղղորդելու համար քարոզչութիւնը «այն Աստուծոյ, որ անսահմանօրէն կը սիրէ իւրաքանչիւր մարդ էակ, եւ որ այդ սէրը լիովին յայտնեց Քրիստոսի մէջ» ու նաեւ յիշեցուց 2026-2030 շրջանի նոր նախագահութեան ընտրութեան կարեւորութիւնը, որ պիտի առաջնորդէ եկեղեցին դէպի 2028-ի Հռոմի Մեծ Համագումարը։

Շիհուահուաքօ Ծառը որպէս Խորհրդանիշ

Լեւոն ԺԴ. Պապը գործածեց տպաւորիչ պատկեր մը՝ զայն համեմատելով Ամազոնիայի հսկայ Շիհուահուաքօ (Shihuahuaco) ծառին հետ։

«Ինչպէս այդ հսկան, որ դանդաղ կ’աճի բայց հազար տարի կ’ապրի ու կեանքի ապաստան կը դառնայ հարիւրաւոր տեսակներու համար, այնպէս ալ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալ միութեան նշան եւ ապահով հանգրուան, որ կը պաշտպանէ ու կը ծնի կեանքը»։

Չարչարանքի ծաղիկը եւ մարգարէական դերը

Անդրադառնալով համաժողովի խորհրդանիշին՝ Passiflora-ին (Չարչարանքի ծաղիկ), Քահանայապետը նշեց, որ այն կը ներկայացնէ Քրիստոսի չարչարանքը եւ Եկեղեցւոյ մարգարէական դերը։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր Ամազոնիան կը տառապի շահագործումէ եւ բնական միջավայրի վատթարացումէ, Եկեղեցին պէտք է ըլլայ «աղքատներու հետ քալող եւ փոքրերուն տեղ տուող» հաստատութիւն մը։

«Հետեւաբար, կը հրաւիրեմ ձեզ աշխատելու Քրիստոսի մէջ արմատացած հաւատքի վստահութեամբ, որ մեզի կը կրկնէ. «Ես քեզ սիրեցի» (Յայտ. 3,9), որովհետեւ Յիսուսի այս աստուածամարդկային սէրն է, որ մեզ կը վերափոխէ նոր տղամարդոց եւ կիներու։ Այս սէրը, որուն շուրջ կը խորհրդածենք աղօթքի մէջ, մեզ կը մղէ առաքելութեան մէջ պատասխանելու առատաձեռնութեամբ եւ քաջութեամբ։»

Պապը վերահաստատեց «Ամազոնեան դիմագիծով» Եկեղեցի մը կերտելու անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով հաւատքի մշակոյթանացման կարեւորութիւնը, մատնանշելով՛ որ սա դժուար բայց անհրաժեշտ ուղի է, որպէսզի Քրիստոսի խորհուրդը արտայայտուի տեղական արժէքներով եւ աւանդութիւններով։

Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ Պապը օրհնեց մասնակիցները՝ քաջալերելով զանոնք շարունակել ցանել յոյսի սերմերը այն հողին վրայ, որ արդէն իսկ ջրուած է բազմաթիւ նահատակներու արիւնով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2026, 11:38