Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

«Ո՞վ է իմ մերձաւորը». Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը՝ անտարբերութեան դէմ եւ ի նպաստ հիւանդներու խնամքին

Լեւոն ԺԴ. Պապը «Այսօր ո՞վ է իմ մերձաւորս» համագումարին մասնակիցներուն ուղղած պատգամին մէջ շեշտեց, որ առողջապահութիւնը ոչ թէ շքեղութիւն է, այլ բարոյական հրամայական, որ պէտք է հասանելի ըլլայ յատկապէս ամենատկարներուն։ Ան կոչ ուղղեց յաղթահարելու անտարբերութեան մշակոյթը եւ Բարի Սամարացիի ոգիով տէր կանգնելու դիմացինին մարդկային արժանապատուութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, մարտ 18-ին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Այսօր՝ ո՞վ է իմ մերձաւորս» խորագիրով համագումարի մասնակիցները՝ կազմակերպուած Եւրոպայի եպիսկոպոսաց խորհուրդներուն համաժողովին եւ Առողջապահական համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ, նպատակ ունենալով քննարկել Եւրոպայի մէջ առողջանահաան անհաւասարութիւնները եւ մարդկային մեկուսացման խնդրիները։

Առողջութիւնը շքեղութիւն չէ, այլ բարոյական հրամայական

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ վերջին շրջանին Եւրոպայի մէջ աճող անհաւսարութեան, ուր աղքատութեան եւ առանձնութեան մէջ ապրող անհատները կը զրկուին տարրական խնամքէ։

«Առողջութեան պաշտպանութիւնն ու խնամքը պէտք է հասանելի ըլլան ամենատկարներուն, որովհետեւ ատիկա կը պահանջուի իրենց արժանապատուութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ կանխելու համար, որ անարդարութիւն մը հակամարտութիւններու սերմ դառնայ»։

Հոգեկան առողջութիւն եւ երիտասարդութիւն

Նորին Սրբութիւնը ուշադրութեան հրաւիրեց հոգեկան առողջութեան վրայ, յատկապէս երիտասարդ սերունդին մօտ, նկատել տալով որ «հոգիին անտեսանելի վէրքերը» նուազ ծանր չեն քան մարմնականները, եւ անոնց դիմագրաւումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն։

«Ո՞վ է իմ մերձաւորս»

Մեկնելով Ղուկասի Աւետարանէն, Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց Բարի Սամարացիի առակը՝ քննադատելով այսօրուան «անտարբերութեան մշակոյթը»։

«Այսօրուան թեմային կեդրոնը գտնուող հարցումը, քաղուած Ղուկասու Աւետարանէն (Ղուկ՝ 10,29), բոլորիս կ’ուղղուի. ո՛չ թէ ինքնարդարացման համար, ինչպէս ըրաւ օրինականը, այլ՝ թոյլ տալու, որ այդ հարցումը մեզ ամբողջութեամբ քննէ։ Այդ հարցումը միշտ այժմէական է եւ չունի մէկ ու միակ պատասխան, այլ իւրաքանչիւրէն կը պահանջէ պատասխանել գործնական եւ յստակ կերպով։ Հետեւաբար, կրնանք հարց տալ մեզի. ինծի համար, կեանքիս այս հանգրուանին, ո՞վ է մերձաւորը։ Մեր ապրած տարբեր իրավիճակներուն մէջ պատասխանները տարբեր են. սակայն այն ինչ որ անփոփոխ է՝ դէպի դիմացինը, յատկապէս դէպի տառապեալը երթալու հրաւէրն է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա շեշտը դրաւ մարդկային պատասխանատուութեան եւ հաւաքական խղճի վրայ՝ մէջբերելով Ծննդոց գիրքի Կայէնի ու Աբէլի պատմութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անհատ կոչուած է ըլլալու իր «եղբօր պահապանը» եւ պաշտպանելու դիմացինին մարդկային արժանապատուութիւնը։

Անտարբերութիւնը՝ չարիքի դաշնակից

Յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի «Fratelli tutti» շրջաբերականին, Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց «ճամբու աւազակներու» եւ անոնց միջեւ եղած գաղտնի դաշինքին մասին, որոնք «երես կը դարձնեն» տառապանքէ, նշելով որ սովորութիւն դարձած անտարբերութիւնը կը քանդէ հասարակութեան հիմքերը, յորդորելով  յատուկ ուշադրութեամբ նայիլ անոնց, որոնք այսօր կը սեպուին որպէս «թափօն» կամ լուսանցքի վրայ մնացած։

Եկեղեցւոյ դերը եւ Համաշխարհային Համերաշխութիւն

Պապը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որ լոկ բարեսիրութիւն չէ, այլ՝ համաշխարհային եղբայրութեան ծառայութիւն ու  կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցելով պայքարիլ առողջապահական անհաւասարութեան դէմ։

Լեւոն ԺԴ. Պատգամը աւարտեց ըսելով «Մեր քրիստոնէական կեանքի մէջ երբեք պէտք չէ պակսի սամարացիի այդ քաջարի եւ ներառական ոգին»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2026, 10:09