Որոնել

2026.03.11 parrocchia del Sacro Cuore a Ponte Mammolo

Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութիւնը Փոնթէ Մամմոլոյի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ եկեղեցի

Այս պիտի հանդիսանայ Սրբազան Պապին Հռոմի Ժողովրդապետութիւններուն կատարած հինգերորդ հովուական այցելութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի, 15 Մարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Թեմի Փոնթէ Մամմոլոյի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութիւնը։ Այս պիտի հանդիսանայ Անոր Հռոմի Ժողովրդապետութիւններուն կատարած հինգերորդ հովուական այցելութիւնը։

Պապին ժամանումը նախատեսուած է մօտաւորապէս ժամը 16-ին։ Ժողովրդապետութեան բակին մէջ Ան պիտի դիմաւորուի պատանիներու, երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կողմէ։ Այնուհետեւ Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Ժողովրդապետութեան տարբեր խումբերու՝ հիւանդներու, աղքատներու եւ անտուններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կ՛ օգտուին ծխական համալիրին մէջ գտնուող ծառայութիւններէն, որոնց հոգատարութիւնը յանձն առած են ՝ Քարիթասի եւ Սանթ Էճիտիոյ համայնքի կամաւորները։

Ժամը 17-ին Սրբազան Պապը պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը, որուն հետ կը համապատարագէն Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Պալտօ Ռէյնա եւ Գերապ. Մարքօ Վալենթի, ինչպէս նաեւ Ժողովրդապետ Հայր Ֆրանսիս Ռեֆալոյի եւ շրջանի քահանաները։

Արարողութեան աւարտին Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ ծխական հովուական խորհուրդին եւ ծուխին մէջ ծառայող քահանաներուն հետ։

Այնուհետեւ Ան նախ քան Վատիկան վերադառնալը Եկեղեցւոյ մուտքին կ՛ ողջունէ հաւատացեալները։

«Սրբզան Պապին այցելութեան լուրը մեծ յուզում յառաջացուց համայնքին մէջ», նշեց ծխական քահանայ Հայր Ֆրանսիս Ռեֆալօն, որ Մալթայէն է եւ բոլորը զինք սիրով կը կոչեն «Տոն Ֆրանց»։

«Շատ մարդիկ, նոյնիսկ անոնք` որոնք միշտ չէ որ կը մասնակցին ծխական կեանքին, ուզեցին օգնել. շատերու մէջ նոր կրակ մը վառուեցաւ» աւելցուց Ան։

Ծխական տարածքին մէջ կը գտնուի նաեւ մօտակայ Ռեպիպիայի բանտը, իրականութիւն մը` որուն հետ համայնքը ունի յատուկ հովուական հոգածութիւն։ «Բանտարկեալ եղբայրներուն մօտ ըլլալը մեր ծուխին յատուկ կոչումն է», կը շեշտէ քահանան՝ յիշեցնելով նաեւ այն ցանկութիւնը՝ փոքր բնակարաններ պատրաստելու այն անձերուն համար, որոնք բանտէն ժամանակաւոր արձակուրդ կը ստանան։

Ժողովրդապետութիւնը նաեւ ներգրաւուած է տարեցներու, հիւանդներու եւ երիտասարդներու հոգատարութեան մէջ, մանաւանդ այն իրողութեան համար որ տարածքին մէջ կը բնակին բազմաթիւ օտարերկրացիներ՝ յատկապէս Լատին Ամերիկայէն, մասնաւորաբար Փերուէն, բայց նաեւ ասիական երկիրներէն՝ ինչպէս Ֆիլիփիններ, Պանկլատէշ եւ Փաքիստան։

Այս բազմազգ համայնքի նշաններուն մէջ է նաեւ այն, որ Պատարագի ընծայաբերութեան ընթացքին պիտի մասնակցի փերուէն ընտանիք մը, որ ամէն օր կը յաճախէ ծուխը։ Անոնց 12-ամեայ աղջիկը Զատկական գիշերուան հսկման ժամանակ պիտի ստանայ քրիստոնէական սկզբնական խորհուրդները։

Բացի այդ, ծուխը բազմատեսակ նախաձեռնութիւններով կ’աջակցի ներգաղթեալներուն՝ ինչպէս ունկնդրութեան կեդրոնը եւ օտարներու համար իտալերէնի դպրոցը, որ արդէն քսան տարիէ ի վեր կը գործէ եւ կը նպաստէ ոչ միայն ընդելուզման, այլ նաեւ մարդկային եւ համայնքային ուղեկցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 14:21