«Աստուած միշտ լոյս, յոյս եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, ան չի կրնար խաւարի կողմէ ծառայութեան կանչուիլ» Լեւոն ԺԴ.

Փոնթէ Մամմոլոյի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. շեշտեց խաղաղութեան ի սպաս երկխօսութեան անյապաղ հրատապութիւնը, «մինչ այսօր կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն Աստուծոյ անունը ներգրաւել մահաբեր որոշումներու մէջ»։ Ի ծնէ կոյր մարդուն բժշկութեան աւետարանական հատուածը մեկնաբանելով՝ Ան հրաւիրեց ունենալ նախապաշարումներէ ազատ հայեացք մը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր աշխարհի մէջ մեր շատ եղբայրներ եւ քոյրեր կը տառապին բռնի հակամարտութիւններու պատճառով, որոնք կը ծագին այն անհեթեթ պահանջէն, թէ կարելի է խնդիրներն ու տարաձայնութիւնները լուծել պատերազմով, մինչդեռ անհրաժեշտ է անդադար երկխօսութիւն` խաղաղութեան համար։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք նոյնիսկ կը փորձեն Աստուծոյ անունը ներգրաւել այս մահաբեր ընտրութիւններուն մէջ, բայց Աստուած չի կրնար խաւարին կողմէ ծառայութեան կանչուիլ։ Ընդհակառակը, ան միշտ կու գայ մարդութեան լոյս, յոյս եւ խաղաղութիւն պարգեւելու, եւ խաղաղութիւնն է, զոր պէտք է որոնեն անոնք, որոնք անոր կը դիմեն»։ Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերն են ասոնք` զոր Ան արտասանեց Հռոմի Փոնթէ Մամմոլօ շրջանին մէջ գտնուող Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Ժողովրդապետութեան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը։ 

Քահանայապետը Ժողովրդապետութիւն ժամանած էր Կիրակի 15 Մարտի կէսօրէն ետքը ժամը չորսի ժամանակները, ուր ժողովրդապետութեան մարզադաշտին մէջ դիմաւորուած էր մանուկներու ու պատանիներու կողմէ անոնց հետ ունենալով հակիրճ զրոյց մը ապա փոխադրուած էր Ժողովրդապետութեան Սրահ, ուր հանդիպած էր տարեցներուն ու հիւանդներուն հետ, որմէ ետքը պատարագ մատուցեց Ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյ մէջ։

/content/dam/vaticannews/agenzie/images/srv/2026/03/15/2026-03-15-visita-pastorale-alla-parrocchia-sacro-cuore-di-gesu-/1773593772730.JPG
/content/dam/vaticannews/agenzie/images/srv/2026/03/15/2026-03-15-visita-pastorale-alla-parrocchia-sacro-cuore-di-gesu-/1773593772730.JPG   (@Vatican Media)

Քրիստոս կու գայ բերելու աւելի հզօր լոյս մը

«Այս կիրակի օրուայ պատգամը հետեւեալն է.․ մարդը որեւէ անդունդի մէջ ալ ինկած ըլլայ իր մեղքերուն պատճառով, Քրիստոս կու գայ բերելու աւելի հզօր լոյս մը, որ կրնայ ազատել զինք չարին կուրութենէն, որպէսզի ան նոր կեանք մը սկսի» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր քարոզը եւ մեկնաբանելով օրուան աւետարանը ուր Յովհաննէս Աւետարանիչը կը պատմէ Յիսուսին եւ ի ծնէ կոյրին միջեւ հանդիպումի եւ բժշկութեան դրուագը որով Քրիստոս զինք ազատեց չարի կուրութենէն եւ առիթ տուաւ նոր կեանք մը սկսիլ։

Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ
Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ   (@Vatican Media)

Յաղթահարել նախապաշարումները

Քահանայապետը առ այդ շեշտը դրաւ Աստուծոյ աչքերով տեսնելու կարողութեան վրայ, որ ըսաւ Ան, կը նշանակէ ամէնէն առաջ յաղթահարել նախապաշարումներն անոր` որ տառապող մարդու մը նայելով կը տեսնէ միայն արհամարհանքի արժանի անձ մը, կամ խնդիր մը, որմէ խուսափիլ, փակուելով եսասիրական անհատականութեան զրահապատ աշտարակին մէջ։

Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ արարածին արժանապատւութիւնն ու գեղեցկութիւնը

«Շատ անգամ կը լսենք նախադասութիւններ` որով կ՛ըսուի, թէ երբ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար բարեկամները շատ էին, բայց փորձանքի ժամանակ անոնք անհետացան», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս մէկը սակայն Յիսուսին պարագան չէ, Ան կոյրին կը նայի սիրով, ոչ թէ որպէս ստորադաս էակ կամ անհանգստացնող ներկայութիւն, այլ որպէս օգնութեան կարիքը ունեցող սիրելի անձնաւորութիւն։ Այսպիսով անոնց հանդիպումը առիթ կը դառնայ, որպէսզի յայտնուի Աստուծոյ գործը», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով այդ հրաշքին միջոցաւ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ արարածին արժանապատւութիւնն ու գեղեցկութիւնը, կազմուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ կոյրը վերագտնելով տեսողութիւնը կը դառնայ լոյսին վկան։

Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ
Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ   (@VATICAN MEDIA)

Ոչ մէկ օրէնք, նոյնիսկ շաբաթ օրը, կարող է խոչընդոտել սիրոյ գործը

«Բուժուած կոյրը պէտք է մեծ ջանք գործադրէ նոր կեանքին յարմարելու համար,․ ան պէտք է սորուի ճանչնալ գոյները, ձևերը և մարդոց հետ յարաբերութիւնները։ Սակայն ան կը հանդիպի թշնամանքի և անհասկացողութեան. նոյնիսկ անոր ծնողները չեն համարձակիր պաշտպանել զինք։ Յետագայ հարցաքննութեան ընթացքին, հրաշքի փոխարէն, առաւելապէս կը մեղադրուի նաեւ Յիսուսը՝ զինք շաբաթ օրով բուժած ըլլալուն համար» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, դիտել տալով, թէ այս մէկը կը բացայայտէ «ֆիզիկական կուրութենէն աւելի ծանր կուրութիւն՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը տեսնելու անկարողութիւնը»։

Մարդիկ կը նախընտրեն կանոններու ձևական պահպանումէն բխող անվտանգութիւն։ Սակայն Յիսուս ցոյց կու տայ, որ ոչ մէկ օրէնք, նոյնիսկ շաբաթ օրը, կարող է խոչընդոտել սիրոյ գործը։

Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ
Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ   (@Vatican Media)

Մենք ալ կրնանք «կոյր» ըլլալ երբ չենք նկատեր ուրիշներու կարիքները

«Շաբաթ օրուայ իմաստը (և քրիստոնեաներուն համար՝ կիրակին՝ Տիրոջ օրը) կեանքը որպէս պարգև տօնախմբելն է և անտարբեր չմնալ է տառապող եղբօր ու քրոջ օգնութեան աղաղակի նկատմամբ» հաստատեց Քահանայապետը բացատրելով, որ երբեմն մենք ալ կրնանք «կոյր» ըլլալ, երբ չենք նկատեր ուրիշներու կարիքները։ Սակայն Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ այլ կերպով ապրելու՝ հետեւելով առաջին քրիստոնէական համայնքին օրինակին, ուր հաւատացեալները միասին կ՛աղօթէին եւ ուրախութեամբ ու սրտի պարզութեամբ ամէն բան կը բաժնէին իրարու հետ։

Հակառակ դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն՝ անոնք չէին յանձնուիր եւ․ Մկրտութեան պարգեւով զօրացած՝ կը ջանային ապրիլ որպէս նոր արարածներ՝ հաղորդութեան եւ խաղաղութեան մէջ բոլորին հետ, իսկ համայնքին մէջ կը գտնէին ընտանիք մը, որ իրենց կ՜ընկերանար եւ թիկունք կը կանգներ։

Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ
Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ   (ANSA)

Շարունակեցէք այսպէս նուիրումով ընթանալ ձեր ճանապարհին վրայ

«Սիրելինե՛ր, ասոնք են այն պտուղները, որոնք մենք կոչուած ենք տալու որպէս լոյսի զաւակներ (տե՛ս Ա Թես. 5,4-5)։ Ձեր ժողովրդապետութիւնը մօտ իննսուն տարիներէ ի վեր հաւատարիմ կերպով կ՛ապրի այս առաքելութիւնը, յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելով աղքատութեան, մեկուսացման եւ արտակարգ վիճակներու մէջ գտնուողներուն նկատմամբ, նաեւ ուշադրութիւն դարձնելով իր տարածքին մէջ գտնուող Ռեպիպիայի բանտին ներկայութեան, եւ բազում այլ նշաններով արտայայտելով զգայունութիւն եւ զօրակցութիւն։ Գիտեմ, թէ դուք կ՛օգնէք բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք ուրիշ երկիրներէ եկած են, որպէսզի հոս տեղաւորուին՝ լեզուն սորվին, արժանապատիւ բնակարան գտնեն եւ ազնիւ ու ապահով աշխատանք ունենան» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով թէ թէեւ «դժուարութիւնները չեն պակսիր իրենք մեծ ջան կը դափեն որքան կ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները՝ Քարիթասի ծառայութիւններու, դժուարութեան մէջ գտնուող կիներու եւ մայրերու ընդունման համար նախատեսուած ընտանիք-տուներուն եւ բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններուն միջոցաւ»։

Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ
Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ   (@VATICAN MEDIA)

Աստուծոյ դիմագիծը սէր է

«Նաեւ ծանօթ է ինծի այն կենսունակութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը, որով դուք կը նուիրուիք երիտասարդներու եւ պատանիներու դաստիարակութեան՝ զբօսավայրերու եւ կրթական այլ առաջարկներու միջոցաւ» յարեց Սրբազան Պապը եւ մէջբերեց Սուրբ ՕգոստինոսիՆ խօսքերը որ սէրը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ դիմագիծը զոր քրիստոնեաները կանչուած են ցոլացնելու աշխարհին մէջ. Սէր որ կը քալէ դէպի Եկեղեցի, կ՛օգնէ աղքատներուն եւ կը ճանչնայ ան որ կարիքի մէջ է։

«Սիրելինե՛ր, ահա այն լոյսի պարգեւը, որ ձեզի վստահուած է, որպէսզի զայն աճեցնէք ձեր մէջ եւ ձեր միջեւ իր ամբողջ քաղցրութեամբ եւ տարածէք աշխարհին մէջ՝ աղօթքով, խորհուրդներուն մասնակցութեամբ եւ սիրոյ գործերով։ Շարունակեցէք այսպէս նուիրումով ընթանալ ձեր ճանապարհին վրայ» խրախուսեց Նորին Սրբութիւնը ապա հայցեց որ «Յիսուսին Սուրբ Սիրտը, որուն նուիրուած է ժողովրդապետութիւնը, թող աւելի ու աւելի կերտէ եւ պահէ այս գեղեցիկ համայնքը, որպէսզի, Քրիստոսի նոյն զգացումներով (տե՛ս Փիլ. 2,5), ուրախութեամբ եւ նուիրումով ապրի եւ վկայէ այն շնորհքի գանձը, զոր դուք ստացած են»։

Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ
Սրբազան Պապի պատարագը Փոնթէ Մամմոլոյի ժողովրդապետութեան մէջ   (@Vatican Media)

Յայտնենք` որ Սուրբ Պատարագի  աւարտին Քահանայապետը հանդիպում ունենցաւ նաեւ ծխական հովուական խորհուրդին եւ ծուխին մէջ ծառայող քահանաներուն հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2026, 18:10