Ընտրեցէ՛ք միշտ բարին, եղէ՛ք խաղաղութեան կերտողներ. Լեւոն ԺԴ «Համբարձման» ժողովրդապետութեան ընտանիքին

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մտահոգութեամբ անդրադարձաւ միջազգային կացութեան, ցաւ արտայայտելով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ի տես։ Պատերազմին դիմաց ան վճռակամութեամբ շեշտեց, թէ բռնութիւնը երբեք ճիշդ ընտրութիւն չէ․ հարկ է աղօթել խաղաղութեան համար եւ նուիրուիլ երկխօսութեան ու հաշտութեան ուղիին։
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրր

Ռոպէր. Աթթարեան - Վատիկան

Տօնական, եղբայրական եւ յոյսով լի մթնոլորտի մը մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը Կիրակի մէկ մարտի յետմիջօրէի ժամը չոսրի ժամանակները ժամանեց Հռոմի «Քուարթիչչոլօ» շրջանի մէջ գտնուող Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման նուիրուած եկեղեցի, որպէս Զատիկէն առաջ Հռոմի Թեմի ժողովրդապետութեան մը կատարած իր երրորդ այցելութիւնը։

Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (@Vatican Media)

Նախ քան ժողովրդապետութեան մէջ մատուցած պատարագը Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ ծուփի մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ ինչպէս նաեւ տարեցներուն ու հիւանդներուն հետ։

Այս առիթով իր արտասանած առաջին խօսքերէն Քահանայապետը իր ուրախութիւնն ու խորին երախտագիտութիւնը արտայայտեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ անուանումին յայտնելով որ Յիսուս, որ իր երկինք համբարձումով, իր հետ կը տանի մարդկութեան լաւագոյն մասը։

Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (@Vatican Media)

«Այս պատկերն իսկ կը դառնայ գործնական առաքելութիւն իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար՝ աշխարհին մէջ տարածելու բարին, սէրը եւ Աստուծոյ լոյսը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը եւ անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչու գոյութիւն ունի չարը, յիշեցուց, որ մարդը ազատ է եւ կրնայ ընտրել բարին կամ չարը, ընդգծելով` որ «այս ազատութիւնը մեծ պարգեւ մըն է, սակայն կը բերէ պատասխանատուութիւն»։ Ասկէ մեկնելով ան հրաւիրեց բոլորը՝ սկսեալ երեխաներէն, ամէն օր ընտրելու բարին՝ փոքր ժեստերով հնազանդութեան, քաղցրութեան եւ գթութեան արարքներով։ Միայն այսպէս, հաստատեց Ան, կարելի է փոխել աշխարհը։

Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. հուսկ յատուկ կոչ մը ուղղեց երիտասարդներուն, որոնք կանչուած են ըլլալու քաջ վկաներ եւ օրինակ իրենց հասակակիցներուն համար։ Եկեղեցին, Իտալիան եւ աշխարհը — ըսաւ ան — կարիքը ունին երիտասարդներու խանդավառութեան եւ վկայութեան՝ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մտահոգութեամբ անդրադարձաւ միջազգային կացութեան, ցաւ արտայայտելով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ի տես։

Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (@VATICAN MEDIA)

Պատերազմին դիմաց ան վճռակամութեամբ շեշտեց, թէ բռնութիւնը երբեք ճիշդ ընտրութիւն չէ․ հարկ է աղօթել խաղաղութեան համար եւ նուիրուիլ երկխօսութեան ու հաշտութեան ուղիին։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց առ այդ երեխաները միշտ ընտրելու բարին՝ խօսքերով, ծնողներուն հանդէպ հնազանդութեամբ եւ փոքր բարի գործերով, որովհետեւ իւրաքանչիւր արարք պէտք է նպաստէ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ բարեկամութեան։ Որպէս Յիսուսի աշակերտներ՝ կոչուած ենք կառուցելու խաղաղութիւնը մեր աշխարհին մէջ ըսաւ ան ու անդրադարձաւ այն բազմաթիւ երեխաներու ողբերգական վիճակին, որոնք կը տառապին ընտանիքի, տան եւ սնունդի պակասէն՝ յատկապէս յիշելով Կազայի կացութիւնը, ուր շատեր կորսնցուցած են իրենց ծնողներն ու դպրոցը։

Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (@Vatican Media)

Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ կախուածութիւններու մասին, յատկապէս թմրամոլութեան մասին, զոր բնորոշեց որպէս «չարիք զոր պէտք է միշտ մերժել»։

Քահանայապետը քաջալերեց ըսելու «ոչ» ամէն ինչի, որ կը կործանէ, եւ «այո» ամէն ինչի, որ կը նպաստէ կեանքին, առողջութեան եւ բարեկամութեան։

Լեւոն ԺԴ. խօսքը աւարտեց հրաւէրով՝ ներկաները ու Ժողովրդապետութեան համայն ընտանիքը` դառնալու լոյս թաղամասին մէջ եւ Աստուծոյ սիրոյն կենդանի վկայութիւն։

Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (@VATICAN MEDIA)

Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ ապա տարեցներուն և հիւանդներուն հետ, ընդգծելով ժողովրդապետութեան կարևորութիւնը որպէս հանդիպման և փոխադարձ աջակցութեան վայր։

«Համայնքը ուժ մըն է, որ կը բխի Աստուծոյ սէրէն,– ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը – որ մեզ իսկապէս կը դարձնէ մէկ ընտանիք»։

Քահանայապետը ընդգծեց նաեւ աղօթքի կարևորութիւնը՝ աշխարհի և սեփական տան խաղաղութեան համար, և խրախուսեց համայնքի անդամները դառնալու այն ձայնը, որ կը բարձրանայ՝ կարևոր փոփոխութիւններ պահանջելու բոլորի բարօրութեան համար։

 Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (ANSA)

Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ Լեւոն ԺԴ. հանդիպեցաւ Ժողովրդապետութեան խորհուրդի անդամներուն հետ՝ արտայայտելով իր երախտագիտութիւնը ընդունելութեան համար եւ նշելով, թէ որպէս Հռոմի նոր եպիսկոպոս՝ ինքզինք իր «տան մէջ» զգաց։

Սրբազան Պապը գովեց կենդանի եւ նուիրուած համայնքը, որ տոկունութեամբ կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները՝ ապրելով թաղամասի մը մէջ, որ կը տառապի փխրունութիւններէ եւ յանցագործութենէ։ Ան յատկապէս արժեւորեց երիտասարդներուն ուղղուած ուշադրութիւնը, բազմաթիւ գործունէութիւնները եւ տարեցներու ու հիւանդներու հանդէպ մշտական մօտեցումն ու հոգածութիւնը։

 Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն
Լեւոն ԺԴ.ի այցը Քուարթիչչոլոյի ժողովրդապետութիւն   (ANSA)

Քահանայապետը Ժողովրդապետութիւնը որակեց որպէս «ուժեղ» եւ «ամուր» հաւատքի համայնք՝ շեշտելով, որ հակառակ մարտահրաւէրներուն՝ ան կենդանի վկայութիւն մըն է կեանքի, սիրոյ, գթութեան եւ եղբայրութեան։

Եկեղեցւոյ օրինակ մը, որ նոյնիսկ ծայրամասին մէջ կ՛ ապրի Աւետարանը իսկական կերպով եւ ամէն օր կը մարմնաւորէ «համայնք կերտել»ու կոչը, ըսաւ ի միջի այլոց Ան քաջալերելով ներկաները յառաջ ընդանալու քաջութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2026, 17:16