Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ.ի ափրիկեան երկիրներ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երկուշաբթի` 16 Մարտ 2026-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապին յառաջիկայ 13 - 23 Ապրիլ 2026-ին Քահանայապետութեան երրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը` որ պիտի ընդգրկէ Ալճերիան, Քամերունը, Անկոլան և Հասարակածային Կինէան։
Ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ տասը օր, որուն ընթացքին Քահանայապետը պիտի այցելէ չորս երկիրներ, տասնմէկ քաղաք, ու պիտի ունենայ մօտաւորապէս 25 ելոյթներ՝ ներառեալ ճառեր, ողջոյնի խօսքեր եւ քարոզներ.
Առաջին օր` Ալեճրիա
Սրբազան Պապը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն պիտի մեկնի` երկուշաբթի` 13 ապրիլ 2026 -ի առաւօտեան ժամը ութին ուղղուելով ճամբորդութեան առաջին հանգրուան Ալճերիա, ուր ժամանումը նախատեսուած է մէկ ժամ տեւող թռիչքէ ետք։
Ալճերիոյ մէջ Քահանայապետը պիտի այցելէ «Մաքամ Էշահիտի» յուշարձանը, որ նուիրուած է Ալճերիոյ անկախութեան պատերազմին, ապա քաղաքավարական այց պիտի տայ Երկրի նախագահին ու պիտի հանդիպի տեղական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, “Djamaa el Djazair” կեդրոնին մէջ, ներկաներուն ուղղելով իր պատգամը։
Կէսօրէն ետքը նախատեսուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին այցը Ալճերիոյ Մեծ Մզկիթին ապա անոր հանդիպումը «Bab El Oued»ի Օգոստինեան միսիոնար քոյրերուն հետ, անոնց հիւրընկալութեան եւ բարեկամութեան կեդրոնին մէջ հուսկ հանդիպում Ալճերիոյ կաթողիկէ հասարակութեան հետ, Ափրիկէի Տիրամօր Պազիլիքային մէջ։
Երկրորդ օր` Աննապա
Երեքշաբթի` 14 ապրիլին Քահանայապետը պիտի փոխադրուի Աննապա` Սուրբ Օգոստինոսի քաղաքը, որուն Ան եղած է նաեւ եպիսկոպոսը 395էն մինչեւ 430, երբ կնքեց իր մահկանացուն։ Արդարեւ Ալճերիոյ կատարուած այս այցը Քահանայապետին համար ուխտագնացութիւն մըն է իր միաբանութեան հիմնադիր` Սուրբ Օգոստինոսի երկիր։
Սրբազան Պապը պիտի այցելէ Իփփոնայի հնագիտականվայրը, Մայր Թերեզայի փոքրիկ քոյրերու տարեցներու հիւրընկալութեան Տունը, ապա հանդիպում պիտի ունենայ իր միաբանակից հայրերուն հետ` Օգոստինեան միաբանութեան Տան մէջ։
Կէսօրէն ետքը Քահանայապետը պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքային մէջ եւ պատարագէն ետքը վերադարձ պիտի կատարէ Ալճերի։
Երրորդ օր` մեկնում Քամերուն
Չորեքշաբթի` 15 ապրիլին Քահանայապետը հրաժեշտ կ՛առնէ Ալեճէրիէն եւ կ՜ուղղուի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Քամերունի մայրաքաղաք Եաունտէ, ուր ժամանումը նախատեսուած է կէսօրէն ետքը եւ ուր Սրբազան Պապը նախ կ՛այցելէ Երկրին նախագահը, հանդիպում ունենալով նաեւ տեղական իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ապա կ՛այցելէ «Նկուլ Զամպա» որբանոցը ու առանձնական հանդիպում կ՜ունենայ Քամերունի Եպիսկոպոսներուն հետ, Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի կեդրոնատեղիին մէջ։
Չորրորդ օր` Պամենտա
Հինգշաբթի` 16 Ապրիլին Լեւոն ԺԴ. կ՛այցելէ Պամենտա քաղաքը, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը տեղւոյն հասարակութեան հետ, Սուրբ Յովսէփ Պազիլիքային մէջ, հանդիպում« որ նուիրուած է խաղաղութեան եւ որուն առիթով Քահանայապետը ներկաներուն պիտի ուղղէ իր սրտին խօսքը։
Կէսօրէն ետքը Պամենտայի միջազգային օդակայանին մէջ Սրբազան Պապը պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը, որմէ ետքը վերադարձ պիտի կատարէ Եաունտէ։
Հինգերորդ օր` Տուալա - Եաունտէ
Ուրբաթ` 17 ապրիլին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Տուալա քաղաքը, ուր առաւօտեան “Japoma Stadium”ին մէջ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը հուսկ պիտի այցելէ քաղաքի Սուրբ Պօղոս Կաթողիկէ հիւանդանոցը, որմէ ետքը պիտի վերադառնայ Եաունտէ, ուր երեկոյեան Կեդրոնական Ափրիկէ Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ համալսարանական աշխարհի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը։
Վեցերորդ օր` Անկոլա
Շաբաթ` 18 ապրիլին Սրբազան Պապը Եաունտէյի օդակայանի տարածքին Սուրբ Պատարագը մատուցելէն ետքը հրաժեշտ կ՜առնէ Եաունտէէն եւ կ՛ուղղուի ճամբորդութեան երրորդ հանգրուան հանդիսացող Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտա, ուր կը ժամանէ կէսօրէն ետքը ժամը երեքի ժամանակները եւ անմիջապէս կը փոխադրուի Նախագահական Պալատ, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Երկրի նախագահին հետ, ապա հանդիպում իշխանութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, մինչ երեկոյեան ան հանդիպում կ՛ունենայ Անկոլայի եպիսկոպոսներուն հետ։
Եօթներորդ օր` Մուքսիմա
Կիրակի` 19 ապրիլի կէսօրէն ետքը Լեւոն ԺԴ. կ՛այցելէ Մուքսիմա քաղաքը իսկ առաւօտեան Ան Լուանտայի Քլիմապա թաղամասին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը։ Կէսօրէն ետքը, ինչպէս նշեցինք, Սրբազան Պապը ինքնաթիռով կը փոխադրուի Մուքսիմա, ուր «Մամա Մուքսիմա» սրբավայրին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը ապա վերադարձ կը կատարէ Լուանտա։
Ութերորդ օր` Սաուրիմօ
Երկուշաբթի` 20 ապրիլին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Սաուրիմօ քաղաք, ուր պիտի այցելէ ծերանոց մը ապա պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը հուսկ Լուանտա վերադարձին հանդիպում պիտի ունենայ Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն, Նուիրեալ անձանց ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող գործիչներուն հետ, Ֆաթիմայի Տիրամօր ժողովրդապետութեան մէջ, եւ այս պիտի ըլլայ անոր Անկոլայի մէջ ունեցած վերջին հանդիպումը։
Իններորդ օր` Հասարակածային Կինէ
Երեքշաբթի` 21 ապրիլին Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Լուանտայէն կը մեկնի ճամբորդութեան վերջին հանգրուան հանդիսացող Հասարակածային Կինէայի մայրաքաղաք Մալապօ, ուր Ան պիտի այցելէ նախագահական Պալատը ու հանդիպում պիտի ունենայ տեղական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը։
Կէսօրէն ետքը նախատեսուած է Սրբազան Պապին հանդիպումը մշակոյթի աշխարհին հետ, ապա անոր «Ժան Փիեռ Օլի» հիւանդանոցի գործիչներուն այցը հուսկ առանձնական հանդիպումը հասարակածային Կինէայի եպիսկոպոսներուն հետ։
Տասներորդ օր` Մոնկոմօ եւ Պաթա
Չորեքշաբթի 22 ապրիլ 2026-ին Սրբազան Պապը կ՜այցելէ Մոնկոմօ եւ Պաթա քաղաքները։ Ան արդարեւ Մալապոյէն կը մեկնի առաւօտեան ժամը ութի ժամանակները տեղափոխուելով նախ Մոնկոմօ քաղաք ուր առաւօտեան կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը Անարատ Յղութեան Պազիլիքային մէջ, ապա կ՜այցելէ “ESCUELA TECNOLOGICA PAPA FRANCESCO” կեդրոնը։
Կէսօրէն ետքը Ան կը մեկնի դէպի Պաթա` ուր կ՛այցելէ քաղաքին բանտն ու բանտարկեալները ապա «եօթը Մարտ 2021-ի» պայթումի զոհերու յուշարձանին մօտ պահ մը կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ եւ երեկոյեան կը հանդիպի քաղաքի երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, ապա կը վերադառնայ Մալապօ ուր երկրորդ օրը` այսինքն հինգշաբթի` 23 ապրիլ 2026 -ին առաւօտեան Քաղաքի մարզադաշտին մէջ կը մատուցէ ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը։
Վերջին օր` վերադարձ Հռոմ ապա Վատիկան
Մալապոյի մարզադաշտին մէջ մատուցած եզրափակիչ պատարագն ետքը Լեւոն ԺԴ. կը փոխադրուի Մալապոյի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը օդանաւ կը բարձրանայ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ ապա Վատիկան, վերջ տալով տասը օր տեւող իր Քահանայապետութեան Երրորդ Միջազգային առաքելական ճամբորդութեան։
Ճամբորդութեան նշանաբանները եւ կարգախօսները
Բացի այցելութեան ծրագրէն, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին ափրիկեան չորս երկիրներու ճամբորդութեան նշանաբաններն ու կարգախօսները։
Ալճերիոյ նշանաբանը կը պատկերացնէ երկու աղաւնի, որոնք նոյն գաւաթէն կը խմեն՝ խաղաղութեան եւ հաղորդութեան խորհրդանիշ։ Ան կը միացնէ նաեւ Քի-Ռօ քրիստոնէական նշանը եւ երկրի քարտէսը։ «Խաղաղութիւն ձեզի հետ» կարգախօսը կը շեշտէ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու երկխօսութիւնը եւ խաղաղ համակեցութիւնը։
Քամերունի նշանաբանին մէջ բաց Աստուածաշունչի վրայ դրուած է երկրին քարտէսը։ Կեդրոնին մէջ զետեղուած ոսկեգոյն աղաւնին կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգին, իսկ Քահանայապետը ներկայացուած է աղօթքի մէջ։ «Թող բոլորը մէկ ըլլան» (Յհ 17,21), կարգախօսը կը յիշեցնէ Քրիստոսի մէջ միութիւնը։
Անկոլայի նշանաբանը կարմիր երանգներով կը յիշեցնէ երկրի պատմութեան զոհերը։ Քարտէսին եւ քրիստոնէական խորհրդանիշներուն միջոցաւ կը ներկայացուի Աստուծոյ օրհնութեամբ խաղաղութեան եւ յոյսի ապագայի ուղղուած երկիրը։ Ճամբորդութեան կարգախօսն է. «Լեւոն Պապը, յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւոր, կ՛օրհնէ Անկոլան»։
Հասարակածային Կինէայի նշանաբաին մէջ կը միանան խաչը, երկրին քարտէսը եւ ընտանիքի պատկերները։ Նաւակով մարդը կը յիշեցնէ առաջին աւետարանիչներու ժամանումը` 170 տարի առաջ։ Կարգախօսը կը հռչակէ․ «Քրիստոս՝ Հասարակածային Կինէայի, դէպի յոյսով ապագայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
