Il Papa riceve Mary Simon

Սրբազան Պապին Քանատայի Ընդհանուր Նահանգապետին հետ հանդիպումը

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Քանատայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար, եւ մասնաւորապէս գնահատուեցան այն պտուղները, որոնք ծնած են փոխադարձ փոխըմբռնման ուղիէն, որ սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ» նշուած է այս առիթով հրատարկուած հաղորդագրութեան մէջ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Այսօր՝ 5 Մարտ 2026-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապը, ընդունեց Քանատայի Ընդհանուր Նահանգապետ` Տիկին Մերի Ժինի Մէյ Սայմընը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ներկայութեամբ նաեւ Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերի՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Քանատայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար, եւ մասնաւորապէս գնահատուեցան այն պտուղները, որոնք ծնած են փոխադարձ փոխըմբռնման ուղիէն, որ սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային եւ միջազգային ոլորտներու մէջ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, յատկապէս ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան համար կատարուող ջանքերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 14:49