FILE PHOTO: Pope Leo XIV holds a weekly general audience in Saint Peter's Square at the Vatican

Քրիստոնեաները թող խաղաղութեան գործիքներ ըլլան. Լեւոն Պապ

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, արաբերէն եւ չինարէն լեզուներով ուղղած ողջոյններուն մէջ, Քահանայապետը խրախուսեց հաւատացեալները, հաւատարիմ մնալու քրիստոնէական արժէքներուն, փոխանցելու «սէր» եւ «հաշտութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. դարձեալ խաղաղութիւն հայցեց Միջին Արեւելքին համար, ինչպէս ըրած էր անցեալ Կիրակի օր՝ 15 Մարտին, Մարեմեան աղօթքէն ետքը, իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող «սարսափելի բռնութեան» ի տես, որ կը ծագի իսրայէլ-ամերիկեան դաշինքի եւ Իրանի միջեւ հակամարտութենէն, որուն մէջ ներքաշուած է նաեւ «սիրելի» Լիբանանը՝ հազարաւոր զոհերով եւ մօտ մէկ միլիոն ներքին տեղահանուածներով։

Չորեքշաբթի 18 Մարտի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով արաբախօս հաւատացեալներe, հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեաները իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ տարածելու խաղաղութիւնը, որպէսզի ան տիրապետէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։

«Կ՛ողջունեմ արաբախօս հաւատացեալները, յատկապէս Միջին Արեւելքէն եկողները։ Քրիստոնեան կոչուած է ըլլալու խաղաղութեան, սիրոյ եւ հաշտութեան գործիք մը, որպէսզի իսկական խաղաղութիւնը տիրապետէ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։ Տէրը թող օրհնէ ձեզ բոլորդ եւ միշտ պաշտպանէ ձեզ ամէն չարէ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ։

Ան ապա չինարէն խօսող հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնին մէջ վերահաստատեց սիրոյ եւ եղբայրութեան վկայութեան կեանքի հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի քրիստոնեաները, ըսաւ Ան, «չկորսնցնելով իրենց համը», կարենան խթանել խաղաղ համակեցութիւն։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շարունակեցէք ապրիլ քրիստոնէական արժէքներէն ներշնչուած կեանք մը՝ որպէսզի ընկերութեան մէջ խաղաղութեան գործիքներ ըլլաք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2026, 10:58