Որոնել

Երբեք չթերագնահատել կանանց նկատմամբ բռնութիւնը, եւ առանց վախի զայն դատապարտել. Լեւոն Պապ Երբեք չթերագնահատել կանանց նկատմամբ բռնութիւնը, եւ առանց վախի զայն դատապարտել. Լեւոն Պապ 

Անվախօրէն դատապարտենք կանանց նկատմամբ բռնութիւնը. Լեւոն Պապ

Լեւոն ԺԴ-ը կը պատասխանէ «Piazza San Pietro» ամսագրի կին ընթերցողուհիի մը, որ օգնութիւն կը խնդրէ՝ կինասպանութիւնները կասեցնելու համար։ Ան կը քաջալերէ պաշտպանել «կանացի հանճարը» հաստատելով թէ կանայք նշան են «ազատութեան, հաւասարութեան, ծնունդ տուող ուժի, համերաշխութեան եւ արդարութեան», արժէքներ` որոնք «պայքարի կ՛ ենթարկուին վտանգաւոր մտածելակերպի մը կողմէ»։«Պէտք է վերացնել բռնութիւնը, եւ փնտռել միջոցը՝ մտածելակերպը դաստիարակելու համար. պէտք է ըլլալ խաղաղութեան մարդիկ, որոնք կը սիրեն բոլորը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիներուն նուիրուած միջազգային Օրուան առիթով` 8 Մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ-ը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարի «Piazza San Pietro» ամսագիրին մէջ հրապարակած է նամակ մը, որ նուիրած է կանանց նկատմամբ բռնութեան թեմային՝ պատասխանելով հռոմէացի կին ընթերցողի մը, որ կը դատապարտէր կինասպանութիւններու ողբերգութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը մեծ ցաւ յայտնած է յարաբերութիւններու մէջ բռնութեան տարածման համար եւ հրաւիրած է երբեք չթերագնահատել բռնութեան որեւէ նշան՝ քաջալերելով զոհերը, որ առանց վախի բողոքեն եւ դիմեն արդարութեան։ Ըստ Քահանայապետին՝ բռնութիւնը այն սահմանագիծն է, որ կը բաժնէ քաղաքակրթութիւնը բարբարոսութենէն, եւ շատ յաճախ կը ծնի այնպիսի մտածելակերպէ մը, որ կազմուած է եսասիրութենէ, խտրականութիւններէ եւ իշխելու կամքէն։

Վերակոչելով «կանացի հանճար» արտայայտութիւնը, զոր յօրինած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ․-ը, Լեւոն ԺԴ-ը շեշտեց կանանց հիմնարար դերը հոգատարութեան, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան մշակոյթ մը կառուցելու մէջ։

Ճիշդ որովհետեւ կանայք կը մարմնաւորեն այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են ազատութիւնը, հաւասարութիւնը եւ արդարութիւնը, անոնք երբեմն կը դառնան բռնութեան թիրախ՝ այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, որ յատկանշուած է խառնաշփոթով եւ նախայարձակով։

Սրբազան Պապը շեշտեց ապա դպրոցին, Եկեղեցւոյն եւ ընտանիքներուն միջեւ կրթական դաշինքի մը անհրաժեշտութիւնը՝ երիտասարդներու մէջ յարգանքի մշակոյթ մը տարածելու եւ բռնութիւնը կանխելու համար։

Ան գիրը եզրափակեց յայտնելով, թէ միայն նոր սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել աւելի արդար եւ խաղաղ հասարակութիւն մը բոլորին համար։

«Պէտք է վերացնել բռնութիւնը, եւ փնտռել միջոցը՝ մտածելակերպը դաստիարակելու համար. պէտք է ըլլալ խաղաղութեան մարդիկ, որոնք կը սիրեն բոլորը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2026, 08:45