Որոնել

2026.02.10 Principato di Monaco

Մոնաքոյի Իշխանապետութիւնը կը պատրաստուի ապրելու պատմական օր մը

Լեւոն ԺԴ. Պապին այցը Մոնաքօ, որ աշխարհի երկրորդ ամենափոքր երկիրն է Վատիկանէն ետքը, կը հանդիսանայ 2026-ի Քահանայապետի առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը եւ կը կանխէ Ապրիլ ամսուայ 13էն 23 Ափրիկեան ցամաքամաս նախատեսուած երրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Արևմտեան Եւրոպայի քաղաք-պետութիւն հանդիսացող Մոնաքոյի Իշխանութիւնը կը պատրաստուի ապրելու պատմական իրադարձութիւն մը. Արդարեւ ժամանակակից դարաշրջանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Քահանայապետ մը պիտի այցելէ այդ երկիրը։ Շատ «կարճատև այց» մը որ պիտի տեւէ մօտաւորապէս 13 ժամ, Աւագ Շաբթուայ նախօրէին։

Քահանայապետը այնտեղ պիտի մեկնի Իշխան Ալպերթ Բ հրաւէրով։

Իշխանապետութեան մէջ կաթողիկէութիւնը պետական կրօն է, և քաղաքացիական հաստատութիւններու ու Եկեղեցւոյ միջև երկխօսութիւնը կը շարունակէ կարևոր դեր ունենալ նաև հանրային քննարկումներուն մէջ։

Մոնաքոն նկատուած է աշխարհի ամենահին պետութիւններէն մին։ Անոր ծագումը սովորաբար կապուած է Ֆրանչեսքօ Կրիմալտիի նախաձեռնութեան հետ՝ Ճենովական «կուելֆ» ազնուական մը, որ խորամանկութեամբ գրաւեց այնտեղ կառուցուած ամրոց մը, որ կը պատկանէր «կիպելինեան» մրցակցի մը (1297 թ.)։

Տրուած ըլլալով որ Կրիմալտին այս քայլը կատարեց վանքապետի կերպարանքով ներս մտնելով,  Պետութեան անունը դարձած է «Մոնաքօ» այսինքն վանահայր։

Լեւոն ԺԴ. Պապին այցը Մոնաքօ, որ աշխարհի երկրորդ ամենափոքր երկիրն է Վատիկանէն ետքը, կը հանդիսանայ 2026-ի Քահանայապետի առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը եւ կը կանխէ Ապրիլ ամսուայ 13էն 23 Ափրիկեան ցամաքամաս նախատեսուած երրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Տեղական եկեղեցւոյ պաշտօնական պատմութիւնը կը սկսի 1887 թուականին, երբ Լեւոն ԺԳ. Պապը ստեղծեց Մոնաքոյի թեմը «Quemadmodum sollicitus Pastor» կոնդակով։ Հետևաբար, եկող տարի արքեպիսկոպոսութիւնը պիտի նշէ հիմնադրման 140-ամեակը, ինչպէս նաև առաջին ժողովրդապետութեան հիմնադրման 780-ամեակը, որ հաստատուած է 1247 թուականի դեկտեմբերի 6-ին Իննոչենցիոս Դ Քահանայապետի կողմէ՝ «Pro puritate» կոնդակով։

Մոնաքոն եւրոպական այն վերջին պետութիւններէն է, ուր կաթողիկէութիւնը կը պահպանուի որպէս պետական կրօն․եւ որ 1962 թուականի սահմանադրութեամբ կ՛ երաշխաւորէ կրօնի ազատութիւնը անոր աւելի քան 38,000 բնակիչներուն համար։

Սրբազան Պապը Վատիկանէն պիտի մեկնի առաւօտեան 7,15-ին որպէս կարգախօս ունենալով Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած սոյն խօսքը. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք»։

Իր կեցութեան ընթացքին Քահանայապետը պիտի հանդիպի Իշխանապետութեան Իշխանական ընտանիքին հետ, կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու երիտասարդներուն հետ ապա պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ։ Սրբազան Պապը Վատիկան պիտի վերադառնայ նոյն օրուայ երեկոյեան աւարտելով Քաանայապետութեան միջազգային Բ ճամբորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2026, 13:23