Որոնել

2025.03.26 100 anniversario della Cattedrale armeno cattolica di Alessandria

Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ Եկեղեցին գիտցաւ սերունդէ սերունդ կենդանի պահել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն փոխանցուած ժառանգութիւնը. Լեւոն Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղած է Աղեքսանդրիոյ հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսանին, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Աւետման Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հարիւրամեայ Յոբելեանին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սրբազան Քահանայապետը գոհութիւն կը մատուցէ Աստուծոյ Եգիպտոսի մէջ հայ կաթողիկէ հասարակութեան հաւատարմութեան համար, որ ի նմանութիւն իր հաւատքի հայրերուն, գիտցաւ սերունդէ սերունդ կենդանի պահել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն փոխանցուած ժառանգութիւնը, որ սնուած է Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական աւանդութեամբ». Այս խօսքերը պարունակուած են Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Լեւոն Պապին Աղեքսանդրիոյ հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսանին ուղղուած պատգամի մը մէջ, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Աւետման Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հարիւրամեայ Յոբելեանին առիթով։

«Հարիւր տարիէ ի վեր այս Աթոռանիստ Եկեղեցին, որ նուիրուած է Աւետումի խորհուրդին, կանգնած է որպէս վայր` ուր կ՛արձագանգէ Աւետարանը եւ ուր Սուրբ Խորհուրդները կը մատակարարուին Հայկական ծէսին համաձայն», գրուած է ապա վերոնշեալ պատգամին մէջ ընդգծելով նաեւ` թէ ան «դարձաւ իրենց հայրենիքէն հեռու հայ հաւատացեալներուն աղօթքի եւ մխիթարութեան տունը», ու նաեւ «նշան Եկեղեցւոյ միութեան» ու «վկայութիւն այն հաւատքին` որ փոխանցուած է այս ազնիւ ժողովուրդի նահատակներէն ու սուրբ հովիւներէն»։

«Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ բոլորը վառ պահելու հոգեւոր թանկարժէք ժառանգութիւնը. որպէսզի այս աթոռանիստ Եկեղեցին շարունակէ ըլլալ հաւատքի եւ հաղորդութեան փարոս մը` Հայ Կաթողիկէներուն համար ու նաեւ աշխարհի այդ տարածաշրջանի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նշան», կը գրէ ապա Կարդինալ Փարոլինը յանուն Լեւոն Պապին ուղարկած պատգամին մէջ, բոլոր հաւատացեալները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր հովանիին ու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութեան, բոլորին վստահեցնելով Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 13:56