Որոնել

«Այլակերպութիւնը լոյս է, որ կը փոխակերպէ կեանքը». Լեւոն ԺԴ.

Քահանայապետը Հռոմի Քուրաթիչչոլօ շրջանի Համբարձման Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց հաւատքի եւ յոյսի ճանապարհորդութեան վրայ որ կը փոխակերպէ կեանքը։
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կիրակի մէկ մարտի 2026-ին այցելեց եւ պատարագ մատուցեց Քուրաթիչչոլօ շրջանի Համբարձման Եկեղեցւոյ մէջ որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց հաւատքի եւ յոյսի ճանապարհորդութեան վրայ` որ կը փոխակերպէ կեանքը։

Աբրահամի և աշակերտներու ճանապարհորդութիւնը

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Աբրահամի կերպարին, որ կոչուեցաւ թողուլ իր հողը և վստահել Աստուծոյ խոստումին։ Կեանքը, բացատրեց Ան, ճանապարհորդութիւն է, որ կը պահանջէ վստահութիւն և պատրաստակամութիւն՝ զրկուելու երևակայի ապահովութիւններէն, որպէսզի յայտնաբերուի աւելի մեծ գանձ մը։

Նոյնպէս աշակերտները ստիպուած էին դիմակայել ճանապարհը դէպի Երուսաղեմ՝ Խաչի եւ սուրբ յաղթանակի վայրը։ Այլակերպումը  լոյսի նախատրամադրուածութիւն է, որ կ՛ աջակցի ճանապարհին փորձութեան մէջ։ «Չկայ աւելի մեծ խոստում,- հաստատեց Սրբազան Պապը- քան կեանքը զոհել՝ կեանքի համար»։

Յոյսի և վկայութեան տեղ

Ան գնահատեց Քուարթիչչիոլօ համայնքի աշխոյժ գործունէութիւնը, որ «Համայնք կառուցենք» կարգախօսով կը խթանէ ընդունելութիւնը և պատկանելութեան զգացումը, քաջութեամբ դիմակայելով տարածքի սոցիալական դժուարութիւնները։ Ժողովրդապետութիւնը կոչուած է ըլլալու «լաւութեան և արդարութեան խմորիչ», կիրքի, բաժանորդութեան և ստեղծագործական մօտեցումով։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ապա երիտասարդները, որոնք ներգրաւուած են «Մաճիս» ծրագրին մէջ, որ ուղղորդուած է Սուրբ Իգնատիոս տէ Լոյոլայի հոգևորութեամբ։

Ունկնդրել Յիսուսը

Մեկնելով հուսկ «Ասիկա իմ սիրելի Որդին է, անոր մտիկ ըրէք» Աւետարանական խօսքէն, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց եկեղեցական համայնքը՝ առաջնորդուելու անսահման սիրոյ տրամաբանութեամբ, ունկնդրելով Յիսուսին խօսքերը

Լոյսի վկաներ

Քարոզի աւարտին Քահանայապետը յիշեցուց` որ աշխարհի վէրքերու և մթութեան առջև, քրիստոնեաները կոչուած են վկայելու Աւետարանը, որ կը փոխակերպէ և կեանք կու տայ։ Վերափոխման լոյսը, ըսաւ Ան, արդեն ներկայ է համայնքին մէջ, երբ մենք կը վստահինք Տիրոջ «անուշ զօրութեան»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քարոզը եզրափակեց Մարիամին՝ Եկեղեցւոյ Մօր յանձնելով համայնքի և բոլոր հաւատացեալներու ճանապարհը որպէսզի ան ուղեկցի և աջակցի անոնց։

Եղէք աշխարհի լոյս եւ երկրի աղ

Նախ քան Վատիկան վերադառնալը Սրբազան Քահանայապետը Եկեղեցւոյ մուտքին իր հրաժեշտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ ընդգծելով, որ Քրիստոս իւրաքանչիւրին լոյս պարգեւած է, որ մեզի կ՛ ուղեկցի եւ կը դարձնէ վկայութիւն։ Քաջութեամբ ապրեցէք որպէս «աշխարհի լոյս եւ երկրի աղ» ըսաւ Սրբազան Պապը բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2026, 18:38