Լեւոն ԺԴ. Պապը Մոնաքոյի մէջ. Իշխանապետութիւնը այցելող առաջին Քահանայապետը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 28 Մարտ 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Մոնաքոյի Իշխանապետութիւն` ուր Ինքնաթիռով ժամանեց առաւօտեան ժամը ինին երեք վայրկեան անց` գրեթէ մէկ ժամ քառասուն հինգ վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք` եւ Մոնաքոյի Ուղղաթիռակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Իշխան Ալպերթ Բ.-ի ու անոր կողակից Շարլին իշխանուհիին կողմէ եւ այնտեղ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան աւարտին փոխադրուեցաւ Մոնաքոյի Իշխանական Պալատ` որ ժամանակին եղած է ամրոց մը։
Իշխանական Պալատ ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ փրոթոքոլային արարողակարգով Իշխանական ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ։
Առաջին Քահանայապետը որ կ՜այցելէ Մոնաքոն
Իշխան Ալպերթի ու իշխանական ընտանիքի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Սրբազան Պապը Պալատի պատշգամէն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Պալատի հրապարակին վրայ գտնուող Իշխանութեան բնակիչներուն, որուն մէջ իր ուրախութիւնը արտայայտեց այնտեղ գտնուելուն համար` որպէս «Սուրբ Պետրոսի առաջին յաջորդը` որ կ՜այցելէ Մոնաքոյի Իշխանապետութիւնը, որ կը յատկանշուի այն խոր կապով, որ զայն կը միացնէ Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ հաւատքին հետ»։
Փոքրութիւնը հոգեւոր հարստութիւն
Քահանայապետը ակնարկեց ապա Իշխանապետութեան աշխարհագրական դիրքին եւ անոր հանդիպումի եւ ընկերային եղբայրութեան հոգատարութեան ի սպաս կոչումին, որոնք, ըսաւ Ան, «այսօր վտանգուած են տարածուած փակումի եւ ինքնաբաւարարութեան մթնոլորտի պատճառաւ», ապա մատնանշեց Պետութեան փոքր տարածքին, արժեւորելով այդ փոքրութիւնը` որպէս «հոգեւոր հարստութիւն», զոր պէտք է դնել ի սպաս արդարութեան եւ իրաւունքին, յատկապէս այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, որ յատկանշուած է իշխանութեան չարաշահումներով եւ ահաբեկումներով։
Ստանձնել պատմական պարտաւորութիւնները
Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ. յիշեց թէ ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ «փոքրերն են» որոնք պատմութիւնը կը կերտեն ու թէ պէտք է միշտ վստահիլ Աստուծոյ նախախնամութեան այն համոզումով` որ Անոր թագաւորութիւնը կ՛աճի` որպէս փոքր սերմ մը եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր ուղղեց` որ «իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պատմական պարտաւորութիւնները»։
Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Իշխանապետութեան բազմազանութեան ու յատկապէս բնակչութեան իւրայատուկ կազմին` որոնցմէ շատերը, ըսաւ Ան, «կարեւոր դեր մը ունին ըլլայ տնտեսական, ըլլայ ֆինանսական աշխարհէն ներս» նկատել տալով, թէ այնտեղ բնակիլը որոշ անձանց համար առանձնաշնորհում է իսկ շատերուն համար յատուկ կոչ մը հարց տալու իրենց աշխարհին մէջ ունենալիք տեղին վերաբերեալ։
Բաժնեկցիլ եւ բազմացնել Աստուծմէ ընդունուած բարիքները ի նպաստ բոլորին
Սրբազան Պապը առ այդ նշեց` որ Աստուծմէ ստացուած պարգեւները պէտք չէ թաքցնել, այլ պէտք է զանոնք բաժնեկցիլ եւ բազմացնել՝ ի նպաստ բոլորին։ Աստուծոյ Արքայութիւնը ցնորք մը չէ, այլ ներկայ է մեր մէջ եւ կը հրաւիրէ դիմադրելու անարդարութիւններուն ու անհաւասարութիւններուն։ Ամէն բարիք ունի համընդհանուր նպատակ եւ պէտք է վերաբաշխուի՝ բարելաւելու համար ընդհանուրին կեանքը։ Յիսուս կը հրաւիրէ վստահիլ Աստուծոյ եւ նախ եւ առաջ փնտռել անոր արդարութիւնը՝ յիշեցնելով, որ վերջնական դատաստանին ինք կը նոյնանայ աղքատներուն հետ նկատել տուաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց Իշխանապետութեան պետական կրօն Կաթողիկէութեան։
Կաթողիկէ հաւատքը Իշխանապետութեան պետական կրօն
«Կաթողիկէ հաւատքը, զոր աշխարհի սակաւաթիւ երկիրներէն մէկը՝ ձեր երկիրը, ունի որպէս պետական կրօն, մեզ կը դնէ Յիսուսի գերիշխանութեան առջեւ, որ քրիստոնեաները կը պարտաւորէ աշխարհին մէջ դառնալ եղբայրներու եւ քոյրերու թագաւորութիւն մը, ներկայութիւն մը` «որ չի ճնշեր, այլ կը բարձրացնէ, որ չի բաժներ, այլ կը միացնէ, միշտ պատրաստ սիրով պաշտպանելու ամէն մարդկային կեանք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր վիճակը, որպէսզի ոչ ոք երբեք դուրս մնայ եղբայրութեան սեղանէն» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. Մոնաքոյի Իշխանապետութեան յանձնելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութիւնը խորացնելու պարտականութիւնը ու տեղական եւ միջազգային գետնի վրայ խթանելու բարի գործընթացքներ։
Եկեղեցիոյ Ընկերային Վարդապետութեան կարեւորութիւնը
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը կարող է վեր պահել Աւետարանի լոյսը ժամանակի մը ընթացքին ուր տարածուած է աշխարհիկութիւնն ու յուսահատութիւնը, յոյս եւ լուծումներ մատուցելով ներկայ մարտահրաւէրներուն, նշեց Սրբազան Քահանայապետը ու մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ. խօսքերը, զոր Ան արտասանած էր «Rerum novarum»-ի 75 ամեակին առիթով. «Դուք շատ լաւ կը հասկնաք, որ քալելու համար լոյս պէտք է, հասարակական առաջխաղացումը մղելու համար վարդապետութիւն պէտք է […]; միտքն է` որ կը ղեկավարէ կեանքը; եւ եթէ միտքը կը ցոլացնէ ճշմարտութիւնը – ճշմարտութիւնը մարդու, աշխարհի, պատմութեան, իրերու մասին –, այդ պարագային քայլը կարող է ընթանալ ազատ եւ արագ; հակառակ պարագային, քայլը կը դառնայ դանդաղ, անորոշ, դժուար կամ շեղուած»։
Լեւոն ԺԴ. խօսքը աւարտեց հայցելով Իմաստութեան Աթոռ` Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Քրիստոսին, խաղաղութեան Իշխանին։ « Que la paix soit avec vous» թող` որ խաղաղութիւնը ձեր հետ ըլլայ», ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
