Լեւոն ԺԴ. Ժողովրդապետական կեդրոնները՝ երիտասարդութիւնը մեկուսացումէ փրկելու կենսական տարածքներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը Լեւոն ԺԴ. Պապ շեշտեց ժողովրդապետական կեդորններու վճռորոշ դերը՝ զանոնք որակելով որպէս «ճմարտի եղբայրութեան վայրերը։
Կարիդնալ Փարոլին, Քահանայապետին անունով այս պատգամը յղեց Իտալիոյ Օլճիաթէ Քոմասքօ շրջանի Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի անուան նոր համալիրի կառուցման առաջին քարի զետեղումի առթիւ։
Յաղթահայել մեկուսացումը «Իսկական կապերով։
Համալիրի կառուցման առաջին քարի զետեղեմումի արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի մէկ մարտին, Քոմոյի եպիսկոպոպոս Կարդինալ Օսքար Քանթոնիի ներկայութեամբ, նոյ յոյս նշան է տեղական համայնքին համար։ Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց որ այս կեդորնները կոչուած են կառուցելու «իսկական կապեր», որոնք կարող են յաղթահարել ժամանակներուն տիրող մեկուսացումը, որ յատկապէս կը հարուածէ երիտասարդ սերունդը ու այս կեդրոնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն շէնք մը այլ՝ Մարդկային եղբայրութեան տարածք. Ուր երիտասարդները կրնան աճիլ առողջ միջավայրին մէջ, քրիստոնէական վայր ուր հաւատքն ու կեանքը կը միահիւսուին։
«Երիտասարդներուն համար բաւարար չէ միայն գնահատուած զգալը, անոնք պէտք գիտնան, որ սիրուած են» նշեց Ժողովրդապետը հայր Ֆլաւիօ Քրոսթան՝ վերյիշելով ժողովրդապետական կեդրոնի հիմնական առաքելութիւնը։
Նշենք թէ Օլճաթէ Քոմասքոյին հին ժողովրդապետական կեդրոնի դուռեը փակուած են 2017-ին անապահովութեան պատճառով։ Ութ տարի սպասումէ եւ վարչական բարդ հոլովոյթներէ ետք, վերջապէս անցեալ նոյեմբերին ստացուեցաւ Վատիկանի համապատասխան մարմիններու վերջնական հաւանութիւնը։ Նոր նախագիծը, զոր պատրաստած է ճարտարապետ Ալեսանտրա Մասթրոճիաքոմոն, կը նախատեսէ տարածքներ, որոնք պիտի փոխարինեն հին ու անջատ կառոյցները։
«Առանց պատերու՝ տուն Դառնալ»
Արարողութեան ընթացքին յուզիչ էր ներկայ երիտասարդներու վկայութիւնը, որոնք ըսին. «Մենք սորվեցանք մնալ միասնական նոյնիսկ առանց պատերու, սորվեցանք տուն դառնալ նոյնիսկ առանց տանիքի։ Որովհետեւ ժողովրդապետական կեդրոնը չի ծնիր պեթոնէն, այլ այն հայեացքէն, որ գիտէ պատանիին մէջ տեսնել արժէք մը, որուն համար կ'արժէ ամբողջութեամբ նուիրուիլ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
