Որոնել

Պապը կը ճաշէ աղքատներուն հետ Պապը կը ճաշէ աղքատներուն հետ  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը. «Օգնելով անոնց, որոնք չեն կրնար մեզ հատուցել՝ կը դառնանք Տիրոջ գործիքները»

Լեւոն ԺԴ. Պապը «FADICA» բարեսիրական ցանցի 50-ամեակի առթիւ ընդգծեց, որ կարիքաւորներուն անշահախնդիր օգնելով՝ քրիստոնեաները կը դառնան Տիրոջ գթասրտութեան գործիքները։ Պապը բարձր գնահատեց կազմակերպութեան աշխատանքը ընկերային արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ՝ հրաւիրելով շարունակելու այդ առաքելութիւնը նոյն եռանդով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Տիրոջ ձեռքերուն մէջ գործիքներ» եւ աստուածային գթասրտութեան հայելի. այսպէս բնութագրեց Լեւոն ԺԴ. Պապը «FADICA-Catholic Philanthropy Network»-ի գործունէութիւնը՝ կազմակերպութեան հիմնադրման 50-ամեակին առթիւ ուղարկած իր պատգամին մէջ։ Ամերիկեան այս բարեսիրական ցանցը, որ կը համախմբէ հիմնադրամներ եւ նուիրատուներ, համաշխարհային մակարդակով կը սատարէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւններուն։

Յանձնառութիւն՝ յանուն կարիքաւորին

Մարտ 13-ին հրապարակուած պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդգծեց, որ FADICA-ի անդամներու հանդիպումը կը զուգադիպի Մեծ Պահքի շրջանին, երբ քրիստոնեաները կոչուած են աւելի մեծ եռանդով իրագործելու ողորմութեան գործեր։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց Բարի Սամարացիի օրինակը, որ ինքզինք նուիրեց անծանօթ մարդու մը օգնութեան։ «Երբ կ’օգնենք անոնց, որոնք կարիքի մէջ են՝ յատկապէս անոնց, որոնք չեն կրնար մեզ հատուցել՝ մենք կը դառնանք Տիրոջ գործիքները», գրեց Նորին Սրբութիւնը,  Ան ապա «Dilexi te» շրջաբերականէն մէջբերում մը ընելով՝ հաստատեց, որ «մերձաւորին հանդէպ սիրոյ իւրաքանչիւր արարք աստուածային գթասրտութեան անդրադարձ մըն է»։

Ընկերային արդարութիւն եւ մարդկային արժանապատուութիւն

Լեւոն ԺԴ. Պապը բարձր գնահատեց FADICA-ի ներդրումը ընկերային արդարութեան, կաթողիկէ կրթութեան ամրապնդման եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան գործին մէջ։

«Յոյսով եմ, որ ձեր աշխատանքը ուրիշներն ալ ոգեշնչէ՝ Քրիստոսի հետ վերանորոգ հանդիպում ունենալու՝ ծառայելով իր եղբայրներէն ու քոյրերէն ամենափոքրերուն», նշեց Լեւոն ԺԴ. Պապը։ Ան իր պատգամը եզրափակեց քաջալերանքով, յիշեցնելով, որ «Բարձրեալը անգերազանցելի է իր առատաձեռնութեամբ անոնց հանդէպ, որոնք զինք կը ծառայեն կարիքաւորներուն մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2026, 09:01