Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Հրապարակային ունկնդրութիւն Լեւոն ԺԴ. Հրապարակային ունկնդրութիւն  (@Vatican Media)

Պաղեստինցի եւ Իսրայէլացի Մայրեր Վատիկանի Մէջ. Խաղաղութեան Համար Ոտնաբոպիկ քայլարշաւ եւ Հանդիպում Պապին Հետ

Տիրոջ Աւետման տօնին եւ Աւագ շաբթուան նախօրէին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Mothers Call» (Մայրերու Կանչ) շարժումի անդամները՝ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի մայրեր, որոնք համախմբուած են Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի դադրեցման եւ ընտանիքներու պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Տիրոջ Աւետման տօնին եւ Աւագ շաբթուան նախօրէին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Mothers Call» (Մայրերու Կանչ) շարժումի անդամները՝ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի մայրեր, որոնք համախմբուած են Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի դադրեցման եւ ընտանիքներու պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ։

Ոտնաբոպիկ քայլարշաւ՝ յանուն ապագայի

Յատկանշական է, որ ներկայացուցիչները նախորդ օրը Հռոմի փողոցներուն մէջ իրականացուցած էին իրենց աւանդական դարձած «Barefoot walk» (Ոտնաբոպիկ քայլարշաւ) ձեռնարկը։ Այս նախաձեռնութեամբ անոնք կը պահանջեն ազատութիւն, իրաւահաւասարութիւն եւ անվտանգութիւն տարածաշրջանի գալիք սերունդներուն համար։

Պապին հետ հանդիպման ընթացքին, շարժումի հիմնադիրներ՝ պաղեստինցի Ռիմ Ալ-Հաժաժրէն («Women of the Sun») եւ իսրայէլացի Եայէլ Ատմին («Women Wage Peace»), որոնք նաեւ Նոպելեան մրցանակի թեկնածուներ են, Քահանայապետին յանձնեցին իրենց համատեղ յայտարարագիրը։ Փաստաթուղթը կոչ կ՚ուղղէ համաշխարհային ղեկաւարներուն՝ ցուցաբերելու քաջութիւն եւ հեռատեսութիւն՝ վերջ դնելու բռնութեան եւ սկսելու բանակցութիւններ, ուր կիներն ու մայրերը պիտի ունենան վճռորոշ դերակատարութիւն։

Մայրական սիրոյ ոյժը

«Մենք կը հետեւինք Մարիամ Աստուածածնի օրինակին՝ դիմագրաւելու ամենօրեայ դժուարութիւնները եւ կերտելու խաղաղ ապագայ», նշած են պատուիրակութեան անդամներ Քաթրին Շոմանին եւ Հայամ Թաննուսը։

Հանդիպումի ներկայ էին նաեւ աւելի քան 50 ուքրանացի կիներ, որոնք իրենց կարգին կը սպասեն խաղաղութեան աւետիսին։ Լեւոն ԺԴ. Օրհնելով ներկաները, վերահաստատեց Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք այսօր կը տառապին հակամարտութիւններուն պատճառով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 09:49