Պատերազմի առջև մոլորուած մանկական հայեացքները կարող են մեզ փոխակերպել . Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Այս օրերուն, երբ մեծ մտահոգութիւն կա մարդկութեան ապագան սպառնացող պատերազմներու պատճառով», պէտք է նայիլ երեխաներին, որովհետև անոնց «մոլորած» աչքերը կը մղեն իսկական փոխակերպման, և պէտք է նաև քիչ մը վերադառնալ մանուկ՝ ունենալով «մաքուր աչքեր»՝ իրականութեան նայելու համար, որպէսզի «մարդ մնանք»։ Այսպէս կը գրէ Լեւոն ԺԴ. Պապը «Avvenire» թերթի տնօրէն Մարքօ Ճիրարտոյին և «Popotus» շաբաթաթերթի մանկական յաւելուածի ընթերցողներուն, որ այս տարի կը նշէ իր 30-ամեակը եւ որուն առաջին համարի հրատարակուած էր 23 մարտ 1996-ին։
Նամակին մէջ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ երեխաներու համար նորութիւններու տարածման աշխատանքին համար. «Լաւերը, որոնք մեզ կը քաջալերեն, և վատերը, որոնք կարող են մեզի սորվեցնել այլևս չկրկնել այդ սխալները»։
Սրբազան Պապը ապա կոչ կ՛ընէ ծնողներուն և ուսուցիչներուն պաշտպանելու երեխաները «տեղեկատւութեան և կրթութեան անմարդկային պատկերացումէն»։
Ան յատկապէս կը զգուշացնէ, որ երեխաները արհեստական բանականութիւնը պէտք չէ դիտեն որպէս իրենց «լաւագոյն ընկերը» կամ ամբողջական գիտութեան աղբիւրը, քանի որ այդ կրնայ սահմանափակել իրենց ստեղծագործ միտքն ու մարդկային կապերը։
Ան կը շեշտէ ծնողներու եւ ուսուցիչներու դերը՝ պահպանելու մանկութեան արժէքները եւ ուղղորդելու նոր սերունդը։
Նամակին մէջ ապա Սրբազան Պապը յոյս կը ներշնչէ՝ գրելով, թէ աշխարհը կարելի է դարձեալ գեղեցիկ դարձնել, եթէ մարդիկ պահպանեն սիրոյ լեզուն, վստահութիւնը, ներողամտութիւնը եւ խաղաղութիւն կերտելու կամքը։ եւ ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ բոլորը՝ սորվելու երեխաներէն եւ նայելու աշխարհին «մաքուր աչքերով», որպէսզի գտնեն ճշմարիտ ուղին դէպի աւելի մարդկային ապագայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
