Որոնել

2026.03.04 Udienza Generale

Քահանայապետը «Corriere della Sera»-ին. Ձեր պատմութիւնը խոր կերպով միահիւսուած է Իտալիոյ հետ. մշակեցէք ապագան

Շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթեցնի պատգամ մը, ուղղուած թեթրին խմբագիր Լուչանօ Ֆոնթանային, օրաթերթի հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով. Լեւոն ԺԴ-ը կը յիշեցնէ մէկուկէս դարու պատմութիւնը, որ ամէն օր պատմուած է թերթի էջերուն մէջ, եւ կը հրաւիրէ երբեք չհրաժարիլ սեփական «հեղինակութենէն» ու յարգել լրագրողներն ու ընթերցողները։ Նայելով արհեստական բանականութեան այս ժամանակաշրջանին՝ Քահանայապետը կը շեշտէ, թէ «արհեստագիտութիւններու յեղափոխութիւնը այսօր մարտահրաւէր մեր ժամանակին համընթաց ըլլալու»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«150 տարիէ ի վեր ձեր պատմութիւնը միահիւսուած է Իտալիոյ պատմութեան հետ՝ վկայելով տպագիր մամուլի դերը որպէս միջոց ոչ միայն լուրերու տարածման, այլ նաեւ գաղափարներու եւ մշակոյթի, որոնք կենդանի խմոր են այն հասարակութեան համար, որուն կառուցման  նպաստած է ձեր թերթը»։  Այսպէս կը գրէ Լեւոն ԺԴ. Պապը «Corriere della Sera»-ի խմբագիր Լուչիանօ Ֆոնթանային ուղղուած նամակին մէջ, իտալական օրաթերթի տարեդարձին առիթով, որ հիմնուած Միլանի մէջ 1876 թուականին։

Մէկուկէս դար պատմութիւն՝ պատմուած ամէն օր

Սրբազան Պապը կը վերանայի այս 150 տարիները, մէկուկէս դար պատմութիւն, որ «ամէն օր պատմուած է» «Corriere»-ի էջերուն մէջ եւ բաժնուած ընթերցողներուն հետ. Երկու համաշխարհային պատերազմներ, ֆաշիզմի վերելքն ու անկումը, միապետութենէն հանրապետութիւն անցումը, ներքին եւ միջազգային ահաբեկչութիւնը, Պեռլինի պատի փլուզուոմը եւ այս օրերու դժուար պայմանները։

Արհեստագիտութիւններու մարտահրաւէրը

Նայելով մեր ժամանակաշրջանին՝ Պապը կը գրէ. «Արհեստագիտութիւններու յեղափոխութիւնը այսօր ձեզ  մարտահրաւէր կը նետէ ժամանակին համընթաց ըլլալու»։

«Ասիկա փորձ մըն է, որ կը վերաբերի բոլորիս։ Բայց արհեստական բանականութիւններու դարաշրջանին մէջ գոյութիւն ունի անփոխարինելի պարտականութիւն մը, որ կը վերաբերի հաղորդակցութեան եւ մասնաւորաբար մեծ թերթերուն, որոնք այս գործին մէջ կը զօրանան իրենց պատմութեան ժառանգութենէն» կը նշէ հուսկ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երբեք չհրաժարիլ սեփական հեղինակութենէն, ապահովել աղբիւրներու թափանցիկութիւնը, յարգել լրագրողներու դերն ու ընթերցողներու արժանապատուութիւնը, եւ մշակել պատմութեան մարդկային չափանիշը, զոր միայն փորձառութիւնը կրնայ տալ։

Բարի երթ

Ուստի պատասխանատուութիւնը «մեծ է», ինչպէս որ «երկար» է թերթի պատմութիւնը կը հաստատէ հուսկ Լեւոն ԺԴ շնորհաւորութիւնները փոխանցելով տարեդարձին առիթով` «որ կը վկայէ այն խոր կապը, որ ձեզ կը միացնէ Իտալիոյ հետ եւ կը քաջալերէ ձեզ միասին մշակելու ձեր արմատներն ու ձեր ապագան»։ «Բարի Երթ» կը մաղթէ Քահանայապետը պատգամի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2026, 09:00