Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Մոնաքոյի երիտասարդներուն. «Իրական գեղեցկութիւնը սէրն է»

Քահանայապետը ջերմ ողջոյն մը ուղղեց երիտասարդներուն եւ Սուրբ Մկրտութեան պատրաստուողներուն ընդգծելով հաւատքին եւ սիրոյ կարեւորութիւնը որպէս հոգիի եւ խաղաղութեան աղբիւրներ։ Ան յիշեց Ս. Տեվոթայի եւ Ս. Քարլօ Աքութիսի օրինակները, եւ կոչ ըրաւ երիտասարդներուն չվախնալու իրենք զիրենք նուիրելու Աստուծոյ եւ ուրիշներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոնաքոյի Իշխանապետութիւն կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Պապը Դիոկղետիանոս կայսրի օրօք նահատակուած եւ Իշխանապետութեան պաշտպան սրբուհի` Սրբուհի Տեվոթայի եկեղեցւոյ տարածքին  հանդիպեցաւ Իշխանապետութեան մէջ բնակող երիտասարդներուն եւ սուրբ մկրտութեան խորհուրդին պատրաստուող մեծահասակներուն հետ։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Մոնաքոյի Արքեպիսկոպոս Գերպ. Տոմինիք Մարի Տավիտի ու Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ Հայր Արց Տոմինիքի կողմէ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ տեղւոյն եպիսկոպոսի բարի գալուստի խօսքով որուն յաջորդեցին չորս երիտասարդներու վկայութիւններ ու գեղարուեստական ներկայացումներ։

Սրբազան Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ
Սրբազան Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ   (ANSA)

Վկայութիւններու ներկայացում

Վկայութիւններու շարքին խօսք առին երկու երիտասարդացներ 22 տարեկան Բենիամինը Մոնաքոյէն եւ 24 ամեայ Անտրէան Փոթուկալցի ապա երկու մեծահասակներ որոնք կը պատրաստուին ընդունելու Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը 25 տարեկան Էթանը եւ 35 տարեկան բժիշկ Սոֆին։

Վկայութիւններու ընթացքին անոնք հարցումներ ուղղեցին Լեւոն ԺԴ. Պապին։

Ինչպէ՞ս պահպանել վստահութիւնը եւ քրիստոնէական յոյսը

Բենիամինը, բժշկութեան ուսանող եւ ներգրաւուած անձ, հարց տուաւ Սրբազան Պապին, թէ ինչպէս պահպանել վստահութիւնը եւ քրիստոնէական յոյսը՝ աշխարհի դժուարութիւններու, ինչպէս տառապանքներու, առանձնութեան հակամարտութիւններու եւ շրջակայ միջավայրի խնդիրների առջեւ:

Սրբազան Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ
Սրբազան Պապին հանդիպումը երիտասարդներուն հետ   (AFP or licensors)

Ինչպէ՞ս պահել ամուր եւ կենդանի հաւատք

Անտրէյինան ապա հարց տուաւ թէ ի՞նչպէս պահել ամուր եւ կենդանի հաւատք աշխարհի մը մէջ, որ գերծանրաբեռնուած է խթանումներով եւ երբ կը բախուինք կասկածներու եւ ներքին դատարկութեան պահերուն հետ, որպէսզի ապրի անկեղծ եւ խոր յարաբերութիւնն Յիսուս Քրիստոսի հետ:

Ինչպէ՞ս պատրաստուիլ հոգեւորապէս սուրբ մկրտութեան խորհուրդին

Մինչ Էթանը, որ սկսած է Քրիստոսի հետեւիլ միային 5 տարի առաջ, հարցուց. «Ինչպէ՞ս պատրաստուիլ հոգեւորապէս սուրբ մկրտութեան խորհուրդին՝ Աստուծոյ սէրը ընդունելու համար եւ Ինչպէ՞ս կարենալ ամէն օր վկայել այդ սէրը, որ կը փոխէ մեր կեանքը»։

Լեւոն ԺԴ. Մոնաքոյի մէջ
Լեւոն ԺԴ. Մոնաքոյի մէջ   (AFP or licensors)

Ինչպէ՞ս առօրեայ կեանքին մէջ սիրով համապատասխանել միւսներու կարիքներուն

Բժշկուհի Սոֆին հարցումը եղաւ «Ինչպէ՞ս գտնել յարմար խօսքեր հաւատացեալ հիւանդներուն համար, որոնք իրենք զիրենք լքուած կը զգան Աստուծմէ հիւանդութեան դիմաց» ապա «ինչպէ՞ս առօրեայ կեանքին մէջ սիրով համապատասխանել միւսներու կարիքներուն եւ աճիլ ճշմարիտ սիրոյ արտայայտման մէջ»։

Սրբուհի Տեվոթա եւ Սուրբ Քարլօ Աքութիս օրինակ իսկական հաւատքի

Վերոնշեալ այս վկայութիւններէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապը խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Եպիսկոպոսին իրեն ուղղած ազնիւ խօսքերուն համար ապա յիշեց Սրբուհի Տեվոթան եւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսը` որպէս իսկական հաւատքի եւ դժուար ժամանակներու մէջ վկայութեան օրինակներ։

«Սրբուհի Տեվոթան`, խիզախ երիտասարդ կին մը, որ իր հաւատքը վկայեց մինչեւ նահատակութիւն։ Անոր մարմինը, բերուած Քորսիքայէն, զարմանալի կերպով հասաւ Մոնաքօ, դառնալով Երկրին պահապանը։ Հակառակ հալածանքներուն, անոր զոհաբերումը տարածեց Աւետարանի խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամը, ցոյց տալով, որ բարին աւելի ուժեղ է քան չարը», նշեց Քահանայապետը խօսելով նաեւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսի մասին` երիտասարդ մը` որ սիրահարուած էր Յիսուսով։

Երիտասարդներու հետ հանդիպումը
Երիտասարդներու հետ հանդիպումը   (AFP or licensors)

Հաւատքը իմաստ եւ միութիւն կը պարգեւէ կեանքին

«Այս երկու սուրբերը մեզ կը հրաւիրեն իրենց նմանելու» ըսաւ Լեւոն Պապը ապա մատնանշեց ներկայացուած վկայութիւններուն եւ անոնց ընդմէջէն ուղղուած հարցումներուն նշելով, որ հակառակ, որ հաւատքը կը դիմագրաւէ արագ փոփոխութիւններու ենթարկուած ու խթաններով ծանրաբեռնուած աշխարհի մը մարտահրաւէրը, կը մնայ հիմնական արմատը` որ կեանքի իմաստ եւ միութիւն կը պարգեւէ։

Սէրն է` որ ամրութիւն կու տայ կեանքին

«Այն ինչ որ կեանքին ամրութիւն կու տայ սէրն է...եւ եթէ սիրելը մէկ կողմէ կը պահանջէ բացուածք աճելու եւ փոխուելու համար միւս կողմէ կը պահանջէ հաւատարմութիւն, հետեւողականութիւն ու զոհաբերումի տրամադրութիւն։ Միայն այսպիսով է` որ ներքին պարապութիւնը կը լեցուի, եւ ոչ թէ անցողիկ եւ նիւթական բաներով, կամ «լայք»երով ու արհեստական պատկանելիութիւններով։ Հարկաւոր է սրտին դուռը ազատ պահել իրերէ, որպէսզի շնորհքին մաքուր օդը կարողանայ վերստին զովացնել սենեակները եւ Սուրբ Հոգիին զօրեղ հովը դարձեալ ուռեցնէ մեր գոյութեան առագաստները, զանոնք մղելով դէպի իսկական երջանկութիւն» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը պատասխանելով առաջին երկու հարցումներուն։

Երիտասարդներու հետ հանդիպում
Երիտասարդներու հետ հանդիպում   (AFP or licensors)

Ապրիլ հաւատքը և վկայել յոյսը այսօրուայ աշխարհին մէջ

Ան առ այդ հրաւիրեց երիտասարդները վերագտնելու աղօթքի, լռութեան ու Սուրբ Հոգիին ձայնը ունկնդրելու գեղեցկութիւնը, «տարրեր` որոնք անհրաժեշտ են աճելու համար Քրիստոսի հետ յարաբերութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Պատասխանելով ապա Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդին պատրաստուող երկու մեծահասակներու հարցումներուն Ան նշեց` որ Քրիստոնէական ճանապարհին, հիմնական պահերուն պատրաստուիլը՝ ինչպէս Զատկական գիշերուայ Մկրտութիւնը, կ՛ անցնի խոր մտորումներու և լսելու փորձառութեան միջոցաւ։ Աւագ Շաբաթը կը դառնայ առանձնայատուկ առիթ՝ խորհելու Քրիստոսի Չարչարանքներու մասին, լսելու Սուրբ Հոգիին ձայնը և անկեղծութեամբ վերանայելու սեփական կեանքին։

Իրական վկայութիւնը կը ծնի Աստուծոյ հետ կենդանի և խոր յարաբերութիւնէն

Քահանայապետ քաջալերեց ներկաները առօրեայ կեանքը ապրելու յատկապէս՝ սիրոյ գործադրութեամբ նշելով որ Քրիստոսին միջոցաւ ստացած կեանքի պարգևը վկայելը և տառապողներուն յոյս տանիլը չի նշանակեր ապաւինել միայն սեփական ուժերուն, այլ դիմել Աստծոյ Հոգիին, որ կը գործէ մեր մէջ և մեզի կու տայ անհրաժեշտ խօսքերն ու քաջութիւնը վճռական պահերուն։

«Սիրէ՛ և ըրէ՛ ինչ որ կ’ուզես»

Իրական վկայութիւնը կը ծնի Աստուծոյ հետ կենդանի և խոր յարաբերութիւնէն միայն Ան, որ Անոր մէջ կը գտնէ կեանքի հիմնարար պատասխանները, կարող է զանոնք ճշմարտապէս փոխանցել ուրիշներուն, նշեց Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն որ կ՛ըսէ. «Սիրէ՛ և ըրէ՛ ինչ որ կ’ուզես»։

Սիրել կը նշանակէ անվճար նուիրուիլ, մնալ ուրիշներու կողքին - նոյնիսկ երբ կարելի չէ լուծել բոլոր խնդիրները։ Ճիշտ այս շօշափելի և խոնարհ սէրն է, որ տեսանելի կը դարձնէ իսկական գեղեցկութիւնը։

«Մոնաքոն գեղեցիկ երկիր մըն է, բայց իսկական գեղեցկութիւնը դուն կը բերես, երբ կը գիտնաս աչքերուն մէջ նայիլ անոր, որ կը տառապի կամ ինքզինք կը զգայ անտեսանելի՝ քաղաքին լոյսերուն մէջ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց երիտասարդները ըլլալու յոյսի եւ սիրոյ վկաները, նաեւ դժուարութիւններուն մէջ

Աշխարհը կարիքը ունի ձեր վկայութեան
Աշխարհը կարիքը ունի ձեր վկայութեան   (AFP or licensors)

Աշխարհը կարիք ունի երիտասարդներու վկայութեան

«Աշխարհը կարիքը ունի ձեր վկայութեան՝ յաղթահարելու մեր ժամանակներուն շեղումները եւ դիմագրաւելու անոնց մարտահրաւէրները, եւ մանաւանդ՝ վերագտնելու Աստուծոյ եւ մերձաւորի սիրոյ բարի համը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. երիտասարդներուն ապա Մկրտութեան պատրաստուողները քաջալերեց` որ Քրիստոսի մէջ ապրին լիակատար եւ իսկական կեանք մը եւ բոլորին համար դառնան խաղաղութեան կառուցողներ։

Ձայն տալ անոնց որոնք ձայն չունին

«Դուք այս Եկեղեցւոյ եւ այս Պետութեան երիտասարդ դէմքն էք։ Մոնաքօն փոքր երկիր մըն է, բայց կրնայ դառնալ զօրակցութեան մեծ փորձադաշտ մը, յոյսի պատուհան մը։ Տարէք Աւետարանը ձեր աշխատանքի ընտրութիւններուն մէջ, հասարակական եւ քաղաքական ներգրաւուածութեան մէջ՝ ձայն տալու համար անոնց, որոնք ձայն չունին, տարածելով խնամքի մշակոյթը։ Ամէն ինչ ընծայեցէք Աստուծոյ եւ ամէն բան ապրեցէք իբրեւ առաքելութիւն մը, որ կը կանչէ ձեզ՝ ըլլալու իրարու համար Քրիստոսի մէջ բարեկամներ եւ հաւատարիմ ճանապարհորդակիցներ» եղաւ Սրբազան Պապին երիտասարդներուն ուղղած խօսքին եզրափակիչ խրախուսանքը, որմէ ետքը բոլորը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սրբուհի Տեվոթայի եւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսի հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2026, 12:59