2026.02.01 Angelus

Լեւոն ԺԴ. Պապը փոխադրուեցաւ Առաքելական Պալատի բնակարան

Սուրբ Աթոռի Մամուլի Գրասենեակի տնօրէնը այս լուրը հաստատեց լրագրողներուն։ Կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ տեղափոխութիւնը Sant’Uffizio Պալատէն, ուր Լեւոն Քահանայապետը բնակած էր իր գահակալութեան առաջին տասը ամիսներու ընթացքին։

Վատիկան Նիուզ

Այսօր՝ 14 մարտի կէսօրուան ժամերուն, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը փոխադրուեցաւ Առաքելական Պալատի բնակարան, իր մօտիկ գործակիցներուն հետ միասին։ Այս մասին հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամուլի Գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին։

Մինչեւ օրս Սրբազան Պապը շարունակած էր բնակիլ Sant’Uffizio Պալատ, ուր կը բնակէր երբ Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան ղեկավարն էր։

Քահանայապետական բնակարանը, որ այժմ վերանորոգուած է, կը գտնուի Առաքելական Պալատի Երրորդ Յարկին վրայ։ Ան բաղկացած է բազմաթիւ սենեակներէ, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ անձնական աշխատասենեակը՝ որմէ Սրբազան Պապը կ՜աղօթէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, գրադարանը եւ փոքր մատուռ մը։

Առաքելական Պալատի Բնակարանի վերաբացումը, նոր Քահանայապետի ընտրութենէն ետքը, տեղի ունեցած էր Ուրախ Լեռ Թագուհի աղօթքի աւարտին՝ ներկայութեամբ Սենեկապետ Ֆարրելի, Պետական Քարտուղար Փարոլինի, փոխքարտուղար ՓենԻա Փառայի եւ այլ պաշտօնեաներու։

Լեւոն ԺԴ-ը 2025 թուականի մայիս 11-ին վերաբացած էր Առաքելական Պալատի պապական բնակարանը՝ հեռացնելով այն կնիքները, որոնք դրուած էին ապրիլ 21-ին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի մահէն ետք։ Ֆրանչիսկոս Պապը նախընտրած էր բնակիլ Սանթա Մարթայի տան մէջ։

Առաջին Քահանայապետը, որ Առաքելական Պալատի Երրորդ (Լոճայի) Յարկի տարածքներուն մէջ բնակած է, եղած է Սուրբ Պիոս Ժ.ը (1903-1914)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2026, 18:35