Papa Leone riceve Myriam Spiteri Debono, presidente della Repubblica di Malta

Քահանայապետը ընդունեց Մալթայի նախագահը

«Պետական քարտուղարութեան մէջ ջերմ զրոյցներու ընթացքին տեղի ունեցաւ միջազգային արդի իրադարձութիւններու շուրջ տեսակէտներու փոխանակում, յատկապէս Միջին Արևելքի և Ուքրանիայի իրավիճակներուն վերաբերեալ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր` 2 Մարտի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիկ. Միրիամ Սփիթերի Տեպոնոյին, որ ետքը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիերթօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերը, Պետութիւններու և Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

«Պետական քարտուղարութեան մէջ ջերմ զրոյցներու ընթացքին տեղի ունեցաւ միջազգային արդի իրադարձութիւններու շուրջ տեսակէտներու փոխանակում, յատկապէս Միջին Արևելքի և Ուքրանիայի իրավիճակներուն վերաբերեալ» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին ընդգծուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու լաւ մակարդակը և եկեղեցու ու պետութեան արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներուն մէջ, անդրադառնալով ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներու, ինչպիսիք են ժողովրդագրական իրավիճակը և գաղթականութիւնը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2026, 12:01