Լեւոն ԺԴ. Պապին ճառը «Ֆոքոլարի Շարժումի» անդամներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 21 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ֆոքոլարի շարժումի անդամներուն, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարած էին իրենց ընտրական ժողովը, որուն արդիւնքով Շարժումի նախագահ վերընտրուեցաւ Մարկարէթ Քարրամը։
Ունկնդրութեան առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Քահանայապետը նախ շնորհաւորեց նորընտրեալ նախագահը, ապա յիշեց Շարժումի հիմնադիր` Աստուծոյ Աղախին Քիարա Լուպիքը, ընդգծելով անոր ներշնչումով միութեան խարիզմի կեդրոնական արժէքը։
Միութիւն եւ խաղաղութիւն. Պատգամ աշխարհին
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց միութեան հոգիին զոր անոնք կ՛ապրին իրար միջեւ եւ որ կը դրսեւորուի տարբեր մարդոց միջեւ եղբայրական, հաշտեցուած եւ ուրախ կեանքով մը, այս մէկը նկատելով «պարզ բայց զօրաւոր սերմ մը», որ կը գրաւէ հազարաւոր մարդիկ եւ կը յարուցանէ կոչումներ, կը ծնի առաքելութիւն եւ ընկերային գործեր, կը նպաստէ եկեղեցական եւ միջեկրօնական երկխօսութեան։
Դէմ կանգնիլ ատելութեան եւ բռնութեան
«Այսօր մեծ կարիքն ունինք սոյն միութեան սերմին, որովհետեւ բաժանումի եւ հակառակութեան թոյնը կը միտի ապականել սրտերը եւ ընկերային յարաբերութիւնները ու պէտք է` որ ան հակազդուի միութեան, երկխօսութեան, ներումի եւ խաղաղութեան աւետարանական վկայութեամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` որ Շարժումը կանչուած է ըլլալու խաղաղութեան ժողովուրդ մը, որ դէմ կը կանգնի ատելութեան եւ բռնութեան։
Հասարակական զատորոշումի կարեւորութիւնը
Սրբազան Պապը շեշտեց ապա «հիմնադրումէն ետքի» շրջանի կարեւորութիւնը, կոչ ընելով հասարակական զատորոշումի մը՝ պահելու համար խարիզմի էութիւնը, խթանելով թափանցիկութիւն, համապատասխանատուութիւն եւ բոլոր անդամներու ներգրաւումը։
Քահանայապետը առ այդ հաստատեց` որ զատորոշումի պատասխանատուութիւնը վստահուած է բոլորին եւ կը վերաբերի նաեւ այն ձեւին, որով միութեան խարիզմը պէտք է ապրուի համայնքներուն մէջ։ Այս միութիւնը պէտք է արտայայտուի կեանքի այնպիսի ոճերով, որոնք կը ցոլացնեն աւետարանական նորութիւնը՝ միաժամանակ յարգելով իւրաքանչիւրի ազատութիւնն ու խիղճը եւ արժեւորելով անձնական շնորհքներն ու իւրայատկութիւնը։
Միութիւնը` պարգեւ եւ պարտաւորութիւն
«Միութիւնը պարգեւ է եւ միաժամանակ անձնական պարտաւորութիւն, որ կը հարցաքննէ իւրաքանչիւրս», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ բոլորն ալ կոչուած են փնտռելու Աստուծոյ կամքը եւ զայն ապրելու կեանքի տարբեր իրավիճակներուն մէջ՝ եղբայրասիրութեան, անկեղծութեան, խոնարհութեան եւ ներքին ազատութեան հոգիով։
«Միութիւնը սակայն չի նշանակեր` մտածումի, գաղափարներու եւ կեանքի ոճի միատեսակութիւն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` թէ անիկա պէտք չէ վերացնէ տարբերութիւնները կամ անձնական ազատութիւնը։
Իւրաքանչիւր կանոնի հիմքը սէրն է
Հետեւելով Քիարա Լուպիքի ուսուցումին՝ իւրաքանչիւր կանոնի հիմքը սէրն է, որ պէտք է միշտ սնուցանէ եւ ամրապնդէ միութիւնը։ Սէր մը, որ կը հիմնուի յարգանքի, մեծահոգութեան եւ ճշմարտութեան վրայ, որ եսակեդրոն կամ հպարտ չէ, այլ կ՛ուղղուի ուրիշներու բարիքին, նշեց Քահանայապետը ճառին աւարտին ու հրաւիրեց գոհութիւն յայտնելու Տիրոջ ` Քիարա Լուպիքին խարիզմէն ծնած հոգեւոր պտուղներուն համար՝ երիտասարդներ, ընտանիքներ, նուիրեալներ եւ Շարժումի անդամներ, որոնք նուիրումով կ’ապրին միութիւնը, աղօթքը եւ աւետարանութիւնը։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները վստահութեամբ շարունակելու ճանապարհը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
