Չենք կարող լուռ մնալ պատերազմի զոհ այսքան մարդոց տառապանքի դիմաց. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 22 Մարտ 2026-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ողջունելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալները նշեց` թէ ինք «սարսափով կը շարունակէ հետեւիլ Միջին Արևելքի ինչպէս նաև աշխարհի այլ տարածաշրջաններու իրավիճակին, որոնք յօշոտուած են պատերազմով և բռնութեամբ»։
«Մենք չենք կրնար լուռ մնալ այդքան շատ մարդկանց տառապանքի դիմաց, որոնք այս հակամարտութիւններուն անմեղ զոհերն են։ Այն, ինչ որ զանոնք կը վիրաւորէ, կը վիրաւորէ համայն մարդկութիւնը։ Այս պատերազմներուն պատճառած մահն ու ցաւը գայթակղութիւն են ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար և աղաղակ՝ Աստուծոյ առջև» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա նորոգեց իր զօրեղ կոչը «յարատեւելու աղօթքի մէջ, որպէսզի դադրին թշնամութիւնները և վերջապէս բացուին խաղաղութեան ուղիներ՝ հիմնուած անկեղծ երկխօսութեան և իւրաքանչիւր մարդկային անձի արժանապատուութեան յարգանքի վրայ» ըսաւ Ան։
Քահանայապետը առ այդ յիշեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած մեծ Մարաթոնը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ մարզիկներու մասնակցութեամբ, այդ մէկը նկատելով «յոյսի նշան»։
«Թող մարզանքը հարթէ խաղաղութեան, հասարակական ներառման և հոգևորութեան ճանապարհներ» մաղթեց Սրբազան Պապը ապա ողջունեց աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ ողջոյնի աւարտին ներկաներէն հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
