«Աստուած սէր է։ Ողորմութիւն ունեցէք։ Վար առէք ձեր զէնքերը, յիշեցէ՛ք, որ դուք եղբայրներ էք» . Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 29 Մարտ 2026-ի առաւօտեան ժամը տասին, Յիսուսին Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակի օրուան առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցեց Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած աւանդական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որմէ առաջ գլխաւորեց հանդիսաւոր թափօրը, ի յիշատակ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին, որուն յաջորդեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կեդրոնական կոթողին մօտ արմաւենիներու եւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւնը, հուսկ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր Պատարագը։
Արմաւենիներու եւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւնը
Թափօրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհականներ, կղերականներ, կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասը, մինչ հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալները իրենց ձեռքերուն մէջ կը կրէին ձիթենիի ճիւղերը։
Արմաւենիներու ու ձիթենեաց ճիւղերու օրհնութեան կարգի ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը նկարագրած հատուածին (Մատթէոս 21,1-12)։ Աւետարանական ընթերցումին յաջորդեց սաղմոսասացութիւն ապա Քրիստոս Թագաւորին նուիրուած շարականը` մինչ թափօրին մասնակցողները կ՛ուղղուէին դէպի կեդրոնական խորան, ուր սկիզբ առաւ Լեւոն Պապին նախագահած սուրբ պատարագը։
Յիսուս ինքզինք կը նուիրէ` որպէս սիրոյ պարգեւ մարդկութեան համար
Սուրբ զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան խորհուրդին նուիրուած աւետարանական հատուածը քարոզը կեդրոնացուց Խաղաղութեան Թագաւոր Յիսուսի չարչարանքներուն վրայ, որ ինքզինք կը նուիրէ որպէս սիրոյ պարգեւ մարդկութեան համար։
«Նայինք Յիսուսին որ կը ներկայանայ` որպէս խաղաղութեան թագաւոր, մինչ անոր շուրջը կը պատրաստուի պատերազմը։ Ան` որ հաստատ կը մնայ հեզութեան մէջ, մինչ ուրիշներ կը գրգռուին բռնութեան մէջ։ Ան` որ կը նուիրուի որպէս մարդկութեան շոյանք, մինչ ուրիշներ իրենց ձեռքը կ՛առնեն սուրեր եւ գաւազաններ։ Ան` որ աշխարհի լոյս է, մինչ խաւարը կը պատէ աշխարհը։ Ան` որ եկաւ կեանք բերելու, մինչ կ՛իրականանայ անոր մահուան դատապարտումի ծրագիրը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց որ «Յիսուս կ՛ուզէ աշխարհը հաշտեցնել ու տապալել բոլոր պատնէշները, որոնք մեզ կը բաժնեն Աստուծմէ եւ մերձաւորէն» որովհետեւ «Ան մեր խաղաղութիւնն է» (Եփեսաց. 2,14)։
Խաչին վրայ քամուելով Տէրը կ՛ողյագուրէ պատմութեան բոլոր խաչերը
«Ան որպէս խաղաղութեան Թագաւոր Երուսաղէմ կը մտնէ իշու աւանակի մը վրայ, եւ երբ իր աշակերտներէն մին սուրը հանելով կը հարուածէ քահանայապետի ծառան Յիսուս զայն կը կանգնեցնէ ըսելով. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատթ.26,52)։ Իսկ մինչ իր վրայ կ՛առնէր մեր բոլոր տառապանքները եւ մեր մեղքերուն համար կը խոցուի, ոչ մէկ խօսք կ՛ըսէ. Չի պաշտպաներ ինքզինք չի պատերազմիր ոչ մէկ պատերազմ։ Կը բացայայտէ Աստուծոյ հեզ դէմքը որ, կը մերժէ բռնութիւնը ու փոխանակ ինքզինք ազատելու, թոյլ կու տայ խաչուիլ խաչին վրայ, ողջագուրելու համար պատմութեան բոլոր խաչերը» յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը։
Մեր Աստուածը խաղաղութեան Թագաւորն է
«Եղբայրներ, քոյրեր, ահա մեր Աստուածը՝ Յիսուս, խաղաղութեան Թագաւորը։ Աստուած մը, որ կը մերժէ պատերազմը, որուն ոչ մէկը կարող է շահագործել պատերազմը արդարացնելու համար, որ չի լսէր պատերազմի գացողներուն աղօթքը և կը մերժէ զայն՝ ըսելով «Նոյնիսկ եթէ բազմացնէք ձեր աղօթքները, ես չեմ լսեր.․ ձեր ձեռքերն արիւնով լի են» (Ես. 1,15)։
Անոր նայելով` որ խաչուեցաւ մեզի համար մենք կը տեսնենք մարդկութեան խաչերը» շարունակեց Պատարագիչ Հայրապետը եւ աւելցուց. «Անոր վէրքերուն մէջ կը տեսնենք այսօրուայ մարդոց եւ կիներուն վէրքերը։ Անոր Հօր ուղղուած աղաղակին մէջ կը լսենք լացն անոր` որ յուսալքուած է, հիւանդ եւ միայնակ։ Եւ ամենէ առաջ կը լսենք ցաւի ճիչն անոնց` որոնք ճնշուած են բռնութեամբ եւ ճիչը պատերազմի բոլոր զոհերուն»։
Աստուած սէր է եւ դուք եղբայրներ էք
«Քրիստոս՝ Խաղաղութեան Արքան, տակաւին իր խաչէն կ՛ աղաղակէ. «Աստուած սէր է։ Ողորմութիւն ունեցէք։ Վար առէք ձեր զէնքերը, յիշեցէ՛ք, որ դուք եղբայրներ էք» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ Աստուծոյ Ծառայ Գերապ. Թոնինօ Պելլոյի խօսքերով այդ ճիչը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամին ըսելով.
«Սրբուհի Մարիամ, երրորդ օրուան կին, մեզի տուր այն վստահութիւնը որ, հակառակ ամէն ինչի, մահը մեր վրայ ազդեցութիւնը պիտի չունենայ։ ԹԷ ժողովուրդներու անիրաւութիւնները հաշուըւած օրեր ունին։ Պատերազմներու փայլատակումները կամաց-կամաց կը մարին եւ կը դառնան մթնշաղային լոյսեր։ Աղքատներուն տառապանքները հասած են վերջին շունչերուն։ [...] Եւ, վերջապէս, բռնութիւններու եւ ցաւի բոլոր զոհերուն արցունքները շուտով պիտի չորնան, ինչպէս գարնան արեւուն կողմէ հալած եղեամը։ («Maria, donna dei nostri giorni»)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
