Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը 

Լեւոն ԺԴ. Պապին խոր ցաւը Միջին Արեւելքի անմեղ մանուկներուն եւ բոլոր զոհերուն Համար

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր խոր վիշտը յայտնած է Միջին Արեւելքի ռմբակոծումներուն զոհ գացած բազմաթիւ անմեղներուն, յատկապէս հարիւրաւոր մանուկներուն համար՝ կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու բոլոր թշնամական գործողութիւնները։ Քահանայապետը յատուկ աղօթք մատուցած է նաեւ Լիբանանի մէջ սպաննուած մարոնի քահանայ Հայր Փիեռ Էլ-Ռահիի յիշատակին, որ իր մահկանացուն կնքած էր վիրաւոր ծխականի մը օգնութեան փութալու պահուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը, (Telegram)ի պաշտօնական ալիքով, հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը, ուր Ան իր խորին վիշտն ու աղօթքը կը յայտնէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող արիւնալի իրադարձութիւններուն եւ անմեղ զոհերուն համար:

Աղօթք՝ յանուն խաղաղութեան եւ անմեղ մանուկներուն

Քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց «բազմաթիւ անմեղներուն, որոնց շարքին են մեծաթիւ մանուկներ», որոնք իրենց մահկանացուն կնքեցին վերջին օրերու ռմբակոծումներուն հետեւանքով: Ըստ «Եունիսեֆ»-ի եւ «Save the Children» կազմակերպութիւններու տուեալներուն, տագնապի վերջին սրացումէն ի վեր սպաննուած են շուրջ 300 մանուկներ:

Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի կացութեան եւ անդադար կ՛աղօթէ, որպէսզի «կարելի եղածին չափ շուտ դադրին բոլոր թշնամական գործողութիւնները» տարածաշրջանին մէջ:

Մարունի Քահանայի մահը Լիբանանի Մէջ

Պապին ցաւակցական գիրին մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է Մարունի համայնքի քահանայ Հայր Փիեռ Էլ-Ռահիի նահատակութիւնը: Վերջինս սպաննուած է երկուշաբթի, 9 մարտին,  կէսօրէ ետք, Լիբանանի Քլայա շրջանին մէջ տեղի ունեցած յարձակումի մը ընթացքին:

Դէպքի մանրամասնութիւնները փոխանցած է Սուրբ Երկրի Պահպանութեան միաբանութեան անդամ Հայր Թուֆիք Պու Մերհին: Ըստ անոր՝ Հայր Փիեռը փութացած էր օգնութեան հասնելու իր ծխականներէն մէկուն, որ վիրաւորուած էր լեռնային գօտիի իր տան վրայ կատարուած առաջին յարձակումին ժամանակ: Մինչ քահանան եւ այլ երիտասարդներ կը փորձէին փրկարարական աշխատանք տանիլ, նոյն վայրը ենթարկուած է երկրորդ ռմբակոծումի մը, որուն հետեւանքով քահանան ծանր վիրաւորուած է եւ հիւանդանոց փոխադրուելէն քիչ անց կնքած է իր մահկանացուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2026, 08:46