Որոնել

2019.04.07 mani, unione famiglia, sostegno, nascita bambini, genitore, amore padre

Պատերազմի խելագարութեամբ յատկանշուած ժամանակի մը մէջ կարեւոր է պաշտպանել կեանքը. Լեւոն ԺԴ.

«Կարեւոր է պաշտպանել կեանքը՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ անոր բնական աւարտը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

25 Մարտ 2026-ի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները` Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ յատուկէն յիշեց Լեհաստանի մէջ այսօր նշուող «Կեանքի Սրբութեան Օրը»։

«Իրապէս կարիք ունինք նման նախաձեռնութիւններու, ինչպիսին է՝ ծնունդ առած երեխայի հոգեւոր որդեգրութիւնը, որ կը սկսի ճիշդ այսօր։ Պատերազմի խելագարութեամբ յատկանշուած ժամանակի մը մէջ կարեւոր է պաշտպանել կեանքը՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ անոր բնական աւարտը» ըսաւ Սրբազան Պապը

Ծնունդ առած երեխայի հոգեւոր որդեգրութիւնը աղօթքի նախաձեռնութիւն մըն է՝ ի պաշտպանութիւն կեանքի։ Սոյն նախաձեռնութեան զարգացման մէջ նշանակալից պահ մըն եղաւ 1994 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը, որ նպաստեց այս գործելակերպին տարածման համայն աշխարհին մէջ։

Հոգեւոր որդեգրութիւնը կազմուած է ինը ամիս շարունակ ամենօրեայ աղօթքէ՝ վտանգուած կեանք ունեցող մէկ ծնունդ առած երեխայի համար։ Կարելի է սկսիլ տարուան որեւէ օր։ Եթէ աղօթքը սկսի Մարտ 25-ին, անիկա կ՛աւարտի Դեկտեմբեր 25-ին՝ Սուրբ Ծնունդին օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2026, 10:50