Պապին նուիրուեցաւ հեռաբժշկութեան նոր սարք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի մէջ, մարտի 4-ին, «Patrons of the World’s Children Hospital» ամերիկեան ոչ շահութաբեր կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը Լեւոն ԺԴ Պապին նուիրեց հեռաբժշկութեան համակարգի համար նախատեսուած TELADOC LITE սարք մը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ անուան փորքրիկ դահլիճին մէջ, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտէն ետք։
Նշուած կազմակերպութիւնը կը համակարգէ Պապի Համաշխարհային Դաշինքը Մանուկներու Առողջութեան եւ Մարդասիրական Խնամքի համար նախաձեռնութիւնը, որ միջազգային ցանց մըն է՝ միաւորող մանկական հիւանդանոցներ եւ առողջապահական կառոյցներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն, ներառեալ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը։ Նախաձեռնութեան նպատակը առաջին երեք տարիներուն ընթացքին օգնելն է շուրջ մէկ միլիոն կարիքաւոր երեխաներու։
Պապին նուիրուած սարքը հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնել բարձրորակ հեռավար բժշկական այցելութիւններ՝ զանոնք մօտեցնելով առերես խորհրդակցութեան մակարդակին։ Ներկայացման ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ հեռավար բժշկական կապ մը Արժանթինի հետ՝ ի ցուցադրութիւն հեռաբժշկութեան այս նոր գործիքի կարելիութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
