Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւն 2025-ին Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւն 2025-ին 

Ապրիլ 26-ին Լեւոն ԺԴ. ութ նոր քահանաներ կը ձեռնադրէ Հռոմի թեմին համար

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Պազիլիքային մէջ։ Քահանայապետը հաստատած է նաեւ եօթը մնայուն սարկաւագներու թեկնածութիւնը, որոնք պիտի ձեռնադրուին Ապրիլ 18-ին՝ Լատերանի Ամենասուրբ Փրկիչի եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ու Աւետարանիչի պազիլիքային մէջ, ձեռամբ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս կարդինալ Ոալտօ Ռէյնայի
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Մարտ 7-ին Լէոն ԺԴ. Պապը իր համաձայնութիւնը տուած է Հռոմի թեմին քահանաներու եւ մնայուն սարկաւագներու թեկնածուներու ձեռնադրութեան համար, որոնց թեկնածութիւնը ներկայացուած էր «De Promovendis ad Ordines Sacros» համապատասխան յանձնախումբերուն կողմէ։

Քահանայութեան թեկնածուները

Ապագայ քահանաները պիտի ձեռնադրուին Սրբազան Պապին գլխաւորած արարողութեան ընթացքին՝ Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, Զատկուան չորրորդ կիրակին, որ կը կոչուի նաեւ Բարի Հովիւի կիրակի։

Թեկնածուներն են՝ Կուլիելմօ Լաբէննա, Ճորճիօ Լարոզա, Ժոս Էմանուէլէ Նլեմէ Սապաթէ, Ճովաննի Էմանուէլէ Նունցիանթէ Սալազար, Անթոնինօ Օրտինէ, Եորտան Քամիլօ Ռամոս Մետինա, Տանիելէ Ռիշիքա եւ Քրիստիան Սկուացինօ։

«Հռոմի ամբողջ Եկեղեցին կը բաժնէ այս ուրախութիւնը» կը նշուի Հռոմի Թեմին հրատարակած յայտարարութեան մէջ։

Մնայուն սարկաւագութեան թեկնածուները

Մնայուն սարկաւագութեան թեկնածուներն են՝ Աթիլիօ Ալթամուրա, Ալֆրետօ Արոլքի, Ռոպերթօ Քարլեթթի, Մաուրօ Քիալասթրի, Սալվաթորէ Քոթթու, Ճուլիանօ Ֆեռարօ եւ Իճինօ Թրավալյինօ։ Անոնք պիտի ձեռնադրուին Շաբաթ, 18 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 10-ին, Լատերանի Ամենասուրբ Փրկիչի եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ու Աւետարանիչի Քահանայապետական աւագ Պազիլիքային մէջ , կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնայի ձեռամբ՝ որ Քահանայապետի ընդհանուր փոխանորդն է Հռոմի թեմին համար։

«Թող անոնք հաւատարիմ մնան ստացած կոչումին եւ դառնան Քրիստոսի սրտին համաձայն՝ Աւետարանի խոնարհ ու ուրախ ծառաներ»,— այս է աղօթքը, որ Հռոմի թեմը կը բաժնէ եւ որուն բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ միանալու՝ վստահութեամբ խնդրելով «քահանայութեան եւ սարկաւագութեան նոր եւ սուրբ կոչումներու պարգեւը, որպէսզի Տէրը շարունակէ շինել Իր Եկեղեցին եւ Իր ժողովուրդին պարգեւել առատաձեռն հովիւներ եւ սպասաւորներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2026, 07:45