Խաղաղութեան Իշխանը թող բանայ հաշտութեան ու խաղաղութեան իրական ուղիներ. Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 29 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Յիսուսին Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակի օրուան առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ, Լեւոն ԺԴ. Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որմէ առաջ խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն ըսաւ.
Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր,
Աւագ շաբաթուայ սկզբին մենք աւելի քան երբեք աղօթքով մօտ ենք Մերձաւոր Արևելքի քրիստոնեաներուն, որոնք կը տառապին սարսափելի հակամարտութեան հետևանքներէն և շատ մը դէպքերու պարագային չեն կարող լիովին ապրիլ այս սուրբ օրերուն ծէսերը։
Ճիշտ այն պահին, երբ Եկեղեցին կը խորհրդածէ Տիրոջ Չարչարանքներու խորհուրդի մասին, չենք կարող մոռանալ անոնք, որոնք այսօր իրական կերպով կը մասնակցին Անոր տառապանքին։ Անոնց տառապանքը կը դիմէ բոլորի խղճին։
Բարձրացնենք մեր աղերսանքը Խաղաղութեան Իշխանին, որպէսզի զօրացնէ պատերազմէ վիրաւորած ժողովուրդները և բանայ հաշտութեան ու խաղաղութեան իրական ուղիներ։
կը ցանկամ նաև Տիրոջ վստահել այն ծովագնացները, որոնք պատերազմի զոհ դարձան։ Կ՛ Աղօթեմ ննջեցեալներու, վիրաւորներու և անոնց ընտանիքներուն համար։ Երկիրը, երկինքը և ծովը ստեղծուած են կեանքի և խաղաղութեան համար։
Եւ աղօթենք բոլոր այն գաղթականներուն համար, որոնք մահացան ծովուն մէջ, յատկապէս անոնց համար, որ վերջին օրերուն իրենց կեանքը կորսնցուցին Քրեթէ կղզիի ափերուն մօտ։
Կ՛ողջունում և շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի բոլորիդ՝ հռոմէացիներ և ուխտաւորներ, որ մասնակցեցաք այս արարողութեան։
Այժմ միասին դիմենք Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Անոր բարեխօսութեան վստահելով մեր բոլոր աղերսանքները։ Թող այս սուրբ օրերուն Ան մեզ առաջնորդէ՝ հաւատքով և սիրով հետևելու Յիսուսին՝ մեր Փրկիչին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
