Լեւոն ԺԴ. յիշեց Լիբանանի մէջ սպաննուած քահանան ու մօտիկութիւնը յայտնեց համայն լիբանանի ժողովուրդին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր Լիբանանի Քլայաա քաղաքին մէջ կը կատարուի հայր Փիեռ Էլ Ռայիի թաղման արարողութիւնը։ Ան մարոնիթ քահանայ մըն էր՝ Լիբանանի հարաւի քրիստոնեայ գիւղերէն մէկուն ծխական հովիւը, գիւղեր, որոնք այս օրերուն կրկին կ՚ապրին պատերազմի ողբերգութիւնը։ Այս ծանր փորձութեան պահուն մօտ եմ ամբողջ լիբանանեան ժողովուրդին». Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին խօսքերն են ասոնք զոր Ան արտասանեց չորեքշաբթի 11 Մարտին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին յիշելով ինը մարտին Լիբանանի մէջ սպաննուած Մարոնիթ Քահանան ու մօտիկութիւնը արտայայտելով Լիբանանի համայն ժողովուրդին, որ կը դիմագրաւէ ծանր ու մտահոգիչ պատերազմական իրավիճակը։
«Արաբերէնով «Էլ Ռայի» կը նշանակէ «հովիւ»։ Հայր Փիեռը իսկապէս ճշմարիտ հովիւ մըն էր, որ միշտ մնաց իր ժողովուրդին կողքին՝ Յիսուս Բարի Հովիւի սիրով եւ զոհողութեամբ։ Երբ լսեց, թէ իր ժողովրդապետութենէն ոմանք ռմբակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած էին, առանց երկմտելու վազեց՝ օգնելու անոնց։ Թող Տէրը կամենայ, որ անոր թափուած արիւնը խաղաղութեան սերմ դառնայ սիրելի Լիբանանի համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց.
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար Իրանի մէջ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքին մէջ, մասնաւորաբար քաղաքացիական բազմաթիւ զոհերուն համար, որոնց մէջ կան նաեւ անմեղ շատ մանուկներ։ Թող մեր աղօթքը մխիթարութիւն ըլլայ անոնց համար, որոնք կը տառապին, եւ յոյսի սերմ՝ ապագային համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
