Smoke rises after an Israeli military strike on Iran's Basij forces headquarters in Tehran

Իրան. խաղաղութիւնը չի կառուցուիր փոխադարձ սպառնալիքներով կամ մահ սերմանող զէնքերով. Լեւոն ԺԴ.

«Հսկայական ողբերգութեան մը հնարաւորութեան առջեւ, կողմերուն կ՚ուղղեմ սրտագին կոչ մը՝ ստանձնելու բարոյական պատասխանատուութիւնը եւ դադրեցնելու բռնութեան պարոյրը, նախքան որ ան դառնայ անվերադարձ անդունդ մը։ Թող դիւանագիտութիւնը վերագտնէ իր դերը եւ խթանուի ժողովուրդներու բարիքը, որոնք կը տենչան արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղ համակեցութիւն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ հրաւիրեց «շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար»։
Ունկնդրէ լուրը


Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ Մարտ 2026-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նշեց` թէ ինք «խոր մտահոգութեամբ» կը հետեւի Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մէջ այս ժամերուն տեղի ունեցող դէպքերուն։

«Կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը չեն կառուցուիր փոխադարձ սպառնալիքներով, ոչ ալ զէնքերով, որոնք կը սերմանեն աւերում, ցաւ եւ մահ, այլ միայն՝ խոհեմ, անկեղծ եւ պատասխանատու երկխօսութեամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը։

«Հսկայական ողբերգութեան մը հնարաւորութեան առջեւ, կողմերուն կ՚ուղղեմ սրտագին կոչ մը՝ ստանձնելու բարոյական պատասխանատուութիւնը եւ դադրեցնելու բռնութեան պարոյրը, նախքան որ ան դառնայ անվերադարձ անդունդ մը։ Թող դիւանագիտութիւնը վերագտնէ իր դերը եւ խթանուի ժողովուրդներու բարիքը, որոնք կը տենչան արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղ համակեցութիւն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ հրաւիրեց «շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար»։

«Այս օրերուն նաեւ մտահոգիչ լուրեր կը հասնին Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի միջեւ բախումներու մասին» շարունակեց Լեւոն ԺԴ. աղերսելով որ շտապ կերպով վերադարձ կատարուի երկխօսութեան։

«Միասին աղօթենք, որպէսզի բոլոր աշխարհի հակամարտութիւններուն մէջ յաղթէ համերաշխութիւնը։ Միայն խաղաղութիւնը՝ Աստուծոյ պարգեւը, կրնայ բուժել ժողովուրդներու միջեւ վէրքերը» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա մօտիկութիւն արտայայտեց Պրազիլեան Մինաս Ժերայիս նահանգի բնակչութեան, որոնք ծանր ջրհեղեղներու հետեւանքով տուժած են իր աղօթքը ապահովեցնելով զոհերուն, իրենց տունը կորսնցուցած ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը մասնակցին փրկարարական աշխատանքներուն։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց Հռովմէացի եւ այլ երկիրներու ուխտաւորները յատուկ կերպով նաեւ Հռոմի մէջ բնակող Քամերունցիներու խումբը, որոնց կ՛ընկերակցի այդ Երկրի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Նախագահը, զոր ըսաւ Լեւոն ԺԴ. «Աստուծոյ կամքով, ուրախութիւնը պիտի ունենամ այցելել ապրիլ ամսուան մէջ»։

Ան ապա ողջունեց ուխտաւորներու միւս խումբերը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2026, 12:31