Որոնել

Մոնաքօ. Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը եւ հաւատքի «մարգարէական» դերը

Մոնաքոյի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց հաւատացեալները Յիսուս Քրիստոսը դաւանել որպէս մարդկութեան միակ բարեխօսն ու պաշտպանը՝ շեշտելով եկեղեցւոյ դերը որպէս համերաշխութեան եւ հիւրընկալութեան վայր։ Ան միաժամանակ կոչ ուղղեց պաշտպանելու մարդկային կեանքի սրբութիւնը եւ որդեգրելու «մարգարէական» հաւատք մը, որ արդի թուային լեզուով ու պատասխանատուութեան բարոյականութեամբ կը դիմագրաւէ աշխարհիկացման մարտահրաւէրները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, մարտ 28-ին, Մոնաքոյի Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Միջօրէի Ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, մասնակցութեամբ  Կաթողիկէ համայնքին։

Այս առթիւ արտասանած քարոզը, Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացնելով իր խօսքը Յովհաննէս Առաքեալի առաջին թուղթին վրայ, Յիսուս Քրիստոսը ներկայացուց որպէս մարդկութեան «արդար բարեխօսը» Աստուծոյ առջեւ։

Եկեղեցին՝ որպէս Համերաշխութեան տուն

Արարողութեան, որուն ներկայ էր նաեւ Ալպէր Իշխանը, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Մոնաքոյի Իշխանապետութեան իւրայատուկ դիմագիծը։ Թէեւ փոքր պետութիւն, սակայն Մոնաքոն իր մէջ կը բովանդակէ զանազան ազգութիւններ եւ մշակոյթներ՝ ստեղծելով կենսունակ հաւաքականութիւն մը։

«Այս եկեղեցին վայր մըն է, ուր բոլորը կը գտնեն ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն», ըսաւ ՍրբազաՆ Հայրը իր քարոզին մէջ աւելցնելով որ, քրիստոնէական հաւատքը պէտք է ըլլայ այն միաձուլող ուժը, որ թոյլ չի տար ընկերային կամ տնտեսական տարբերութիւններուն վերածուելու բաժանարար գիծերու։ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու աստուածային սիրոյ արտացոլումը, ուր ոչ մէկ խտրականութիւն կայ «Յունաց եւ Հրեաներու» միջեւ, քանի որ բոլորը մէկ են ի Քրիստոս։

Մարդու Իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պաշտպանութիւն

Խօսքը կեդրոնացնելով Աւետարանի քարոզչութեան վրայ, Նորին Սրբութիւնը յատուկ շեշտադրումներ կատարեց հետեւեալ կէտերուն շուրջ.

Կեանքի Սրբութիւնը: Աւետարանը պէտք է քարոզուի ի նպաստ մարդկային կեանքի արժէքին՝ յղացումի առաջին պահէն մինչեւ բնական վախճան։

Ընկերային Արդարութիւն: Անդրադառնալով արդի տնտեսական օրինականերուն վրայ, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հրաժարիլ սոսկ շահոյթի վրայ հիմնուած տրամաբանութենէն եւ որդեգրել պատասխանատուութեան բարոյականութիւն։

Մարգարէական Հաւատք: Քահանայապետը յարեց, որ Հաւատքը չի կրնար վերածուիլ սոսկ սովորութեան կամ աւանդութեան։ Այն պէտք է ըլլայ կենդանի եւ «մարգարէական», ընդունակ՝ հարցադրումներ ընելու եւ դիմագրաւելու աշխարհիկացման այն միտումները, որոնք մարդը կը մղեն դէպի անհատապաշտութիւն։

Նոր Լեզու եւ թուային դարաշրջանի մարտահրաւէրը

Լեւոն ԺԴ. յորդորեց օգտագործելու «նոր գործիքներ եւ լեզուներ, ներառեալ թուայինը», հաւատքը փոխանցելու համար։ Այս նորարար մօտեցումը յատկապէս կարեւոր է երիտասարդներուն եւ նորադարձներուն համար, որոնք կը փնտռեն իրենց հոգեւոր ինքնութիւնը արդի արագընթաց աշխարհին մէջ։

«Սիրելինե՛ր, հայեացքը յառած պահելով Յիսուս Քրիստոսի՝ Հօր մօտ մեր բարեխօսին վրայ, կը ծնի հաւատք մը, որ արմատաւորուած է Անոր հետ անձնական յարաբերութեան մէջ. հաւատք մը, որ կը վերածուի վկայութեան՝ ընդունակ կերպարանափոխելու կեանքը եւ նորոգելու հասարակութիւնը: Այս հաւատքը կարիքն ունի քարոզուելու նոր գործիքներով ու լեզուներով, ներառեալ թուային միջոցները, եւ բոլորը պէտք է անոր առաջնորդուին ու կազմաւորուին յարատեւութեամբ եւ ստեղծագործական ոգիով: Ասիկա մասնաւորաբար կը վերաբերի անոնց, որոնք նոր կը սկսին բացուիլ Աստուծոյ հետ հանդիպումին՝ երախաներուն եւ հաւատքին վերադարձողներուն, որոնց հանդէպ ձեզի կը յանձնարարեմ ցուցաբերել առանձնակի ուշադրութիւն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու  քարոզը եզրափակեց հայցելով Մոնաքոյի պաշտպան սրբուհիին՝ Սուրբ Տեւոդայի (Sainte Dévote) եւ Անարատ Յղութեան Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, քաջալերելով նաեւ հաւատացեալները՝ ըլլալու քաջարի վկաներ, որոնք ունակ են վերափոխելու ընկերութիւնը՝ հայեացքը միշտ սեւեռած պահելով Քրիստոսի՝ մարդկութեան միակ յոյսին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2026, 11:16