2026.03.26 Cattedrale di Canterbury, presso l'altare che si dice sia il luogo del martirio di San Thomas Becket. arcivescovo di Canterbury e primate della Comunione anglicana, Sarah Mullally, e il cardinale Kurt Koch, prefetto del Dicastero per la Promozi

Լեւոն Պապին շնորհաւորական նամակը «Canterbury »ի նոր Արքեպիսկոպոս Սարա Մուլլալլիին

«Իմ կողմէս, հաստատապէս կը հաւատամ, որ պէտք է շարունակենք երկխօսութիւնը ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ, որովհետեւ միայն ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ է, որ միասին կը հասնինք ճանչնալու Աստուծոյ շնորհքը, ողորմութիւնը եւ խաղաղութիւնը (հմմտ. Բ Յովհ. 1, 3), եւ այսպիսով կրնանք այդ թանկագին պարգեւները ընծայել աշխարհին» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Քենթըրպուրիի մէջ տեղի ունեցած Քանթերպուրիի նոր Արքեպիսկոպոս Տիկին Սարա Մուլլալլիին գահակալութեան  առիթով Սրբազան Պապ Լեւոն ԺԴ. շնորհաւորական նամակ մը յղեց անոր, որուն յանձնումը կատարեց Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ` կարդինալ Քիւրտ Քոխը, Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, Քենթըրպուրիի Մայր տաճարին մէջ կայացած միասնական աղօթքի արարողութեան աւարտին, զոր նախագահեց նոր արքեպիսկոպոսը և Անկլիքան համայնքի առաջնորդ Սարա Մալլալլին։

Արարողութեան ընթացքին օգտագործուեցաւ այն նոյն ծնակարանը, որ օգտագործուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի և արքեպիսկոպոս Ռոբերտ Ռանսիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ՝ 1982 թուականին։

Անկլիքան ընտանիքի պատմութեան դժուար ժամանակաշրջան

«Գիտեմ, որ այն ծառայութիւնը, որուն համար ընտրուած էք, ծանր է՝ պատասխանատուութիւններ կրելով ոչ միայն Քենթրպուրիի թեմին մէջ, այլեւ ամբողջ Անգլիոյ Եկեղեցւոյ եւ Անկլիքան Համայնքի շրջանակին մէջ։ Աւելին, այս պարտականութիւնները կը ստանձնէք Անկլիքան ընտանիքի պատմութեան դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Տիրոջմէ խնդրելով, որ ձեզ զօրացնէ իմաստութեան պարգեւով, կ՛ աղօթեմ, որպէսզի Սուրբ Հոգին առաջնորդէ ձեզ ձեր համայնքներուն ծառայութեան մէջ, եւ դուք ներշնչում քաղէք Մարիամ Աստուածածնի օրինակէն» գրած է Լեւոն ԺԴ. իր պատգամին մէջ վերահաստատելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը Անկլիքան Համայնքի հետ երկխօսութեան ի սպաս, յատուկէն յիշելով 1966 թուականի 23 եւ 24 Մարտին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը` ընդմէջ Պօղոս Զ. Պապի եւ Արքեպիսկոպոս Մայքըլ Ռեմզիի, որ նշանաւորեց երկու Եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու նոր շրջանի սկիզբը։

Դժուարութիւնները արգելք պէտք չէ ըլլան զիրար ճանչնալու որպէս եղբայրներ

Իր գրութեան մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց արձանագրուած յառաջընթացներուն՝ մասնաւորաբար Անկլիկան-Կաթողիկէ յանձնաժողովին (ARCIC) աշխատանքին շնորհիւ, ու նաեւ այն դժուարութիւններուն, որոնք տակաւին առկայ են ամբողջական միութեան ճանապարհին վրայ։

Այնուամենայնիւ, ան շեշտեց, որ այս տարակարծութիւնները պէտք չէ արգիլեն քրիստոնեաներուն՝ զիրար ճանչնալու որպէս եղբայրներ՝ ընդհանուր մկրտութեան հիման վրայ։

Շարունակել երկխօսութիւնը ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ

«Իմ կողմէս, հաստատապէս կը հաւատամ, որ պէտք է շարունակենք երկխօսութիւնը ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ, որովհետեւ միայն ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ է, որ միասին կը հասնինք ճանչնալու Աստուծոյ շնորհքը, ողորմութիւնը եւ խաղաղութիւնը (հմմտ. Բ Յովհ. 1, 3), եւ այսպիսով կրնանք այդ թանկագին պարգեւները ընծայել աշխարհին» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

Միութիւնը հաւատալի կը դարձնէ Աւետարանի հռչակումը

Ան նաեւ ընդգծեց, որ քրիստոնէական միութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ էական միջոց մըն է՝ աւելի հաւաստի դարձնելու Աւետարանի հռչակումը ժամանակակից աշխարհին մէջ։

Պատգամի աւարտին, Սրբազան Պապը նորանշանակ արքեպիսկոպոսին ծառայութիւնը յանձնեց Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան՝ յուսալով, որ անոր առաքելութիւնը նպաստէ Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան եւ հաղորդութեան աւելի խորացման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 10:04