Ընտանիքը Աստուծոյ պարգեւ եւ մարդկային հարստութեան դպրոց
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 19 Մարտին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հրատարակուած «Amoris laetitia» յետսիւնհոդոսական յորդորագիրի տասներորդ ամեակը, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը հրատարակեց ընդգծելով ընտանեկան եւ ամուսնական կեանքի սիրոյն նուիրուած այդ յորդորագիրի կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին այդ յորդորագիրը որակեց «ընտանեկան եւ ամուսնական կեանքի սիրոյն նուիրուած յոյսի լուսաւոր պատգամ մը», դիտել տալով` թէ անիկա պտուղն է երեք տարուայ սիւնհոդոսական զատորոշումի մը, ապա գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ ըլլայ անցած ըլլայ եկող աւետարանութեան ուղեւորութեան համար։
Ընտանիքը ընկերութեան հիմք
Յղում կատարելով Վատիկանեան Բ. Ժողովին Լեւոն ԺԴ. հաստատեց` որ ընտանիքը ընկերութեան հիմքն է, Աստուծմէ տրուած պարգեւ եւ մարդկային հարստութեան դպրոց, նշելով նաեւ` որ Սուրբ Պսակի Խորհուրդը կը կազմէ «տնային Եկեղեցի մը` որ կարեւոր դերակատարութիւն մը ունի դաստիարակութեան եւ հաւատքի փոխանցման գործին մէջ»։
Բացի «Amoris laetitia » յորդորագիրէն Լեւոն ԺԴ. ակնարկեց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 1981-ին հրատարակած եւ ընտանիքին նուիրուած «Familiaris consortio» առաքելական յորդորին, նշելով` որ երկու այդ փաստաթուղթերը «խթանեցին Եկեղեցւոյ դաւանաբանական և հովուական նուիրումը՝ ծառայելու երիտասարդներուն, ամուսիններուն և ընտանիքներուն։
Ասկէ մեկնելով Ան վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը` թէ «կարելի չէ խօսիլ ընտանիքներու մասին առանց զանոնք ներգրաւելու, ունկնդրելով անոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը, ցաւերն ու անձկութիւնները», ապա ընդգծեց այդ ուղեւորութիւնը շարունակելու հարկաւորութիւնը։
Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ամուսնական սէրը
Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրած է վերագտնել ամուսնութեան կոչումին գեղեցկութիւնը ու թիկունք կանգնիլ ընտանիքներուն` յատկապէս անոնց` որոնք կը տառապին աղքատութենէ եւ բռնութիւններէ, նշեց ապա Լեւոն ԺԴ. շեշտը դնելով Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, որ թոյլ կու տայ ապրիլ «սիրոյ պատմութիւններ» նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ։
Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը
Ասկէ մեկնելով Ան կարեւորեց Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը` դիւրաբեկութիւններուն ընկերանալու, զատորոշելու եւ ընդելուզելու գործին մէջ, ապա գնահատեց այն բազմաթիւ ընտանիքները` որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը շարունակեն ապրիլ «ընտանեկան սիրոյն հոգեւորականութիւնը» որ «կազմուած է իրական եւ շօշափելի հազարաւոր ժեստերով» ու շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել բոլոր այն եկեղեցական կառոյցներուն, որոնք նուիրուած են ընտանիքի հովուական ծառայութեան։
Եկեղեցին եւ ընտանիքները. վերանորոգուած պարտաւորութիւն
«Մեր ժամանակը կը պահանջէ յատուկ հովուական ուշադրութիւն ընտանիքներուն, որոնք կոչուած են մասնակցելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան» յայտնեց ապա Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով` որ «Եկեղեցին չի կրնար «երկրի աղը» ըլլալ առանց աշխարհական հաւատացեալներուն եւ ընտանիքներուն։
«Ուստի Եկեղեցւոյ ներգրաուուածութիւնը այս ոլորտին մէջ պէտք է նորովի վերահաստատուի և խորանայ, որպէսզի անոնք, որոնց Տէրը կը կոչէ դէպի ամուսնական և ընտանեկան կեանք, կարողանան Քրիստոսին մէջ ապրիլ իրենց ամուսնական սէրը, իսկ երիտասարդները ներգրաւուին Եկեղեցւոյ մէջ ամուսնութեան կոչումի խորութեամբ» նշեց Սրբազան Պապը։
Ընտանիքի աւետարանացումին նուիրուած հաւաք
«Հաշուի առնելով այն փոփոխութիւնները, որոնք շարունակաբար կ՛ազդեն ընտանիքներուն վրայ, ես որոշեցի 2026 թուականի հոկտեմբերին համախմբել աշխարհի բոլոր Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու նախագահները՝ փոխադարձ լսողութեամբ սիւնհոդոսական զատորոշումի գործընթաց իրականացնելու համար՝ հասկանալու, թէ ինչ քայլեր պէտք է ձեռնարկուին այսօր ընտանիքներուն Աւետարանը հռչակելու համար՝ Amoris laetitia-ի լոյսին ներքոյ և նկատի ունենալով նաեւ այն, ինչ որ կ՛ իրականացուի տեղական եկեղեցիներուն մէջ» գրած է Լեւոն ԺԴ. պատգամի աւարտին այս ընթացքը յանձնելով Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեան՝ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին պահապանին, որուն տօնը կը յիշատակուի այսօր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
