Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. «Աղօթքը կը փոխէ պատմութիւնը, պատերազմներէ զերծ դարաշրջան մը անհասանելի չէ»։

Լեւոն ԺԴ. Պապը Չիքակոյի համալսարանական հանդիպման մասնակիցներուն յղած իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ ճշմարիտ խաղաղութիւնը Աստուծոյ շնորհն է, որուն հասնելու համար անհրաժեշտ են միջազգային համագործակցութիւն, հասարակաց բարիքի հետապնդում եւ աղօթքի միացնող ուժը: Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց երիտասարդներն ու գիտնականները՝ դառնալու Քրիստոսի գործակիցները հաշտութեան մշակոյթի տարածման եւ պատմութիւնը փոխելու յանձնառութեան մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Չ իքակոյի «Լոյոլա» համալսարանին մէջ հաւաքուած «Խաղաղութեան եւ Հաշտութեան Միջազգային Հանդիպում»-ի մասնակիցներուն: Պապը ջերմօրէն ողջունեց համալսարանական ուսանողներու, գիտնականներու եւ առաջնորդներու այս նախաձեռնութիւնը, որ կը շարունակէ 2022-ին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած «Կամուրջներ կառուցելու» (Building Bridges Initiative) ծրագիրը:

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ պատերազմի եւ բռնութեան վէրքերով լեցուն մեր ժամանակներուն մէջ, այսպիսի հանդիպումները հրատապ անհրաժեշտութիւն են: Պապը առաջադրեց երեք հիմնական սկզբունքներ՝ խաղաղութեան հասնելու համար: Առաջին, իսկական խաղաղութիւնը պարզապէս հակամարտութեան բացակայութիւնը չէ, այլ՝ Աստուծոյ պարգեւը, որ աշխարհի խաղաղութենէն տարբեր է: «Քրիստոնեաները կոչուած են Քրիստոսի հետ գործակից ըլլալու՝ ընտանիքներու, համայնքներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ներդաշնակութիւն տարածելու համար», ըսաւ Պապը:

Երկրորդ, համաշխարհային մակարդակի վրայ համաձայնութիւն ստեղծելու համար անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան մասնակցութիւնը՝ ի նպաստ հասարակաց բարիքին, որ կը վերանայ սահմաններէն ու կրօնական աւանդոյթներէն: Պապը յորդորեց զարգացնել համակարգային եւ միջառարկայական համագործակցութիւնը՝ միացնելով կրթական հաստատութիւնները, գիտնականները եւ առաջնորդները:

Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ իրական ներդաշնակութեան արմատը Աստուծոյ կողմէ Յիսուս Քրիստոսի մահուամբ ու յարութեամբ բերուած հաշտութիւնն է: Պապը յատուկ շեշտադրում կատարեց աղօթքի ուժին վրայ՝ նշելով. «Երբ տարբեր կրօնական աւանդոյթներու պատկանող մարդիկ կը միանան աղօթքի մէջ, անիկա պատմութեան ընթացքը փոխելու կարողութիւն ունի»:

Պատգամը աւարտելով՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը քաջալերեց հանդիպման մասնակիցները՝ հաւատալու, որ հակամարտութենէ զերծ դարաշրջան մը կարելի է կերտել: Ան իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն՝ իբրեւ Տիրոջ խաղաղութեան ու ուրախութեան գրաւական:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2026, 16:19