Չվարժուի՛նք զէնքերու որոտին։ Խաղաղութիւնը մաքրուած սիրտերու գործն է․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Շաբաթ՝ 28 Մարտ 2026ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Մոնաքոյի Իշխանապետութիւն միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը Լուի Բ․ մարզադաշտն էր, ուր Ան կէսօրէն ետքը ժամը 3.30-ին մատուցեց Սուրբ Պատարագը
Յիսուս ցաւը ուրախութեան վերածեց
«Ինչու՞ Յիսուս, որ եկաւ աշխարհ՝ մեզ մահուան դատապարտանքէն ազատելու համար, մահուան դատապարտուեցաւ»։ Նորին Սրբութիւնը սոյն հարցումը ուղղեց Պատարագին արտասանած իր քարոզին սկիզբը՝ յղում կատարելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Ս. Գրային ընթերցումներուն (11,45-57), ուր կը խօսուի Յիսուսի դէմ մահավճիռին մասին։
Պապը պատահականութիւն չնկատեց Կայիափայի կողմէ Յիսուսը սպաննելու վճիռը, այլ անոր ու դպիրներու կողմէ յստակ եւ մտածուած կամք, վախի մէջ արմատացած քաղաքական հաշուարկ, որ եթէ Յիսուս շարունակէր յոյս ներշնչել՝ ժողովուրդին ցաւը ուրախութեան վերածելով, Անոր աճող ազդեցութիւնը կրնար հռոմէացիներուն միջամտութեան պատճառ դառնալ։
Աստուած չի մոռնար այն խոստումը, որով աշխարհը կը պատրաստէ փրկութեան
«Նազովրեցին որպէս Մեսիա, այսինքն՝ երկար սպասուած Քրիստոս ճանչնալու փոխարէն, կրօնական առաջնորդները զինք կը տեսնեն որպէս սպառնալիք։ (…) Սակայն, եթէ մարդիկ մոռնան Օրէնքը, որ կը պատուիրէ չսպաննել, Աստուած չի մոռնար այն խոստումը, որով աշխարհը կը պատրաստէ փրկութեան։ Անոր նախախնամութիւնը այդ մարդասպան վճիռը դարձուց սիրոյ գերագոյն մտադրութիւնը դրսեւորելու միջոց», հաստատեց Պապը։
Յիսուս՝ նշան կեանքի պարգեւին
Այսպիսով, շարունակեց Ան, ականատեսը կը դառնանք երկու հակադիր շարժումներու. մէկ կողմէ՝ Աստուծոյ յայտնութիւնը, որպէս ամենակարող Տէր և Փրկիչ, միւս կողմէ՝ հզօր իշխանութիւններու գաղտնի գործունէութիւնը, որոնք պատրաստ են առանց խղճահարութեան սպաննելու: Ասիկա չէ՞ արդեօք այն, ինչ կը կատարուի այսօր: Անոնց հատման կէտին կը կանգնի Յիսուսի՝ կեանք պարգեւելու նշանը», յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը։
Չարին յամառութեան դիմաց՝ կայ Աստուծոյ յաւիտենական արդարութիւնը
Ասկէ մեկնելով Ան նկատել տուաւ, որ «Յիսուսին պատմութիւնը մեր բոլորի պատմութիւնն է։ Տակաւին այսօր, որքա՜ն հաշիւներ կը կատարուին աշխարհի մէջ՝ անմեղներ սպաննելու համար որքան կեղծ պատճառներ կը բերուին զանոնք վերացնելու համար»։
Միեւնոյն ատեն, Լեւոն ԺԴ․պատուիրեց չմոռնալ, որ չարին յամառութեան դիմաց՝ կայ Աստուծոյ յաւիտենական արդարութիւնը։ Տէրը կ’ազատէ մեզ ցաւէն՝ յոյս ներշնչելով, սրտի կարծրութիւնը վերածելով ծառայութեան մէջ զօրութեան ու ողորմութեան։ Իսկ ողորմութիւնը կը փրկէ աշխարհը՝ հոգ տանելով ամէն մէկ անձի գոյութեան՝ արգանդէն, մինչև մահ
Մարգարէները Աստուծոյ փրկութեան ծրագրի վկաներ
Մարգարէները, ըստ Լեւոն Պապին, կը վկայեն, թէ ինչպէս Աստուած կ’իրականացնէ իր փրկութեան ծրագիրը։ Ներշնչուած Եզեկիէլ Մարգարէի պատգամէն, Ան նշեց, որ աստուածային գործը կը սկսի որպէս ազատագրում (37, 23) եւ կ’ամբողջանայ որպէս ժողովուրդի սրբացում (հմմտ. 28)։
Ազատագրում կուռքերէն
Առաջին հերթին ազատագրում կուռքերէն՝ այսինքն այն ամէնէն, որ սիրտը ստրուկ կը դարձնէ, ինչպէս ագահութիւնը կամ սնափառութիւնը: Կուռքերը կը սահմանափակեն մարդուն միտքը: Կռապաշտները, հետեւաբար, կարճատես մարդիկ են, որուն պատճառաւ կը մոռնան մերձաւորին կարիքները:
Սակայն, Աստուած մեզ չի լքեր փորձութիւններուն մէջ, «մեզ պատժելու փոխարէն, Ան իր սիրով, Քրիստոսի խոնարհութեան օրինակով, կը կործանէ չարը՝ իրականացնելով հանդիսաւոր խոստում մը. «Ես պիտի մաքրեմ զանոնք. անոնք պիտի ըլլան իմ ժողովուրդս, եւ Ես պիտի ըլլամ անոնց Աստուածը» (Եզ 37, 23), շեշտեց Քահանայապետը՝ կրկին մէջբերելով Եզեկիէլ մարգարէին խօսքերը։
Չվարժուի՛նք զէնքերու որոտին
Ուստի՝ «Ժողովուրդները վիրաւորող բազմաթիւ անարդարութիւններու եւ ազգերը բաժնող պատերազմներու դիմաց», Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց. «Չվարժուի՛նք զէնքերու որոտին, պատերազմական պատկերներուն։ Խաղաղութիւնը պարզապէս ուժերու հաւասարակշռութիւն չէ, այլ մաքրուած սիրտերու գործն է, անոնց՝ որոնք միւսը կը տեսնեն որպէս եղբայր, որ պէտք է պաշտպանել, ոչ թէ որպէս թշնամի, որ պէտք է ոչնչացնել»
Կոչ Մոնաքոյի Եկեղեցւոյ՝ ուրախացնել շատերը հաւատքով
Ան, ի վերջոյ, կոչ ըրաւ Մոնաքոյի Եկեղեցւոյ՝ ուրախացնել շատեր իրենց հաւատքով՝ դրսեւորելով ճշմարիտ ուրախութիւն մը, որուն աղբիւրը Աստուծոյ սէրն է կեանքին հանդէպ՝ նորածիններէն մինչեւ կարիքաւորները, երիտասարդներէն մինչեւ տարեցները, առողջներէն մինչեւ հիւանդներն եւ մինակները։
Այս Քառասնորդաց շրջանի դարձի ճանապարհը կը վերափոխէ մարդկային յարաբերութիւնները՝ մեզ առաջնորդելով կռապաշտութենէն դէպի ճշմարիտ հաւատք եւ մահէն դէպի կեանք, յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ.՝ աւարտելով իր քարոզը։
Աւելցնենք նաեւ, թէ՝ Լուի Բ. մարզադաշտը, որ կը գտնուի Ֆոնվիէյ շրջանին մէջ, կը կրէ 1922-էն 1949 թուականներուն իշխող Մոնաքոյի Իշխանին անունը։ Մարզադաշտը գլխաւորաբար կը հիւրընկալէ ոտնագնդակի մրցումներ։
Մարզադաշտին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագէն ետք Քահանայապետն ուղղուեցաւ Մոնաքոյի ուղղաթիռային կայան, ուր նախատեսուած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
