Օդանաւերը պէտք է ըլլան խաղաղութեան կրողներ, երկինքէն մահուան սպառնալիքներ պէտք չէ հասնին․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Օդանաւերը միշտ պէտք է ըլլան խաղաղութեան կրողներ, ոչ թէ՝ պատերազմի։ Ոչ ոք պէտք է վախնայ, որ երկինքէն հասնին մահուան եւ կործանման սպառնալիքներ։ 20րդ դարու ողբերգական փորձառութիւններէն ետք օդային ռմբակոծումները պէտք էր, որ ընդմիշտ արգիլուած ըլլային։ Սակայն տակաւին կան եւ, արհեստագիտական զարգացումը, ինքնին դրական ըլլալով հանդերձ, կը ծառայեցուի պատերազմին։ Ասիկա առաջընթաց չէ, այլ՝ հետընթաց»։ Խօսքերն են ասոնք Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին, զոր Ան արտասանեց «ITA Airways» ընկերութեան ղեկավարներուն եւ անձնակազմին ուղղած իր պատգամին մէջ՝ զանոնք ընդունելով Վատիկանի մէջ այսօր՝ 23 Մարտին։
Որակեալ մասնագէտներ եւ ընտանեկան մթնոլորտ ստեղծելու ունակ անձեր
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին սկիզբը նախ անդրադարձաւ այն փաստին, որ Սուրբ Պօղոս Զ․էն սկսեալ Պապի ինքնաթիռով ուղեւորութիւններու պատմութիւնը յատուկէն կապուած է Իտալիոյ դրօշակակիր օդային ընկերութեան հետ եւ աւելցուց, որ ինչպէս իր նախորդները, այնպէս ալ իր համագործակիցները կրցած են գնահատել անոր անդամները, որպէս որակեալ մասնագէտներ ու փորձագէտներ եւ միաժամանակ ընտանեկան ու հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելու ունակ անձեր, ուր «յարգանքը կը միանայ նուիրուածութեան»։
Քահանայապետը՝ խաղաղութեան պատգամաբեր, Անոր ուղիները՝ եղբայրութեան կամուրջներ
Թռիչքները «Պետրոսի Իրաւայաջորդներուն առաքելութեան պերճախօս խորհրդանիշներէն մին» բնութագրելով, Լեւոն Պապը հաստատեց, որ առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին Պապը խաղաղութեան պատգամաբեր կը հանդիսանայ, մինչ Անոր ուղիները՝ երկխօսութեան, հանդիպումի, եղբայրութեան կամուրջներ։
Երկինքներուն մէջ գծել խաղաղութեան ուղիներ
Ի վերջոյ, ներկաներուն ուշադրութիւնը կրկին հրաւիրելով այսօրեայ պատերազմական իրավիճակներուն վրայ, Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ «առաւել եւս կարեւոր կը դառնայ երկինքներուն մէջ խաղաղութեան ուղիներ գծել» եւ «ITA Airways»ի եւ «Gruppo Lufthansa»ի ներկայացուցիչներուն իր շնորհակալութիւնը եւ վստահութիւնը արտայայտեց»՝ ըսելով․ «գիտեմ, որ կրնամ վստահիլ ձեր վրայ»։
Աւարտին Լեւոն ԺԴ․ իր Առաքելական Օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
