2026.03.16 Membri della Pontificia Commissione per la Tutela dei Minori

Բռնութիւններու կանխարգիլումը կը պահանջէ դարձի գործընթաց․ Լեւոն ԺԴ․

Այսօր Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ներս ընդունեց Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի լիագումար ժողովին մասնակիցները․ նպաստել բռնութեան կանխարգիլմանը, որ պարզապէս արձանագրութիւններու կամ ընթացակարգերու ամբողջութիւն մը չէ, այլ՝ Եկեղեցւոյ մէջ խնամքի մշակոյթի ձեւաւորում, որ կը պահանջէ դարձի գործընթաց։ Պահանջկոտ, երբեմն լուռ, յաճախ ծանր ծառայութիւն, բայց կարեւոր՝ Եկեղեցւոյ մէջ կեանքի և խնամքի իսկական մշակոյթ մը կառուցելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ձեր առաքելութիւնն է նպաստել բռնութեան կանխարգիլման։ Սակայն կանխարգիլումը պարզապէս արձանագրութիւններու կամ ընթացակարգերու ամբողջութիւն մը չէ, այլ՝ Եկեղեցւոյ մէջ խնամքի մշակոյթի ձեւաւորում, զոր կը պահանջէ դարձի գործընթաց, որտեղ անչափահասներու եւ խոցելի անձանց պաշտպանութիւնը չի դիտուիր որպէս պարտադրուած պարտաւորութիւն, այլ՝ որպէս հաւատքի բնական արտայայտութիւն։ «Պահանջկոտ, երբեմն լուռ, յաճախ ծանր ծառայութիւն», որ «ուժգին կերպով լոյս աշխարհ կը բերէ ճշմարտութիւնը» եւ «ապրուած ցաւը ճանչնալու միջոցաւ յոյսի եւ նորոգման վստահելի ճանապարհ կը բանայ»։ Շեշտադրումներն են ասոնք որ պարունակուած են Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին ճարին մէջ ուղղուած Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի լիագումար ժողովին մասնակիցներուն, զոր Քահանայապետը ընդունեց այսօր՝ 16 Մարտին Քլեմենթինա դահլիճին մէջ։

Չարաշահումներու կանխարգիլումը ընտրովի առաջադրանք մը չէ

«Իմ պատուարժան նախորդս՝ Ֆրանչիսկոս Պապ, որոշեց մշտապէս ներառել Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի ծառայութիւնը Հռոմէական Քուրիայի մէջ՝ յիշեցնելու համար ամբողջ Եկեղեցւոյ, որ չարաշահումներու կանխարգիլումը ընտրովի առաջադրանք մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ առաքելութեան բաղկացուցիչ հարթութիւն, եւ ես իմ ընտրութենէն ի վեր, մեծապէս քաջալերուած եմ Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Կարգապահական բաժնին հետ Յանձնախումբի հաստատած երկխօսութեամբ, ըսաւ Քահանայապետը։

Գիտելիքի փոխանակում

Ան ապա բազմամասնագիտական ​​եւ համապարփակ մօտեցումը նկատեց անոնց աշխատանքի մէկ այլ կարեւոր տարր եւ, առ այդ, յորդորեց Յանձնախումբին, որպէս Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան մարմին, ընդլայնել համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներուն մէջ անչափահասներու պաշտպանութեամբ զբաղուող Վերատեսչութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հետ, «որպէսզի իրենց գիտելիքներով հարստացնեն ձեր աշխատանքը», եւ, «անոնք եւս կարողանան հարստանալ Յանձնախումբին տասն մէկամեայ ծառայութեան ընթացքին ձեռքբերած փորձառութենէն, որ հիմնուած է «մասնաւորապէս զոհերուն, վերապրածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ցուցաբերած ուշադիր եւ անկեղծ լսողութեան» վրայ։

Թափանցիկ գործիքներ առաջընթացի համար

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կարեւոր գործիք նկատեց Յանձնախումբի տարեկան զեկոյցը՝ որպէս «ճշմարտութեան եւ պատասխանատուութեան, ինչպէս նաեւ յոյսի եւ խոհեմութեան գործադրում, որոնք պէտք է միասին քալեն՝ Եկեղեցւոյ բարիքին համար»։

Այս հաւասարակշռութեան մէջ Լեւոն Պապը ընդգծեց, որ յոյսը մեզի թոյլ չի տար տրուել յուսահատութեան, իսկ խոհեմութիւնը մեզ կը պահէ յանկարծակի քայլերէն եւ մակերեսայնութենէն՝ չարաշահումներու կանխարգիլման հարցը դիմագրաւելու ատեն, աւելցնելով, որ եկեղեցիներու մեծաւորներու պատասխանատուութիւնը չի կրնար ուրիշին փոխանցուիլ։

Ժամանակի նշանները

Քահանայապետը յորդորեց նաեւ աջակցիլ տեղական Եկեղեցիներուն, յատկապէս այնտեղ, որտեղ կը պակսին միջոցներ կամ ունակութիւններ, առարկայական արտայայտութիւններու միջոցաւ լսելու չարաշահումներու ենթարկուած զոհերը եւ ուղեկցիլ անոնց։

Լեւոն ԺԴ․ «անհամբեր» սպասելով երրորդ տարեկան զեկոյցին՝ «արդեն իսկ ձեռք բերուած խրախուսական առաջընթացի վերաբերեալ», յիշեցուց, որ կան երկու ոլորտներ, որոնք ճիշտ է քննարկուած են, սակայն հետագայ ուսումնասիրութեան կարիքը ունին. «բռնութեան հետ կապուած խոցելիութեան հայեցակարգը եւ թուային տարածքին մէջ արհեստագիտութիւններու միջոցաւ մանուկներու նկատմամբ բռնութեան կանխարգիլումը»։

Ան ապա կոչ ըրաւ, կարդալ «այս «ժամանակի նշանները» եւ օգնել «քաջաբար դիմակայելու պաշտպանութեան մարտահրաւէրներուն եւ արձագանքել հովուական պարզութեամբ եւ կառուցուածքային նորացմամբ»։

Սրբազան Հայրը, եզրափակելով իր պատգամը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ երեխաներուն, դեռահասներուն եւ խոցելի անձանց պաշտպանութեանն ուղղուած իրենց աշխատանքին համար․ «Ձեր ողջ ջանքը ցոյց կու տայ, որ ձեր առաքելութիւնը պարզապէս պաշտօնական գործունէութեան հաստատումը չէ, այլ հաղորդութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան նշան», յարեց ի վերջոյ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 12:12