Լեոն ԺԴ. Պապին առաքելական այցը Մոնաքոյի Իշխանապետութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ, 28 Մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Մոնաքոյի Իշխանապետութիւն։ Ինը ժամ տեւող այս այցը պիտի հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Պապին Եւրողական ցամաքամասի առաջին այցը եւ Քահանայապետութեան երկրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը, անցեալ տարուայ Նոյեմբեր ամսոյն աւարտին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնէն ետքը եւ ինք պիտի ըլլայ առաջին քահանայապետը որ ժամանակակից դարաշրջանի մէջ կ՛այցելէ իշխանապետութիւնը։
Օրուան յայտագիրը
Երկուշաբթի ինը մարտին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց Ճամբորդութեան յայտագիրը, որ սկիզբ պիտի առնէ առաւօտեան ժամը եօթին երբ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն ուղղաթիռով պիտի մեկնի դէպի Մոնաքօ ուր ժամանումը նախատեսուած է երկու ժամ թռիչքէ ետք առաւօտեան ժամը ինին` Մոնաքոյի ուղղաթիռային կայան, ուր նախատեսուած է պաշտօնական դիմաւորումը հուսկ փոխադրում Մոնաքոյի Իշխանական Պալատ ուր տեղի պիտի ունենայ Բարի գալուստի արարողութիւնը եւ հանդիպում Մոնքաոյի Իշխանին հետ, որուն ընթացքին Սրբազան Պապը կ՛ուղղէ իր ողջոյնի խօսքը։
Հանդիպում Կաթողիկէ համայնքին եւ երիտասարդներուն հետ
Ժամը 11-ին նախատեսուած է հանդիպում իշխանապետութեան կաթողիկէ համայնքին հետ, Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ, որուն ընթացքին նախատեսուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը, որուն պիտի յաջորդէ հանդիպում երիտասարդներուն և քրիստոնէական դասընթացքներու մասնակցող պատանիներուն հետ. Սրբուհի Տեվոթա եկեղեցւոյ տարածքին, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը իր սրտին խօսքը պիտի ուղղէ ներկաներուն։
Սուրբ Պատարագը
Կէսօրէն ետքը ժամը 3.30-ին յայտագիրը կը նախատեսէ առաքելական այցի կեդրոնական պահերէն մին` այսինքն Սուրբ Պատարագը, Լուի Բ մարզադաշտին մէջ, որով պիտի աւարտի Քահանայապետին միօրեայ այցը Մոնաքոյի Իշխանապետութիւն եւ Մոնաքոյի ուղղաթիռային կայանին մէջ տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք Ան վերադարձ կը կատարէ Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 7,45-ի ժամանակները։
Ճամբորդութեան նշանաբանն ու կարգախօսը
Ճամբորդութեան նշանաբանին մէջ ներկայացուած է Քահանայապետին հոգևոր առաքելութիւնը և Մոնաքոյի ինքնութիւնը։
Վերի մասի ձախ կողմը զետեղուած է սև-ճերմակ գոյներով Լեւոն ԺԴ-ը, ժպտացող և օրհնութեան ձեռքով, կրելով ծիսական հագուստները, որ արտայայտումն է այցի հոգևոր և հովուական բնոյթին։
Աջ կողմը ցուցադրուած է Մոնաքոյի պալատի աշտարակը, որ կը յիշեցնէ Իշխանապետութեան ինքնութիւնը և գերիշխանութիւնը։ Աշտարակի գոյնը ամբողջութեամբ բաց դեղին է, որ կը յիշեցնէ Վատիկանի դրօշը։
Նշանաբանի տակի մասին մէջ ամբողջութեամբ տեղադրուած է ուղևորութիւնը յայտարարող գրութիւնը, որուն կենտրոնին մէջ մեծատառերով կ՛երևի «Լեւոն ԺԴ.» անունը, իսկ «Մոնաքօ» բառը շեշտուած է ազգային դրօշի կարմիր վառ գոյնով և արքայական զարդի գոյներով։
Նշանաբանին վարը զետեղուած է հուսկ ճամբորդութեան կարգախօսը՝ «Je suis le Chemin, la Verité et la Vie - Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը և Կեանքը» (Յոհվ. 14,6), որմէ ի յայտ կու գայ որ Քահանայապետը կը ներկայացնէ Քրիստոսը և անոր պատգամը։
Ընդհանուր առմամբ, նշանաբանը կ՛ ընդգծէ Քահանայապետին կերպարը և անոր առաքելական առաքելութիւնը, համահունչ ընդունելով Իշխանապետութիւնը, որուն պետական կրօնը Կաթողիկէութիւնն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
