Լեւոն Պապը պիտի պարգեւատրուի «ազատութիւններու խթանման» մէջ իր յանձնառութեան համար
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ յառաջիկայ 3 Յուլիսին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադրութեան 250-ամեակին նախօրեակին, Ֆիլատելֆիոյ «Independence Mall - Անկախութեան Առեւտուրի Կեդրոն»ի արտաքին տարածքին վրայ, «National Constitution Center - Ազգային Սահմանադրութեան Կեդրոն»ի կողմէ կազմակերպուած հանրային արարողութեան ընթացքին պիտի պարգեւատրուի «Liberty Medal – Ազատութեան Մետալ»ով։
Թիւով 38րդ այս Մրցանակը կը գնահատէ Քահանայապետին կատարած աշխատանքը՝ ամբողջ աշխարհին մէջ կրօնի, խղճի եւ արտայայտութեան ազատութեան խթանման ուղղութեամբ, որոնք ամրագրուած են ամերիկացի հիմնադիր հայրերուն կողմէ՝ Սահմանադրութեան Առաջին Փոփոխութեամբ։
Լեւոն ԺԴ․ մտադիր է մրցանակի ընդունման իր խօսքը արտասանել ուղիղ եթերով Վատիկանէն՝ առցանց լսատեսողական կապի միջոցաւ։
Սրբազան Պապի երախտագիտութիւնը
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Մաթթէօ Պրունի յայտնած է, թէ Պապը խորապէս երախտապարտ է «այս հեղինակաւոր ճանաչումին համար՝ նման նշանակալից տարեդարձի մը առիթով ամերիկեան ժողովուրդին համար, որ կոչուած է խորհրդածելու իր պատմութեան 250 տարիներուն վրայ՝ պահպանելով Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնը եւ ազատութիւնը` որպէս իր ժառանգութեան բնորոշ գիծեր ապագայ սերունդներուն համար»։
Լեւոն ԺԴ-․ի երկխօսութեան յանձնառութիւնը
«National Constitution Center»ի մամլոյ հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ Քահանայապետին նուիրուածութիւնը միջկրօնական եւ համամիութենական երկխօսութեան։ «Իր գործունէութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, «կ’արտացոլայ աւելի լայն բարոյական տեսլական մը, որ կը դիտէ կրօնական ազատութիւնը ոչ թէ որպէս վերացական իրաւունք, այլ որպէս մարդկային արժանապատուութեան շօշափելի արտայայտութիւն, յատկապէս անտեսուած համայնքներուն համար, ներառեալ կրօնական փոքրամասնութիւններն ու անոնք, որոնք կը տուժեն հակամարտութիւններէ»։
Մրցանակին բնոյթը
Ֆիլատելֆիոյ «National Constitution Center»ին նպատակն է տօնախմբել Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեամբ հռչակուած մարդկային ազատութեան տեսլականը։
«Liberty Medal»ը հիմնուած է 1988ին՝ ի յիշատակ ԱՄՆ Սահմանադրութեան 200ամեակին։ Ամէն տարի այս մետալը կը պատուէ խիզախ եւ վճռակամ անձեր ու կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն՝ յանուն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու ազատութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
