Ֆրանսացի Եպիսկոպոսներուն ժողովը Ֆրանսացի Եպիսկոպոսներուն ժողովը  (AFP or licensors)

Կրթութիւն, չարաշահումներ եւ ծէս․ Լեւոն ԺԴ․ Պապի յանձնարարութիւնները Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն

Սրբազան Քահանայապետը քաջալերած է Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, որուն եպիսկոպոսները 24 Մարտէն Լուրտի Տիրամօր Սրբավայրի մէջ կը գումարեն իրենց գարնանային լիագումար ժողովը՝ պաշտպանելու կաթողիկէ կրթութիւնը, պայքարելու սեռական չարաշահումների դէմ եւ մտածելու «Vetus Ordo»ի հարցին լուծումներ գտնելու մասին:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 25 Մարտին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի կողմէ ստորագրուած պատգամով, ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գարնանային լիագումար ժողովին մասնակիցներուն։ Կրթութիւն, չարաշահում եւ ծէս։ Այս երեք նիւթերուն շուրջ կը ծաւալուի պատգամը։ Նիւթեր, որոնց ի միջի այլոց կ’անդրադառնան նաեւ եպիսկոպոսները Լուրտի Տիրամօր Սրբավայրի մէջ չորսօրեայ Լիագումար ժողովի ընթացքին, զոր կը կայանայ Մարտ 24էն 27ը:

Պաշտպանել կաթողիկէ կրթութիւնը

Գիտակցելով դպրոցներու մէջ չարաշահումներու հետ կապուած վերջին իրադարձութիւններու հետեւանքով առաջացած ցնցումներուն, որոնք կրկին հեղեղեցին մամուլը, Լեւոն ԺԴ․ կը ճանչնայ «աճող թշնամանքի շրջագիծը», բայց կոչ կ’ընէ յամառօրէն պաշտպանելու կաթողիկէ կրթութիւնը, եւ աւելի առարկայական կերպով՝ «վճռականօրէն» պահպանելու քրիստոնէական հարթութիւնը, որ անոր «գոյութեան իմաստն» է։

Չարաշահումներ․ ողորմութիւն բոլորի հանդէպ

Երկրորդ նիւթը, որուն կ’անդրադառնան Ֆրանսայի եպիսկոպոսները իրենց քննարկումներուն ընթացքին, մանուկներուն նկատմամբ չարաշահումներն են:

Եկեղեցւոյ մէջ սեռական չարաշահումներու վերաբերեալ անկախ յանձնաժողովի (CIASE - Commission indépendante sur les abus sexuels dans l’Église) ստեղծումէն ի վեր, ֆրանսացի եպիսկոպոսները կը շարունակեն իրենց պայքարը այս երեւոյթին դէմ։ Անոնց կայուն յանձնառութիւնը ընդգծելով հանդերձ՝ Պապը կը խնդրէ անոնցմէ շարունակել լսել եւ ուշադիր ըլլալ զոհերու նկատմամբ եւ կ’ընդգծէ երկարաժամկէտ կանխարգելիչ միջոցառումներու եւ բոլորի հանդէպ Աստուծոյ ողորմութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յոյս կը յայտնէ, որ «չարաշահումներուն մէջ մեղաւոր քահանաները չի բացառուին այս ողորմութենէն»: Ան զուգահեռաբար կը քաջալերէ հոգեւոր հովիւները եւ կը վերահաստատէ իր լիակատար վստահութիւնը անոնց նկատմամբ, որոնցմէ շատերը «ծանրապէս տուժած են» իրենց որոշ գործընկերներու կողմէ ցուցաբերուած բռնարարքներու հետեւանքներէն։

Սուրբ Պատարագի ծէս

Վատիկանի Պետքարտուղարի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ, ի վերջոյ, Լեւոն Պապը կ’անդրադառնայ Սուրբ Պատարագի ծէսին, ի մասնաւորի «Vetus Ordo»ի (Վատիկանի Տիեզերական Բ․ ժողովէն առաջ կիրառուող լատիներէնով պատարագամատոյց) հետ կապուած համայնքներու աճին» եւ իր մտահոգութիւնը կ’արտայայտէ Եկեղեցւոյ մէջ «միութեան խորհուրդը» խորհրդանշող «Սուրբ Պատարագի մատուցման հետ կապուած» վէրքը բաց տեսնելով․ «եթէ Եկեղեցին մայր է, որ հոգ կը տանի իր մանուկներուն, ուրեմն պէտք է բուժէ վէրքերը եւ «նոր հայեացք նետէ […] միւսին՝ անոր զգայունութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար», կը նշէ Ծիրանաւորը եւ, կը հրաւիրէ, որ Սուրբ Հոգւոյն օգնութեամբ փնտռուին «առարկայական լուծումներ», որոնք թոյլ կու տան ներգրաւել «Vetus Ordo»ին անկեղծօրէն կապուածները՝ Վատիկանի Տիեզերական Բ․ ժողովի կողմէ սահմանուած ուղեցոյցներուն համաձայն»:

Յոյսի տեսանելի նշաններ

Եկեղեցւոյ «դժուար ժամանակներուն» կողքին Լեւոն ԺԴ․ կը նշմարէ «յոյսի եւ Աստուծոյ ներկայութեան նշաններ սրտերուն մէջ», որուն վառ վկայութիւնն է վերջին տասը տարիներու ընթացքին մկրտուածներու զգալի աճը․ 2025 թուականին՝ 17․800, մինչ 2026 թուականի համար Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը նախատեսէ հասնել 20,000ի նշաձողին։ Հոգեւոր հետաքրքրութեան զգալի վերածնունդ, որ պէտք է դիտարկել յատկապէս երկու տասնամեակ տեւած մկրտութեան յայտերու կտրուկ անկման լոյսի ներքոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2026, 10:20