Լեւոն ԺԴ․ «Աշխատիլ խաղաղութեան համար, աւելի նուազ ատելութիւն։ Փնտռել առանց զէնքի լուծումներ»
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Աղօթել խաղաղութեան համար, աշխատիլ խաղաղութեան համար, աւելի նուազ ատելութիւն։ Ատելութիւնը միշտ կը շատնայ աշխարհի մէջ»․ Լեւոն Պապը սոյն կոչը փոխանցեց լրագրողներու խումբի մը` Քասթելա Կանտոլֆոյի Վիլլա Պարպերինիի առջեւ, ուր ան անցուցած էր իր սովորական հանգստեան եւ աշխատանքի օրը։
Մինչ Միջին Արեւելքի մէջ յարձակումները կը բազմանան եւ աշխարհին մէջ վախն ու լարուածութիւնը կ՛ աճին, Քահանայապետը կը հրաւիրէ հետապնդել խաղաղութեան նպատակը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կոչ կ՛ընէ «ճշմարտապէս խթանել երկխօսութիւնը» եւ «փնտռել լուծումներ՝ առանց զէնքի, խնդիրները լուծելու համար»։
Խօսքեր, որոնք կը շարունակեն անցեալ կիրակի օրուայ Մարեմեան Աղօթքի ժամանակ արտասանուած իր խօսքը։
Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ յարձակման եւ Իրանի կողմէ Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններու ռմբակոծումներուն անդրադառնալով՝ Լեւոն ԺԴ. ըսած էր․ «Կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը չեն կառուցուիր փոխադարձ սպառնալիքներով, ոչ ալ զէնքերով, որոնք կը սերմանեն կործանում, ցաւ եւ մահ, այլ միայն՝ բանական, անկեղծ եւ պատասխանատու երկխօսութեան միջոցաւ։ Ահռելի ողբերգութեան հնարաւորութեան դիմաց, ես կը դիմեմ ներգրաւուած կողմերուն՝ սրտանց կոչ ուղղելով ստանձնելու բարոյական պատասխանատուութիւնը՝ դադրեցնելու բռնութեան այս պարոյրը, նախքան որ ան դառնայ անդառնալի անդունդ»։
«Թող դիւանագիտութիւնը,– աւելցուցած էր Նորին Սրբութիւնը Առաքելական պալատի պատուհանէն,– վերահաստատէ իր դերը եւ խթանուի ժողովուրդներու բարիքը, որոնք կը տենչան խաղաղ համակեցութիւն՝ հիմնուած արդարութեան վրայ։ Եւ շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
