Որոնել

2026.03.13 Partecipanti al Corso sul Foro interno promosso dalla Penitenzeria Apostolica

Պատերազմներու մէջ պատասխանատուութիւն ունեցող քրիստոնեաները, քաջութիւն ունի՞ն՝ լրջօրէն քննելու իրենց խիղճը․ Լեւոն ԺԴ․

Այսօր Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց խոստովանահայրերու նուիրուած Առաքելական Ատեանի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքի մասնակիցներուն․ Մեր մեղքերը ճանչնալը, մանաւանդ այս Պահոց ժամանակին մէջ, կը նշանակէ «համաձայնիլ» Աստուծոյ հետ, միանալ Անոր
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 13 մարտին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Առաքելական Ատեանի կողմէ կազմակերպուած խոստովանահայրերու կազմաւորման նուիրուած 36րդ դասընթացքին մասնակիցները։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յորդորեց «խորացնել եւ ընդլայնել ուսումնասիրութիւնները, որպէսզի Հաշտութեան Խորհուրդը միշտ աւելի խորապէս ճանչցուի, պատշաճօրէն մատուցուի եւ հետեւաբար հանգիստ ու արդիւնաւէտ կերպով ապրուի ամբողջ Սուրբ Աստուծոյ ժողովուրդի կողմէ»։

Քրիստոնեաներ, որոնք չէն օգտագործէր Հաշտութեան Խորհուրդը

Հաշտութեան Խորհուրդը պատմութեան ընթացքին նշանակալից զարգացում ապրած է՝ ըլլայ աստուածաբանական ըմբռնումէն ներս, ըլլայ մատուցման ձեւին մէջ։ Այնուամենայնիւ, կը թուայ թէ Եկեղեցւոյ ողորմութեան անսահման գանձը մկրտուածներու կողմէ «չ’օգտագործուած» կը մնայ քրիստոնեաներու անուշադրութեան պատճառաւ, որոնք ոչ հազուադէպ երկար ժամանակ կը մնան մեղքի մէջ, քան թէ կը մօտենան խոստովանարանին՝ հաւատքի եւ սրտի պարզութեամբ», նկատել տուաւ Սրբազան Պապը։

Խոստովանիլ առնուազն մէկ անգամ տարուայ մէջ

Ան, ապա, յիշեցնելով, որ 1215 թուականին Լատերանեան Դ․ ժողովը հաւատացեալներու համար սահմանեց ծանր մեղքերու խոստովանութեան պարտաւորութիւնը առնուազն տարին մէկ անգամ, մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը, թէ՝ «Ով որ կը ճանչնայ իր մեղքերը եւ զանոնք կը դատապարտէ, արդէն համամիտ է Աստուծոյ հետ։ Աստուած կը դատապարտէ քու մեղքերդ, եւ եթէ դուն ալ զանոնք դատապարտես, Աստուծոյ կը միանաս»։

«Ուրեմն, մեր մեղքերը ճանչնալը, մանաւանդ այս Պահոց ժամանակին մէջ, կը նշանակէ «համաձայնիլ» Աստուծոյ հետ, միանալ Անոր», հաստատեց հուսկ Սրբազան Հայրը։

 Հաշտության Խորհուրդը՝ «միութեան աշխատանոց», որ կը նպաստէ խաղաղութեան

Հաշտութեան Խորհուրդը «միութեան աշխատանոց» նկատելով, որ կը նպաստէ նաեւ խաղաղութեան ու միութեան մարդկային ընտանիքի մէջ, Լեւոն ԺԴ․ հետեւեալ հարցումը ուղղեց․ «այն քրիստոնեաները, որոնք զինուած հակամարտութիւններու մէջ լուրջ պատասխանատուութիւն ունին, արդեօք ունի՞ն խոնարհութիւն եւ քաջութիւն՝ լրջօրէն քննելու իրենց խիղճը եւ խոստովանելու»։

Մեղքը, ըստ Քահանայապետի, կը խզէ Աստուծոյ հետ հոգեւոր միութիւնը՝ ըլլալով մարդուն կողմէ Աստուծոյ կռնակ դարձնելու արարք մը, որ հիմնուած է մարդկային ազատութեան պարգեւին վրայ։ Այս իրողութեան մերժումը, ըստ էութեան մարդկային արժանապատւութեան թերագնահատումն է, քանի որ մարդը կը մնայ ազատ ու պատասխանատու իր արարքներու համար։

 Վերականգնել մարդկանց միութիւնը Աստուծոյ հետ՝ Հաշտութեան Խորհրդի միջոցաւ

Միայն հաշտեցուած անձն է ընդունակ ապրիլ  «զինաթափ եւ զինաթափող»  կերպով, յարեց ի վերջոյ Պապը եւ աւարտեց իր պատգամը՝ խրախուսելով խոստովանահայրերու դասընթացքին մասնակցող երիտասարդ քահանաները խորապէս գիտակցիլ Քրիստոսի կողմէ՝ Եկեղեցւոյ միջոցաւ, իրենց վստահուած վեհ խնդիրը՝ վերականգնել մարդկանց միութիւնը Աստուծոյ հետ Հաշտութեան Խորհուրդի միջոցաւ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2026, 12:51