Որոնել

2026.03.02 Membri della Facoltà Teologica Pugliese e Membri dell'Istituto Teologico di Calabria

Աստուածաբանական կրթութիւնը կը նպաստէ ծնելու քննադատական եւ մարգարէական մտածողութիւն․ Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց Փուլիայ Նահանգի Աստուածաբանական բաժնի եւ Քալապրիայի Աստուածաբանական Հիմնարկի համայնքներուն անդամներուն։․ Աստուածաբանելով միասին պիտի բացայայտէք, թէ դուք աշխատանոց մըն էք, որ կը պատրաստէ ապագայ քահանաներն ու հովուական սպասաւորները՝ եկեղեցական յարաբերութիւնները ապրելու սիւնհոդոսական ոճով
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 2 Մարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Փուլիայի Աստուածաբանական բաժնի եւ Քալապրիոյ Աստուածաբանական Հիմնարկի համայնքներուն անդամներուն։

Պէտք չէ վախնալ բաց ծովէն հաւատքը հռչակելու համար

«Կը վերյիշեմ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը՝ ուղղուած «La Civiltà Cattolica» ամսագիրի Գրողներու Խումբին, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ նաեւ ձեզի համար. «Կաթողիկէները պէտք չէ վախնան բաց ծովէն, պէտք չէ փնտռեն անվտանգ նաւահանգիստներ» (9 Փետրուար 2017)», ըսաւ Լեւոն Պապը անոնց ուղղած իր ճառին սկիզբը՝ նկատել տալով, որ ասիկա է այն վերաբերմունքը, որ «անհրաժեշտ է հաւատքը հռչակելու եւ արմատաւորելու համար այսօրեայ համածիրերուն մէջ»։

Այդ ճամբուն վրայ, ըստ Քահանայապետի, պէտք է ընթանալ երկու ուղղութիւններով՝ «մէկ կողմէ նայելով դէպի Աստուծոյ խորհուրդի խորքերը և քրիստոնէական հաւատքի բազմազան հարթութիւնները, միւս կողմէ՝ ուսումնասիրելով այլ հորիզոններ և գտնելով նոր ձևեր և նոր լեզուներ՝ պատմութեան բազմազան իրավիճակներուն մէջ Աւետարանը հռչակելու համար»։

Աստուածաբանական միացեալ մտածողութիւն

«Աստուածաբանական այդ ուղիին վրայ հնարաւոր է կառուցել միացեալ մտածողութեան հորիզոն մը եւ համախմբում մը հովուական մարտահրաւէրներուն ու աւետարանութեան պահանջներուն շուրջ» յարեց Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատելով կրթութիւնը Աւետարանը հռչակելու համար, միասին նաւարկելով «բաց ծովին մէջ»։

Ան այնուհետեւ որոշ դիտարկումներ ըրաւ միասին Աստուածաբանելու կարեւորութեան շուրջ, որ նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է «բացայայտելու համար մտածողական, հոգեւոր եւ հովուական հորիզոնները։

Ապրիլ եկեղեցական յարաբերութիւնները սիւնհոդոսական ոճով

«Աստուածաբանելով միասին պիտի բացայայտէք, թէ դուք աշխատանոց մըն էք, որ կը պատրաստէ ապագայ քահանաներ ու հովուական սպասաւորներ՝ եկեղեցական յարաբերութիւններ ապրելու սիւնհոդոսական ոճով, ուր տարբեր անձինք, սպասաւորութիւններ եւ եկեղեցական շնորհքներ փոխադարձաբար կը լրացնեն զիրար՝ յաղթահարելով ամէն տեսակ փակուածութիւն»։

Միշտ ունկնդիր ըլլալ, թէ ինչ կ՛ուզէ ըսել Տիրոջ Հոգին Եկեղեցւոյ

Ի վերջոյ, «Աստուածաբանելով միասին առաւել ընդունակ պիտի ըլլաք ընդունելու ընկերային եւ մշակութային միջավայրին հարցումներն ու մարտահրաւէրները», նշեց Լեւոն Պապը։

Ան ապա ընդգծեց, որ «Աստուածաբանական կրթութիւնը կը նպաստէ ծնելու քննադատական եւ մարգարէական մտածողութիւն մը՝ որ ի վիճակի է վնասազերծելու անտարբերութեան տրամաբանութիւնները»։

Առ այդ, Նորին Սրբութիւնը ճառն աւարտեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն` յանձնառութեան, համբերատարութեան եւ աշխատասիրութեան համար, որով կը կառուցեն այս միասնութեան ու հաղորդութեան խճանկարը՝ «միշտ ունկնդիր ըլլալով, թէ ինչ կ՛ուզէ ըսել Տիրոջ Հոգին Եկեղեցւոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2026, 11:36