Լեւոն ԺԴ. Պապը աւարտեց Մոնաքօ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձաւ Վատիկան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 28 Մարտի երեկոյեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով Մոնքաոյի Իշխանապետութիւն կատարած առաքելական միօրեայ ճամբորդութիւնը երեկոյեան ժամը 19,00ի բամանակները վերադարձաւ Վատիկան, որտեղէն Ան մեկնած էր առաւօտեան ժամը 7,05 անց ինքնաթիռով` Քահանայապետութեան Բ Միջազգային առաքելական ճամբորդութեան առիթով։
Մոնաքոյի մէջ Նորին Սրբութիւնը ունեցաւ չորս պաշտօնական հանդիպումները որոնցմէ առաջինը եղաւ Իշխանապետութեան Պալատին մէջ ուր հանդիպեցաւ Իշխան Ալպերթ Բ.ի հետ ապա բնակչութեան ուղղեց իր սրտին խօսքը որուն մէջ գովեց իշխանութեան կապը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ եւ անոր խաղաղութեան եւ հանդիպման ի սպաս կոչումը։ Ան յիշեցուց, որ նաեւ փոքր երկիրները կրնան կարեւոր դեր մը ունենալ պատմութեան մէջ, եւ հրաւիրեց իրենց շնորհքները ծառայեցնելու ընդհանուր բարիքին՝ խթանելով արդարութիւն եւ արժանապատուութիւն։ Վերջապէս, ան քաջալերեց ապրիլ հաւատքը որպէս միութեան ուժ եւ առաջնորդութիւն արդի մարտահրաւէրներուն մէջ։
Լեւոն ԺԴ. ապա հանդիպում ունեցաւ կաթողիկէ համայնքին հետ եւ այդ հանդիպման ընթացքին ուղղած խօսքին մէջ ակնարկեց Աստուծոյ ողորմած սիրոյն եւ Քրիստոսի դերի մասին` որպէս միութեան ճամբայ ամբողջ մարդկութեան համար։ Յիշեցուց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը. կառուցել հաղորդութիւն եւ եղբայրութիւն առանց խտրութեան, նաեւ բազմամշակութային միջավայրի մէջ եւ նոր արհեստագիտութիւններու միջոցաւ։
Քահանայապետը շեշտեց ապա քրիստոնէական վկայութեան, կեանքի պաշտպանութեան եւ անհատապաշտութեան ու նիւթապաշտութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը ՝ հրաւիրելով ապրելու կենդանի հաւատք մը, որ կարողանայ առաջնորդել հասարակութիւնը դէպի ընդհանուր բարիք։
Երրորդ հանդիպումը վերապահուած էր երիտասարդներուն եւ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի պատրաստուող մեծահասակներուն որոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Տեւոթան եւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսը ներկայացուց որպէս հաւատքի եւ քաջութեան օրինակներ։ Ան յիշեցուց, որ բարին միշտ կը յաղթէ չարին եւ հաւատքը կը շարունակէ ներգրաւել՝ հակառակ արդի աշխարհի շեղումներուն։ Սրբազան Պապը հրաւիրեց երիտասարդները ապրելու կենդանի յարաբերութիւն Քրիստոսի հետ՝ աղօթքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ, առանց վախի ամբողջովին նուիրուելու Աստուծոյ եւ մերձաւորներուն, դառնալով յոյսի վկաներ եւ խաղաղութեան կառուցողներ։
Լեւոն ԺԴ. վերջին պաշտօնական ելոյթը ունեցաւ պատարագի ընթացքին զոր Ան մատուցեց Իշխանապետութեան Լուի Բ մարզադաշտին մէջ եւ որուն առիթով արտասանած քարոզին կեդրոնական կոչը եղաւ «Չվարժուի՛լ զէնքերու որոտին, պատերազմական պատկերներուն»։ «Խաղաղութիւնը, ըսաւ Ան, պարզապէս ուժերու հաւասարակշռութիւն չէ, այլ մաքրուած սիրտերու գործն է, անոնց՝ որոնք միւսը կը տեսնեն որպէս եղբայր, որ պէտք է պաշտպանել, ոչ թէ որպէս թշնամի, որ պէտք է ոչնչացնել»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
