Լեւոն ԺԴ. Պապը ցաւակցագիր յղեց Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման առիթով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը խորին սուգի ու աղօթքի պատգամ մը յղեց Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ տեղապահ՝ Սենաքիի եւ Չխորոցկուի Շիօ Մետրոպոլիտին, իր ցաւակցութիւնները յայտնելով Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի մահուան գոյժին առթիւ։
Իր պաշտօնական գրութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը վեր առաւ հանգուցեալ Պատրիարքին տասնամեակներու վասնակը՝ զայն որակելով որպէս «բարութեամբ, իմաստութեամբ եւ աւետարանական կորովով լեցուն հովիւ եւ հայր»։ Պապը ընդգծեց, որ Իլիա Բ. իր երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին եղաւ Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքի անխոնջ վկան՝ առաջնորդելով վրաց ժողովուրդը պատմական դժուարին փուլերու եւ դարակազմիկ փոփոխութիւններու միջոցաւ։
Լեւոն ԺԴ. յատուկ կերպով յիշատակեց հանգուցեալ Հայրապետին սէրը հանդէպ երաժշտութեան, զայն նկատելով աստուածային գեղեցկութեան որոնման ազդակ եւ միջոց՝ ժողովուրդներն ու եկեղեցիները իրարու մօտեցնելու համար, անդին անցնելով մշակութային ու աստուածաբանական տարբերութիւններէն։
Պատգամին մէջ նաեւ նշուեցաւ Իլիա Բ.-ի ջերմ յարաբերութիւնները Վատիկանի նախորդ Պապերուն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ, որոնք միշտ ընթացած են եղբայրական սիրոյ եւ հաշտութեան ոգիով։
Յոյսի եւ յարութեան պատգամ
Յենելով Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն վրայ՝ Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ Քրիստոսի Յարութիւնը մեր հաւատքի հիմքն է. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, ի զուր է մեր հաւատքը»։ Ան յորդորեց վրաց հաւատացեալները չընկրկիլ յուսահատութեան առջեւ, այլ հաւատալ, որ կեանքը չի կորսուիր, այլ կը փոխակերպուի։
Հեռագիրի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը զօրակցութիւն յայտնեց Շիօ Մետրոպոլիտին՝ իրեն վստահուած դժուարին պարտականութեան մէջ, հայցելով Սուրբ Աստուածածնայ հովանին ու մխիթարութիւնը համայն վրաց ժողովուրդին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
