2021.08.17 Monseñor Luis Marín de San Martín

Գերապ. Մարին Լուիս տը Սան Մարթէն՝ Քահանայապետի նոր ողորմաբաշխ, Կարդինալ Քրայևսքին՝ Լոձի արքեպիսկոպոս

Լեհ կարդինալը թողուց «Բարեգործական ծառայութեան Վերատեսչութեան» Վերատեսուչի պաշտօնը՝ զայն յանձնելով Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Գլխաւոր քարտուղարութեան ենթաքարտուղարն, որուն Լեւոն ԺԴ-ը շնորհած է արքեպիսկոպոսի արժանապատուութիւն։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Սպանացի օգոստինեան միաբանութեան անդամ եպիսկոպոս Մարին Լուիս տը Սան Մարթէնը դարձաւ Քահանայապետի նոր ողորմաբաշխ։ 64-ամեայ նորանշանակ արքեպիսկոպոսը, որուն Ֆրանչիսկոս Պապը 2021 թուականին նշանակած էր Սինոդի Գլխաւոր քարտուղարութեան ենթաքարտուղար, այսօր՝ 12 Մարտին, Լեւոն ԺԴ Պապին կողմէ նշանակուեցաւ՝ փոխարինելու կարդինալ Քոնրատ Քրայևսքին, որ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր 2013 թուականից։

62-ամեայ կարդինալ Քրայեւսքին նշանակուեցաւ Լեհաստանի Լոձ Թեմի նոր մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոս՝ իր ծննդավայր քաղաքին մէջ։

Ծիրանաւորը 1982 թուականին ընդունուած էր Լոձի թեմական ճեմարան։ Աստուածաբանութեան վկայականը ստացած էր Լիուպլինի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուամբ կաթողիկէ համալսարանին մէջ, 1988 թուականին ձեռնադրուած է քահանայ։ Ան ապա ուսումը կատարելագործած է Հռոմի Սուրբ Անսելմօ Քահանայապետական Ծիսաբանական ինստիտուտի մէջ ապա մասնագիտութիւնը աւարտած է Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Քահանայապետական համալսարանին մէջ։

Ան ծառայած է որպէս Քահանայապետի Ծիսակատարութիւններու Գրասենեակի աշխատակից։

2013 թուականին Ան նշանակուած է Քահանայապետական ողորմաբաշխ և Պենեվենթոյի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս, իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ստացած է նոյն տարուայ սեպտեմբերի 17-ին։ 2018 թուականի Յունիսի 28-ի Կարդինալական Ժողովի ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը անոր շնորհեց Կարդինալական տիտղոսը։։ 2022էն մինչև այսօր Ան ծառայած է որպէս Բարեգործութեան ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 12:56